Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնները խեղաթիւրելու իրենց մնայուն ջանքերուն մէջ, թուրք ուրացողները ամէն տեսակի հնարքներու կը դիմեն։ Անոնց վերջին ծրագիրը Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ սեպ մը խրելն է, պնդելով, որ Երեւանի իշխանութիւնները պատրաստ են Ցեղասպանութեան հարցէն հրաժարելու եւ թուրքերուն հետ հաշտուելու, եթէ չըլլայ «չարաշուք ազդեցութիւնը» Սփիւռքի հայերուն, որոնք մնայուն կերպով կ’ակնահարեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտութեան բոլոր փորձերը։
Անցեալ շաբաթ Անգարայի մէջ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան նշեց, թէ՝ «Հայկական Սփիւռքը դաւ մը կը նիւթէ»։ Մենք շատ յստակօրէն եւ սուրօրէն կը տեսնենք, որ անոնց ջանքերը կեդրոնացած են Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը օգտագործելուն վրայ։ Ասիկա շատ յստակ է։ Բայց ես նաեւ կը տեսնեմ, որ Հայաստանի ներկայի վարչամեքենան մաս չի կազմեր այդ մէկին», դիտել տուաւ ան։
Կարեւոր է նշել, որ թուրք ուսումնասիրող Թաներ Աքչամն էր, որ բացայայտեց Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ հակառակութեան վերաբերեալ վարչապետին սխալ համոզումները բաժնողներուն սուտ պատճառաբանութիւնները։ «Թարաֆ» թրքական օրաթերթի վերջին թիւերէն մէկուն մէջ, փրոֆ. Աքչամ երկար վերլուծում մը հրատարակեց այս հարցին մէջ թրքական սխալ ըմբռնումներուն եւ սխալ ներկայացումներուն մասին։ Ան դիմադրեց այն տեսակէտին թէ՝ «բարի դրացի» Հայաստանը եւ «վատ» Սփիւռքը հակասական տեսակէտներ ունին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին։ Փրոֆ. Աքչամ իրաւամբ հաստատեց, թէ բոլոր երկիրներու հայերը համաձայն են, որ 1915ին պատահածը ցեղասպանութիւն է եւ համոզուած են, որ անիկա պէտք է ճանչցուի Թուրքիոյ կողմէ։ Սակայն ան նշեց, թէ այդ ճանաչումին հետեւանքներուն շուրջ կան տարբերութիւններ հայերուն մէջ (անկախ անկէ, թէ ո՞ւր կ’ապրին անոնք)։
Փրոֆ. Աքչամ հերքեց թրքական այն պնդումը, թէ՝ «Հայկական պետութիւնը շատ հետաքրքրուած չէ Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով»։ Ըստ Աքչամի, թուրք վերլուծաբաններու մեծ մասը կը պնդէ այն սխալ համոզումը, թէ Հայաստան «լաւ» դրացի մըն է Թուրքիոյ համար, եւ թէ անիկա իր «լաւութիւնը» դրսեւորեց ««Ցեղասպանութիւն» եզրը չգործածելով եւ «ճանաչում» չպահանջելով»՝ անցեալ Սեպտեմբերին նախագահ Կիւլի Հայաստան այցելութեան ընթացքին։ Թուրք վերլուծաբաններ նաեւ կը պնդեն, թէ՝ «Հայկական պետութիւնը «վատ» Սփիւռքին ձեռքերուն մէջն է եւ անոր ազդեցութեան տակը»։ Անոնք կ’եզրակացնեն, թէ՝ «Թուրք-հայկական լարուածութիւնը վերացնելու համար, մեր «լաւ դրացի Հայաստանը» պէտք է փրկուի «վատ» սփիւռքին ձեռքէն»։
Ըստ փրոֆ. Աքչամին, թուրք վերլուծաբաններ կը դրսեւորեն այն սխալ համոզումը, թէ՝ «Հայաստանի «վատ» Սփիւռքին ազդեցութեան տակ ըլլալուն մեծագոյն պատճառը սխալ հասկցուած թրքական քաղաքականութիւններն են։ Իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանը Սփիւռքէն փրկելու համար, Թուրքիան պէտք է հրաժարի իր վատ քաղաքականութիւններէն եւ «լաւ» յարաբերութիւններ մշակէ Հայաստանի հետ։ Հետեւաբար Հայաստան պիտի կարենայ ինքզինք հեռացնել Սփիւռքի վատ քաղաքականութիւններէն, ինչպէս՝ ցեղասպանութեան ճանաչումի պնդումէն»։
Փրոֆ. Աքչամ կտրուկ կերպով հերքեց այդ ամբաստանութիւնները՝ նշելով, որ «երբ հարցը կը վերաբերի Ցեղասպանութեան ճանաչման, ապա Հայաստանն ու Սփիւռքը նոյն դիրքը ունին։ Անպատշաճ է զանազանութիւն մը դնել երկու կողմերուն միջեւ «ճանաչում պահանջողներու եւ չպահանջողներու» առանցքին վրայ։ Ճիշդ հոս եւ այս պահուս պէտք է շեշտուի, թէ որեւէ երկիր բնակող հայերը կը միաբանին այն կէտին շուրջ, թէ 1915ին պատահածը ցեղասպանութիւն էր, եւ անոնք համոզուած են, որ անիկա պէտք է ճանչցուի Թուրքիոյ կողմէ»։
Փրոֆ. Աքչամ նշեց նաեւ, թէ հայերուն միջեւ, ըլլան անոնք Հայաստանի կամ Սփիւռքի մէջ, կրնան որոշ տարբերութիւններ ըլլալ հետեւեալ ձեւի բարդ հարցերու շուրջ. «Ի՞նչ կը նշանակէ ցեղասպանութիւն ճանչնալը» կամ «Ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ պատմական անարդարութեան հետ. ի՞նչ քայլեր պէտք է առնէ Թուրքիան, որպէսզի բաւարար համարուին անոնք»։
Փրոֆ. Աքչամ ապա հարց տուաւ, թէ՝ արդեօք Թուրքիան ո՞ր ընտրանքին պիտի դիմէ՝ ճափոնական ձեւին կամ գերմանական ձեւին, իր պատմութիւնը դիմակայելու համար։ Ճափոնական ձեւը, կը բացատրէ ան, ներողամտութեան «պաղ արտայայտութիւն» մըն է։ Միւս կողմէ, գերմանական ձեւը կը պարունակէ «ընդունիլ ճանաչումէն ետք ծագող բոլոր հետեւանքները, ներառեալ՝ հատուցումը եթէ անհրաժեշտ է։ Գերմանիոյ ոտնահետքերուն հետեւելու համար, Թուրքիան պէտք է 1915ի դէպքերը ընդունի իբրեւ ցեղասպանութիւն, եւ լուրջ ջանք թափէ փոխ հատուցում տալու բոլոր անոնց, որոնք վնաս կրեցին այդ դէպքերուն, ըլլայ զգացապէս կամ նիւթապէս»։ Աքչամ այդպիսով վեր առաւ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն «արդարութեան վերականգնումիԵ» հարցը։
Ժամանակն է, որ թուրք ուրացողները ճիշդ կերպով դիմակայեն իրենց ազգի անգութ պատմութիւնը եւ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն հատուցում տալուն վրայ՝ բուժելու համար անցեալի վէրքերը, փոխանակ մեղադրանքներ ուղղելու Հայկական Ցեղասպանութեան յաջորդող սերունդներուն, ըլլան անոնք Հայաստանի կամ Սփիւռքի մէջ:
«Քալիֆորնիա Քուրիր»ի խմբագիր