Հովանաւորութեամբ «Համազգային»ի արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, յառաջիկայ Փետրուարին, Պերճ Զէյթունցեանի «Մեծ լռութիւն» թատերախաղը պիտի ներկայացնէ գաղութիս նորակազմ «Սիսիեան» թատերախումբը՝ հանրածանօթ դերասան-բեմադրիչ Րաֆֆի Սարեանի դերակատարութեամբ եւ բեմադրութեամբ:
Այս նախաձեռնութիւնն ալ «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան ցարդ կազմակերպած հրապարակային ձեռնարկներուն մէջ նորութիւն մը ըլլալով՝ բեմադրիչ Ր. Սարեանի հետ ունեցանք հարցազրոյց մը, որմէ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հետեւեալ հատուածները.
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ո՞վ է դերասան-բեմադրիչ Րաֆֆի Սարեանը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ծնած եմ Պարսկաստան: Ինքնաշխատութեամբ մայրենի լեզուիս տիրացած եմ: Մանկութենէս մեծ սէր ունեցած եմ հանդէպ մեր մշակոյթին, գիրին, պատմութեան, գրականութեան եւ յատկապէս թատրոնին:
Տարիներով եղած եմ Պասրկաստանի «Մկրտիչ Թաշճեան» թատերախումբի, ինչպէս նաեւ «Սիփան» միութեան գեղարուսետական բաժանմունքի ու «Արարատ» միութեան գործօն անդամ՝ ստանձնելով զանազան յայտագիրներու պատրաստութիւններն ու կատարումները: Ասոնց կողքին միաժամանակ, գլխաւոր դերեր կատարած եմ Րաֆֆիի «Սամուէլ», Շիրվանզադէի «Պատուի Համար» եւ այլ թատերախաղերու մէջ: Ունիմ ասմունքային ձայներիզներու շարք մը՝ մեր գրականութեան հանրայայտ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն:
Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէս ետք, 1997էն սկսեալ վարած եմ պատկերասփիւռի թիւ 30 եւ 31 կայաններէն շարք մը հերթական հաղորդումներ: Ամուսնացած եւ ընտանիքի հայր եմ: Զաւակներս ալ մեծ սիրով կապուած են մեր հայ գրականութեան եւ թատրոնին:
Հ.- Ուրկէ՞ ծնունդ առած է այս իւրայատուկ գաղափարը:
Պ.- Ինծի համար թատրոնը եղած է այն կարեւոր ձեւերէն մէկը, որովհետեւ անոր միջոցով մեր երիտասարդութիւնը կը ծանօթանայ մեր պատմութեան ու մեր գրական լեզուին: Հաւանաբար օգտաշատ որդեգրում մը նկատած եմ մեր նոր սերունդը այս ձեւով կապելու մայրենիին, միաժամանակ դաստիարակելով եւ մեր լեզուն սորվեցնելով կամ ուսուցանելով:
Իմ կեանքիս մէջ հիմնական է, որ հայը միշտ կապուած մնայ իր արմատներուն: Եթէ կրցանք այս մէկը իրագործել, արդէն ապահոված կ’ըլլանք մեր շրջապատին հայաշնորհ, հայասէր երթը այս հեւքոտ կեանքին մէջ:
Այս օրերուն, բացարձակ իրականութիւն է, որ հայ երկսեռ երիտասարդութիւնը, եթէ ոչ բոլորովին, ապա թերեւս որոշ համեմատութեամբ հեռու մնացած է մեր թատրոնէն եւ անոր որդեգրումներէն, որուն իբրեւ արդիւնք, տարիներէ ի վեր զգալի խարխափումի մէջ են հայկական թատերախումբերը:
Այսօր ինծի համար հպարտալի երեւոյթ է, որ «Համազգային»ը, իբրեւ կրթական եւ մշակութային միութիւն, ոչ միայն մօտէն կը հետեւի, այլ կ’աշխատի իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, թեւ ու թիկունք կանգնելու այս բոլորին եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը փորձէ հայ երիտասարդները ներառնել իր կազմակերպած հրապարակային բոլոր ձեռանարկներու գեղարուսետական բաժիններէն ներս, եւ ինչու չէ՝ հայ երկսեռ երիտասարդներուն գեղարուսետական հրապարակային ձեռնարկներուն քաջալեր հանդիսանալ:
Հ.- Ինչո՞ւ Պերճ Զէյթունցեանի «Մեծ լռութիւն» խաղի բեմականացումը:
Պ.- Պէտք է, ըսել, որ դիւրին գործ մը չէ այս մէկը: Զէյթունցեանի այս խաղը զուտ հայկական է իր ոգիով եւ բովանդակութեամբ: Այս մէկուն միջոցով մշակութասէր հանդիսատեսը պիտի ճանչնայ Ապրիլ 24ի ահաւոր գիշերուան ընթացքին, հայ ժողովուրդի զաւակներուն դէմ նախածրագրուած դաւին մանրամասնութիւնները: Մէկ խօսքով, անզուգական եւ մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի կեանքի վերջին օրերու ներկայացումն է՝ գեղեցիկ, լուրջ եւ պատմական տուեալներով բովնադակալից:
Միւս կողմէ, խումբին երիտասարդ դերասանները ընդհանրապէս, ու խաղին ներկայ գտնուող մշակութասէրը յատկապէս, պիտի ճանչնան մեր գրականութիւնը, մեր ճակատագիրը: Իբրեւ տարիներու փորձառութիւն ձեռք ձգած դերասան եւ բեմադրիչ, թատերախաղը իր սոսկ վիճակին մէջ չեմ պահած, այլ պահելով հանդերձ Զէյթունցեանի ոգին եւ ոճը, առանց սակայն խեղադիւրելու անոր ձեւն ու բովանդակութիւնը, անոր ամբողջ տեւողութեան, փորձած եմ զայն երաժշտութեամբ, պարով եւ լոյսերու խաղերով հարստացնել ու միաժամանակ գունաւորել՝ առաւել որակ եւ կշիռք տալով թատերախաղին:
Կը հաւատամ, որ նման նիւթի մը ներկայացման շուրջ համախմբելով թատերասէր հանրութիւնը՝ որակը պէտք է խաղայ իր բարերար դեր ու այս ձեւով ներգրաւէ մշակութասէր միտքն ու ոգին: Ու այս նպատակին համար «Համազգային»ն ու ես ոչինչ խնայած ենք:
Հ.- Քանի մը խօսք՝ «Սիսիեան» թատերախումբին մասին:
Պ.- Նախ կ’ուզեմ բացայայտել, որ թատերախումբը իր այս խաղով առաջին անգամն է, որ հանրութեան պիտի ներկայանայ:
Անկասկած, որ ինքնին այս ձեռնարկը իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ապագայի մեր ծրագրումներուն եւ խաղացանկերուն վրայ: Խումբը կը բաղկանայ 35 անդամներէ՝ 2 ու կէս տարիքէն մինչեւ մեծ տարիքաւորները: Սակայն գլխաւոր դերակատարներու թիւը 8 է: Չեմ ուզեր առաւել խորանալ հրամցուելիք նիւթին մէջ՝ բացայայտելով ամէն իրողութիւն, այլ կ’ուզեմ, որ ինք՝ հանդիսատեսը, դատէ եւ կշռէ: Սակայն կ’ուզեմ բաժնել իմ անսահման խնդակցութիւնս ու երախտիքս խումբի բոլոր դերասաններուն, մեծէն մինչեւ փոքրը, որոնք ճշդապահօրէն ներկայ կը գտնուին իրենց համար որոշուած ժամափորձերուն, ու համբերութեամբ, յարգանքով ու սիրով կ’ընդունին ամէն ցուցմունք եւ թելադրանք:
Հերթական մեր փորձերը կը կատարենք Կլէնտէյլի «Լարք» երաժշտանոցի սրահին մէջ, սիրայօժար եւ բարի կարգադրութեամբ երաժշտանոցի տնօրէն Վաչէ Պարսումեանի: Շուտով հանրութեան կը ներկայացնենք թատերասրահի վայրն ու տոմսերու արժէքները: Տեղին է նշել, թէ Համազգայինը՝ իբրեւ գլխաւոր հովանաւորող, խաղի անդրանիկ ներկայացումէն ետք կը ծրագրէ շրջաններէն ներս ալ զայն հրամցնել:
Այսպէս, Կլէնտէյլի մէջ առաջին ներկայացումէն ետք, նկատի առնուած են Հովիտ, Փասատինա, Օրէնճ Քաունթի, Մոնթեպէլլօ, Սան Ֆրանսիսքօ եւ Ֆրեզնօ:
Մեծագոյն փափաքս է, որ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ այս խումբը պահուի, որովհետեւ կը հաւատամ, որ նման թատրոնի միջոցով, հայ երիտասարդը պիտի ծանօթանայ նաեւ մեր գրականութեան եւ պատմութեան, պիտի սորվի մեր լեզուն:
Մշակութասէր մեր հանրութեան քաջալերանքը մեծապէս պիտի նպաստէ մեր այս հայապահման ծրագիրի գործադրութեան, որովհետեւ առանց հանդիսատեսի ալ թատրոն կարելի չէ պահել:
====================================================================================================
–Համազգայինի Ժամանակացոյց
1.- Արձակագիր Ստեփան Ալաջաջեանի ծննդեան 85ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւն՝ կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, ՀԲԸՄի, Թէքէեան եւ Նոր Սերունդ մշակութային միութիւններու, Շաբաթ, 24 Յունուար, 2009 երկոյեան ժամը 7:30ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ: Մուտքը ազատ:
2.- Համազգայինի «Անի» պարախումբի հիմնադրութեան 35ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ պարահանդէս: Շաբաթ, 7 Մարտ, 2009ի երկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Արարատ տան «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ: Մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել՝ (818) 303-1516:
3.- Mosaic III-հայ նուագախումբերու եւ երգիչներու համոյթ: Կիրակի, 8 Մարտ, 2009 երեկոյեան ժամը 8ին, Կլէնտէյլի Alex թատերասրահին մէջ՝ 216 N. Brand Blvd. Glendale, CA, 91202.
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար այցելել Hamazkayin.net կայքէջը: