Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի պաշտօնական կազմաւորումը ծնունդ առած է 1952ին, Լոս Անճելըսի մէջ, նախաձեռնութեամբ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքին, որուն բաղձանքին ընդառաջելով՝ Լոս Անճելըս եկած է Վիեննական Մխիթարեան ուխտէն Հ. Միքայէլ վրդ. Ագեան, իբրեւ առաջին ժողովրդապետ՝ կազմակերպելու համար Հայ Կաթողիկէ համայնքը:
Նոյն տարին, Լոս Անճելըսի արքեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Ճէյմս Ֆրանսիս Մաքնթայր, Հայ Կաթողիկէ համայնքին տրամադրած է քաղաքամէջի Թագուհի Մարտիրոսաց եկեղեցին, որ կը գտնուէր լքուած վիճակի մը մէջ: Յարաբերաբար կարճ ժամանակի մէջ, Հ. Միքայէլ վրդ. Ագեանի ջանքերով եւ հաւատացեալներու համագործակցութեամբ՝ բարենորոգուած է եկեղեցին եւ անոր կից սրահը, որուն պաշտօնական բացումը կատարուած է 1956ի Ապրիլ 29ին:
12 տարի անխոնջ ծառայութիւն մատուցանելէ ետք, Հայ Կաթողիկէ համայնքին, Հ. Միքայէլ վրդ. Ագեան Վիեննա վերադարձած է եւ զինք յաջորդած՝ դարձեալ նոյն ուխտէն՝ Հ. կղեմէս վրդ. Մորեան, իբրեւ ժողովրդապետ, որ 12 տարի պաշտօնավարութեան իր շրջանին շարունակած է իր նախորդին գործը:
1976ին, Հ. Միքայէլ վրդ. Ագեան դարձեալ վերադարձած է Լոս Անճելըս եւ վերստանձնած տեղւոյն Հայ Կաթողիկէ համայնքին ժողովրդապետութիւնը, մինչեւ 1987, իբրեւ օգնական ունենալով Հ. Գրիգոր Հեպոյեանն ու Հ. Բարսեղ Ֆէրհաթեանը: Հ. Միքայէլ վրդ. Ագեանի ժողովրդապետութեան շրջանին բացուած են Մխիթարեան հայրերու եւ Անարատ Յղութեան քոյրերու ամէնօրեայ զոյգ վարժարանները, ինչպէս նաեւ 1982էն սկսեալ հիմնուած Տիկնանց միութեան առընթեր, կեանքի կոչուած են Ծխական խորհուրդը, Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց միութիւնը, «Վերելք» թերթի յանձնախումբը, «Դանիէլ Վարուժան» Մշակութային միութիւնը եւ եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբը, ծաւալելով բեղուն գործունէութիւն մը:
1982ին Նիւ Եորքի մէջ կը հիմնուէր Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ Էկզարքութիւնը եւ առաջին էկզարք առաջնորդը կը նշանակուէր Ներսէս եպս. Սէթեան: Տարի մը ետք առաջնորդը այցելելով Լոս Անճելըս, 1983 Յունիս 8ին գումարած է խորհըրդակցական ժողով մը, Ծխական խորհուրդի անդամներով եւ չորս վարդապետներով: Գերապայծառ Սէթեան կը յայտնէ իր կամքը՝ ունենալու նոր եւ ընդարձակ եկեղեցի մը, գոհացնելու համար ստուար Հայ Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր կարիքները: Վայրը նկատ կ’առնուի Կլէնտէյլը, իբրեւ հայաշատ կեդրոն: Առ այդ, կը կազմուի յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հանգանակութեամբ եւ զանազան աշխատանքներով գոյացնել անհրաժեշտ նիւթականը, ծրագրի իրագործման համար: Յանձնախումբի գործունէութիւնը անհրաժեշտ արդիւնքի չյանգելով, եկեղեցւոյ կառուցման ծրագիրը կ’ընդհատուի:
Հայր Միքայէլ վրդ. Ագեանին յաջորդած է Հայր Մեսրոպ վրդ. Թօփալեան, որուն պաշտօնավարութեան չորս տարիներուն (1987-1991) հիմնովին նորոգուած են եկեղեցւոյ սրահն ու վարդապետանոցը, ինչպէս նաեւ սկսած է հրատարակուիլ եկեղեցւոյ «Աւետաբեր» պարբերաթերթը:
1991ին Լոս Անճելըսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ կը նշանակուի Զմմառու Պատրիարքական միաբանութենէն Հ. Ռաֆայէլ վրդ. Մինասեան: Նկատի առած այն, որ 1975 թուականէն ետք Հայ Կաթողիկէ համայնքի հաւատացեալներու թիւը մեծ նուաճում արձանագրած էր եւ քաղաքամէջի Թագուհի Մարտիրոսաց եկեղեցին նեղ կու գար հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքներուն համար, նոր ժողովրդապետին պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրէն, մտասեւեռումը կը դառնայ՝ իրագործել 1983էն ի վեր ընդհատուած ծրագիրը՝ նոր եկեղեցւոյ մը եւ համալիրի մը կառուցումը, զայն վերածելու համար հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոնի մը:
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱՌՈՒՑՈՒՄԸ
Լոս Անճելըսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետի պաշտօնին կոչուած Հայր Ռաֆայէլ վրդ. Մինասեան 1991ին, պաշտօնավարութեան իր առաջին օրերէն սկսած է իր շուրջ համախմբել համայնքի գործունեայ եւ բարերար դէմքերը, 1983էն ի վեր ընդհատուած ծրագրի իրագործման նպատակով. այն է համայնքը օժտել նոր եկեղեցիով մը: Տարիներու իր աշխատանքը կ’արդիւնաւորուի 1997ին, երբ գաղութի ծանօթ դէմքերէն՝ եկեղեցասէր բարերարներ տէր եւ տիկ. Տիմիթրի եւ Թամարա Տիմիթրիի բնակարանին մէջ տեղի կ’ունենայ հանգանակութեան հաւաքոյթ մը, ի նպաստ նոր կառուցուելիք եկեղեցւոյ: Հաւաքոյթի ընթացքին կը գոյանայ շօշափելի գումար մը, որ կը գօտեպնդէ ժողովրդապետը, իրականացնելու յանդուգն ծրագիրը:
1997ի աշնան, համայնքի գործունեայ եւ բարերար դէմքերու համագործակցութեամբ կը գնուի Կլէնտէյլի հայաշատ կեդրոնին մէջ գտնուող Լուտերական եկեղեցի մը իր հողամասով, կատարելով առաջին կէս միլիոն տոլարի վճարումը: Առաջին հերթին անհրաժեշտ կը նկատուի աղօթատեղիին հայացումը, այսինքն՝ կառուցում Ս. Խորանի մը եւ բարենորոգում յարակից շէնքի, կարելիութիւն ստեղծելու համար Ս. Պատարագի մատուցման եւ ժողովրդապետի առժամեայ կեցութեան: Այդ աշխատանքները կը ստանձնէ գաղութի եկեղեցանուէր դէմքերէն Կարպիս Ներսէսեան: Եկեղեցին կը մկրտուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անունով:
Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայացման եւ բարենորոգութեան աշխատանքները աւարտած ըլլալով, 1998 Մարտ 29ին տեղի կ’ունենայ եկեղեցւոյ պաշտօնական բացումը: Ամերիկայի եւ Գանատայի հայ կաթողիկէ թեմի օրուան առաջնորդը՝ Յովհաննէս եպս. Դերձակեան, կ’օծէ եկեղեցւոյ վէմ քարը:
Համայնքը օժտուած ըլլալով երկրորդ եկեղեցիով մը, անհրաժեշտ կարիքը կը զգացուի հոգեւորականներու, օգնելու համար ժողովրդապետին: Առ այդ, 1998 Հոկտեմբերին Լոս Անճելըս կը ժամանէ Հ. Անդրանիկ վրդ. Ադամեան, ստանձնելով քաղաքամէջի Թագուհի Մարտիրոսաց եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը: Նոյն տարուան Սեպտեմբերին Լոս Անճելըս կու գայ Հ. Գրիգոր վրդ. Շահինեան, իբրեւ օգնական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետին եւ պատասխանատու Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց միութեան:
1999 Օգոստոս 15ին տեղի կ’ունենայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր կառոյցին հիմնարկէքը: Այնուհետեւ մեծ թափով կը սկսին համալիրի կառուցման աշխատանքները, ճարտարապետութեամբ Արամ Ալաճաճեանի եւ Սարգիս Մարքուծիի: Նոր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը կառուցուի Յուշակոթող մը, որուն վրայ պիտի քանդակուէին անունները այն 1700 հայորդիներուն, որոնք հինգ հարիւր տոլար նուիրելով պիտի ուզէին մասնակցիլ եկեղեցւոյ կառուցման, նկատի առած այն՝ որ եկեղեցին կը կառուցուէր Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօնք հռչակման 1700ամեակին առիթով:
Նոր եկեղեցւոյ կառուցման բարոյական, նիւթական եւ ֆիզիքական աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ բոլոր յարանուանութեանց պատկանող մեր ժողովուրդի զաւակները անխտիր, այն խորունկ համոզումով, որ բոլորս ալ կը հաւատանք «Մէկ, Սուրբ, Ընդհանրական եւ Առաքելական Եկեղեցւոյ», հաւատոյ նոյն հանգանակը արտասանելով Ս. Պատարագի ընթացքին:
2001 Մարտ 18ը յիշատակելի օր մը կը դառնայ Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւոիչ Հայ Կաթողիկէ նորակառոյց եկեղեցւոյ եւ համայնքին համար: Այդ օր եկեղեցւոյ օծումը կը կատարէ Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ թեմի նոր առաջնորդը՝ Մանուէլ եպս. Պաթագեան:
Այնուհետեւ կը շարունակուին համալիրի մնացեալ բաժիններու՝ հանդիսասրահի, ժողովարանի, գրասենեակներու, գրադարանի եւ հովուատան շինարարական աշխատանքները:
2002 Մարտ 17ին, յատուկ հանդիսութեամբ մը կը կատարուի բացումը հանդիսասրահին, որ կը կրէ բարերար զոյգին՝ տէր եւտիկ. Ռեմոն եւ Անի Գույումճեանի անունը: Հանդիսութեան ներկայ կ’ըլլայ թեմի առաջնորդը՝ Մանուէլ եպս. Պաթագեան:
Այսպիսով իրենց լրումին կը հասնին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ համալիրի կառուցման աշխատանքները: Տակաւին կը մնային գրադարանի կահաւորումը, 1700ամեակին նուիրուած Յուշակոթողին վրայ նուիրատուներու անուններու փորագրութիւնը, եկեղեցւոյ պատուհաններուն վրայ զետեղուելիք Քրիստոսի «Խաչի ճանապարհի» հանգրուանները եւ հայ եկեղեցւոյ հիմնադիր սուրբերու քանդակներու տեղադրումը եւ եկեղեցւոյ հին նստարանները նորերով փոխարինելու գործերը: Համայնքին ժողովրդապետը՝ Հ. Ռաֆայէլ վրդ. Մինասեան, խիստ ծանրաբեռնուած ըլլալով ժողովրդապետական եւ շինարարական իր աշխատանքներով, առաջնորդ Մանուէլ եպս. Պաթագեան Կլէնտէյլ կը ղրկէ Նիւ Եորքի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Հ. Անտոն վրդ. Նորատունկեանը, իբրեւ օգնական ժողովրդապետին: Երիտասարդ հոգեւորականը 2003 Հոկտեմբեր 1ին կը ժամանէ Կլէնտէյլ, ուր մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ ժողովրդապետին, թեթեւցնելով անոր բեռը:
Տարի մը ետք, 2004 Նոյեմբեր 4ին, Հ. Ռաֆայէլ Ծ. վրդ. Մինասեան կը հրաժարի Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ համայնքի ժողովրդապետի պաշտօնէն, 14 տարուան բեղուն գործունէութիւն մը ծաւալելէ ետք:
Հ. Անտոն վրդ. Նորատունկեան կը մնայ առանձին եւ ամբողջ տարի մը ձեռնհասօրէն կը վարէ Կլէնտէյլի Հայ Կաթողիկէ ստուար համայնքին գործերը, իրեն նեցուկ ունենալով եկեղեցւոյ Ծխական մարմինը, Տիկնանց միութեան անդամուհիները եւ Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց խումբը: Իր աջալրջութեան եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, ան կը յաջողի նաեւ որոշ չափով թեթեւցնել եկեղեցւոյ հոգերը:
2005 Յունիս 8ին, Կլէնտէյլի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ կը նշանակուի Տիթրոյթի Ս. Վարդան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հ. Անտոն վրդ. Սարոյեան, որ չորս ամիս ետք ժամանելով Կլէնտէյլ, կը ստանձնէ իր պաշտօնը, իսկ Հ. Անտոն վրդ. Նորատունկեան կը վերադառնայ Նիւ Եորք, վերստանձնելով տեղւոյն Հայ Կաթողիկէ համայնքին ժողովրդապետութիւնը:
ՆՈՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏ Հ. ԱՆՏՈՆ ՎՐԴ. ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ
Իր պաշտօնավարութեան առաջին օրէն Հ. Անտոն վրդ. Սարոյեան կը նուիրուի եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու գործունէութեանց աշխուժացման, ենթակառոյցներու վերակազմակերպման եւ եկեղեցւոյ ու կից համալիրի շինարարական աշխատանքներուն մէջ անաւարտ մնացած բաժիններու ամբողջացման: Այսպէս, համալիրի ննջարանները, գրադարանը եւ գրասենեակները կ’օժտուին վարագոյրներով, կը պատրաստուին յատուկ պահարաններ խոհանոցին սպասները զետեղելու համար, իր ոչ վերջնական լրումին կը հասնի 1700ամեակի Յուշակոթողին վրայ նուիրատուներու անուններու փորագրութիւնը եւ կրանիթի աշխատանքը, եկեղեցւոյ եւ համալիրի տանիքներուն վրայ կը հաստատուին ջրուղիներ, յորդառատ անձրեւներու պարագային կառոյցը ողողումէ պահպանելու համար:
Եկեղեցւոյ կառուցման ծրագիրին մաս կը կազմէր Քրիստոսի «Խաչի ճանապարհի» հանգրուանները եւ հայ եկեղեցւոյ հիմնադիր սուրբերը պատկերացնող քանդակներու զետեղումը եկեղեցւոյ պատուհաններուն վրայ: Քանդակագործը՝ Գասպար Ղարիպեան. գործին մէկ մասը կատարուած էր, սակայն նիւթական պատճառներով գործը կիսատ մնացած էր, սպասելով նախախնամութեան օգնութեան: Շնորհիւ բարերար Ռեմոն Գույումճեանի նոր նուիրատուութեան, գործը իր լրումին կը հասնի եւ Քրիստոսի «Խաչի ճանապարհի» քանդակները եւ հայ եկեղեցւոյ հիմնադիր սուրբերը կը զետեղուին եկեղեցւոյ պատուհաններուն վրայ:
Վերջերս, եկեղեցւոյ մուտքին իրենց համար վերապահուած տեղը գրաւեցին «Օրհնեալ ջուրի» քարէ եւ պղինձէ ամանները: Նոյն եկեղեցւոյ մուտքի պատուհաններուն վրայ զետեղուեցան Հայ Եկեղեցւոյ առաջին քարոզիչ-առաքեալ սուրբերու՝ Թադէոս եւ Բարդողիմէոսի, ինչպէս նաեւ, Պետրոսի եւ Պօղոսի պղինձէ արձանները, գործ՝ արուեստագէտ պր. Սահակ Բօղոսեանի:
Ժողովրդապետը կը յաջողի նաեւ իր լրումին հասցնել համալիրի ներքնայարկի փոքր սրահին շինարարական աշխատանքները, որոնց ծախքերը կը հոգան Ժան եւ Վաչէ Շատարեւեան եղբայրները, ի յիշատակ իրենց հօրեղբօր՝ Հ. Յովսէփ Ծ. վրդ. Շատարեւեանի, որուն անունով կը կոչուի սրահը:
Հ. Անտոն վրդ. Սարոյեան, ժողովրդապետի պաշտօնը ստանձնելու առաջին իսկ ամիսներուն, նոր թափ կու տայ եկեղեցւոյ եւ ժողովրդապետութեան արտաքին յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու հետ կապերու սերտացման: Ժողովրդապետը նաեւ սերտ կապեր կը հաստատէ Կլէնտէյլի եւ շրջակայքի Հռոմէական Կաթողիկէ եկեղեցիներու ժողովրդապետներու եւ հովիւներու հետ: