Մէկու մը անցեալը գիտնալ՝ շատ կարեւոր է: Անձի մը ծանօթանալէ առաջ, սովորութիւն դարձած է հարց տալ, թէ որո՞ւ զաւակն է ան: Կամ, ովքե՞ր եղած են անոր մեծ ծնողները, ո՞ր երկրացի, ի՞նչ դիրքի տէր, ի՞նչ համբաւ վաստակած, եւ այլն: Ուրեմն, մարդիկ սոսկ իրենց հետաքրքրութիւնը յագեցնելու համար չեն հարցաքններ ուրիշը, այլ՝ անոր անցեալին մասին որոշ տեղեկութիւններ քաղելու, եւ այդ հիման վրայ ճանչնալու անծանօթ մը:
Ասիկա յատկապէս ի յայտ կու գայ, երբ մարդիկ խնամախօսութեան համար պրպտումներ կը կատարեն անծանօթ ընտանիքի մը մասին, որ միջնորդի մը կողմէ կը ներկայացուի իրենց եւ կը փափաքի իրենց աղջիկը հարսնութեան առնել: Ընկերային կեանքի հաճելի զաւեշտներէն շատերը այս նիւթին առնչուած են: Հարցաքննող կողմը միշտ ինքզինք կատարեալը նկատելով՝ ամէնէն աննշան թերութիւնները կը սկսի յայտնաբերելու եւ խոշորացոյցով դիտելու խնամախօսութիւն խնդրող ընտանիքին վրայ: Ամէնէն ծիծաղելին այն է, որ յաճախ իրե՛նց իսկ ունեցած թերութիւնները կը տեսնեն դիմացինին վրայ՝ իրենք զիրենք ամբողջութեամբ անսխալական նկատելով…: Օրինակ ագահ ընտանիք մը, իր աղջիկը ուզող ընտանիքին համար զզուանքով կ’ըսէ. «Ի՜նչ ագահ մարդիկ են, կարելի չէ՛ ասոնց հետ խնամութիւն ընել»: Կամ, դիմագծով տգեղ մարդիկ, իրենք զիրենք գեղեցիկ տեսնելով՝ փեսայութեան եկած երիտասարդին դիմագծային տգեղութիւնը խօսքի նիւթ կը դարձնեն…: Կեանքի տարօրինակ երեւոյթներու շարքին, տակաւին շատ մը փայլուն օրինակներ չեն պակսիր բնականաբար, նաեւ այս կալուածէն ներս, սակայն մեր բուն նիւթը այս չէ՛:
Հողամշակութեան կեանքէն դէպի մեր խօսակցական լեզուի գործածութեան մտած՝ «Խոտը պոկէ, արմատի՛ն նայէ» ասացուածքը, այս իմաստով յատուկ նշանակութիւն ունի: Պարտիզպանը, որ խնամքով կը հետեւի իր ցանած տունկերուն, յանկարծ երբ նշմարէ օտար բոյս մը իր ցանքին մէջ, արմատախիլ կ’ընէ զայն, որպէսզի միւսներուն արգելք չըլլայ, կամ աճելով՝ անոնց ստանալիք սնունդը չխլէ հողէն: Սակայն անիկա չի՛ բաւարարուիր միայն հողէն պոկելով ու զայն անդին նետելով: Այլ՝ նախ կը թօթուէ անոր վրայի հողը, որպէսզի անդին նետուելէ ետք, կրկին արմատաւորուելով՝ չբուսնի ու պարտէզը չվտանգէ, եւ ապա, լաւ մը կը նայի անոր արմատներուն՝ տեսնելու համար թէ բանի կը ծառայէ՞, թէ ամբողջութեամբ անպէտք բոյս մըն է: Գիտէք, երբեմն կան վայրի բոյսեր, որոնք բուսաբաններու կողմէ յատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան եւ կ’օգտագործուին բուսաբուժութեան մէջ, կամ դեղերու պատրաստութեան կը ծառայեն:
Ահա, մարդկային կեանքն ալ գրեթէ միեւնոյն պատկերը կը ներկայացնէ: Կ’ըսեն, թէ մարդիկ երբ տեղափոխուին, իրենց պապենական բնակութեան երկրէն կամ ծննդավայրէն հեռանան, նոր շրջանակ կազմեն, նոր բարեկամներու ծանօթանան, յաճախ ուրիշներու վրայ նոր տպաւորութիւն թողելու առիթ կը բացուի իրենց դիմաց:
Ամբողջութեամբ համաձայն ենք այս տեսակէտին: Սակայն, նոյն տեսակէտը արտայայտողները կ’ըսեն նաեւ, թէ այդ իրենց դիմաց բացուող առիթը օգտագործելէ ետք, մարդիկ կը փոխուին նաեւ: Այսինքն՝ իրենց բնաւորութեան մէջ փոփոխութիւն կրնայ յառաջանալ: Այդ փոփոխութիւնը կը հասկնան երկու ուղղութեամբ՝ մէյ մը դէպի լաւ, մէյ մըն ալ դէպի վատ:
Մարդկային բնաւորութեանց վատէն դէպի լաւ փոփոխութեան օրինակները այնքան հազուադէպ ըլլալով՝ մենք ալ կը կասկածինք անոնց իսկութեան: Սակայն շատ յաճախ տեսած ենք, որ լաւէն դէպի վատ գունափոխումը՝ մարդոց սովորութեանց կամ բնաւորութեան, շատ հեզասահ եղած է: Փոփոխութեան այս ընթացքին մեծապէս կը նպաստեն կեանքի դիւրին պայմանները, դրամ ու հարստութիւն, դիրք ու փառք, պատիւ ու հանգամանք…:
Դարձեալ ժողովրդային առածը կ’ըսէ. «Գինիէն դարձած քացախը աւելի թունդ կ’ըլլայ»: Անցեալին աղքատութեան մէջ տուայտող մարդը, յետոյ երբ բախտի բերմամբ կը հարստանայ, պէ՛տք է միշտ ի մտի ունենայ իր անցեալը, եւ պահէ իր հոգեկան համեստութիւնը: Յետոյ հարստացած ու ամբարտաւանացած մարդոց համար անցեալ դարու մեր ժողովուրդին տաճկախօս սերունդը կ’ըսէր. «Յետոյ տեսածներ»: Այսպէս, անցեալին ոսկիին գոյնը չճանչցող ու ադամանդին ընդհանրապէս ինչպիսի փայլք ունենալուն մասին ենթադրութիւն կատարող աղքատը, յանկարծ հարստանալէ ետք, կը սկսի ոսկիի զտութեան ու խտութեան մասին մասնագիտաբար արտայայտուելու եւ մեծարժէք ադամանդին տաշուածքն ու ներքին լուսաջիղերը չհաւնելու…: Ասոր կ’ըսեն մէկ բառով՝ շփացածութիւն, որ մոռնալով իր անցեալը՝ նոր ոլորտներու մէջ ինքզինք Հռոմի կայսրը կը կարծէ, կամ նոր օրերուն՝ Անգլիոյ մեծահարուստ թագուհիին հետ չափուելու յանդգնութիւնը կ’ունենայ:
Այս պարագան սխալ պէտք չէ՛ ըմբռնել: Յետոյ հարստանալը յանցանք մը չէ, սակայն անցեալը մոռնա՛լն է մեծ յանցանքը: Որովհետեւ անպայման պիտի գտնուին մարդիկ, որոնք քեզ ճանչնալով՝ իրենց գլուխը ճօճելով պիտի ըսեն. «Խոտը պոկէ, արմատի՛ն նայէ»: Վա՜յ է եկեր, եթէ այդ արմատն ալ անպէտք բոյսի մը արմատը ըլլայ… այն ատեն միայն չորացումի պիտի դատապարտուի ու նոյնիսկ ուրիշներուն դեղ ու դարման ըլլալու պիտի չծառայէ…:
Մարդիկ ինչքան ալ փորձեն ձեւականութեամբ, (որ արտաքնապէս դիմացինը տպաւորելու ամէնէն գործնական միջոցը կը նկատուի), ուրիշներուն վրայ ազդել, դարձեալ կը ձախողին, որովհետեւ անպայման առիթը կը ներկայանայ՝ զիրենք խոտի նման դուրս բերելու հողէն: Անգամ մը որ դուրս բերես զիրենք հողէն ու թօթուես իրենց ոտեքրուն կպած հողը, արմատները պիտի ունենաս դիմացդ, իրենց պարզ մերկութեամբ, այսինքն՝ անձը իր իսկութեան մէջ: Այն ատեն ահա, կրնաս որոշ դատում մը կատարել՝ մանաւանդ նայելով արմատներուն ինչութեան, գործածակա՞ն, թէ անպէտք ըլլալուն:
Արմատները մեր անցեալն են, մեր նախնիքը, մեր ծնողները, նախածնողները, մեր հարազատներն ու գերդաստանը: Անոնց վրայ կառուցուած ենք մենք, մեր սովորութիւններով եւ ճաշակներով, մեր նախասիրութիւններով ու հաճոյքներով: Ահա թէ ինչո՛ւ մեզի ծանօթացող մարդիկ անպայման պիտի ուզեն անգամ մը նայի՛լ մեր արմատներուն, գրգռել մեր ոտքերուն տակ գտնուող հողը, դուրս բերել մեր ընտանիքի ծառին երբեմն շա՜տ խորունկ արմատները:
Ամէն մարդիկ տեղ մը իրարու կը հաւասարին: Այլ խօսքով՝ ամէնքս ալ խոտ ենք, հող ենք, նիւթեղէն ենք, մահկանացու ենք: Սակայն խոտն ալ, ինչպէս տեսանք, կրնայ օգտակար ըլլալ, ու բուսաբուժութեան մէջ օգտագործուիլ: Պատրա՞ստ ենք մեր անցեալին նայելու ճակատաբաց: Եթէ աղքատ էինք կամ անուս, չի՛ նշանակեր, թէ պէտք է ամչնանք: Ամչնալու պատճառները կրնան տարբեր ըլլալ, սակայն ընկերային կեանքի համեստ պայմանները, ընդհակառակը, ցմահ դաստիարակիչ կը մնան մեզի՝ հաւասարակշռելով մեր կեանքի ընթացքը, ու մանաւանդ մեզ մղելով բարեգործութեան՝ մեր անցեալի կացութեան մէջ գտնուող բազմաթիւ թշուառներուն կեանքը բարելաւելու համար: