Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը իր կազմակերպական տարին կը փակէ այսօր:
Ժողով, հաշուետուութիւն, քննարկում, գնահատում, քննադատութիւն, ծրագրում, ընտրութիւն՝ ղեկավար կազմի, եւ նոր շրջան թեւակոխելու պատրաստութիւն:
Մշակութային կեանքի կազմակերպումը փաստուած է, որ դժուարին առաքելութիւն է, պահանջկոտ, ջանք ու աշխատանք սպառող ոլորտ է, որուն միշտ քիչերն են, որոնք զինուորագրուած են, քիչերն են, որոնք յանձն առած են մտնել նման բեռի տակ:
Այդ իսկ պատճառով մեծապէս կը գնահատենք գաղութիս մշակութային առօրեայի կազմակերպման մէկ մասը իր վրայ վերցուցած «Համազգային»ի բոլոր անդամներու նուիրումը, աշխատանքը եւ վաստակը: Կը գնահատաենք անոնց հայ ստեղծագործ միտքի արգասիքները տարածելու, հայ արուեստի գործիչներու արտադրած հոգեկան ու նիւթական արժէքներուն տիրութիւն ընելու, զանոնք ազգային ու միջազգային շրջանակներու ծանօթացնելու ուղղութեամբ ճիգեր թափելու ծառայութիւնը:
Վերջին շրջանին ուրախութեամբ կ’արձանագրենք, որ «Համազգային»ի մէջ ակնառու դարձած է երիտասարդներու ներկայութիւնը, անոնց մասնակցութիւնն ու դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց պատասխանատուութիւններ վերցնելու, խիզախ ձեռնարկներ կազմակերպելու յանձնառութիւնը:
Պէտք է գուրգուրալ այս երիտասարդ ուժերուն, պէտք է ամէն գնով խրախուսել զանոնք, թիկունք կանգնիլ անոնց ձեռնարկումներուն, հասկնալ անոնց իւրայատուկ մօտեցումները, տեսանկիւնները, վստահելով անոնց արթնութեան, զգօնութեան, մշակոյթի ճանաչողութեան: Անոնց յաջողութիւնը մեր բոլորին ձեռքբերումն է: Անոնց ձախողութիւնները նոր սկիզբներու մեկնակէտ դարձնելը, մեր ընդհանուր վարպետութիւնը պիտի ըլլայ, մեր պատմական փորձառութենէն քաղուած դասերով:
«Համազգային»ի ութսունամեայ պատմութեան իւրաքանչիւր էջ վկայութիւն է իր հիմնադիրներու երազի իրականացման ի խնդիր տքնանքի, սերունդներ ու հատուածներ մշակութային մէկութեան գաղափարով իրարու զօդելու, կամրջելու յամառ աշխատանքներուն:
Պատմութեան այդ էջերուն մէջ իր արդար բաժինը ունի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու կազմակերպական շրջանը, որ, հազար անգամ կրկնուած բանաձեւումով, դժուարին, այլասերող, հարթեցնող ու համասեռող պայմաններու տակ, եռանդ չէ խնայած փնտռելու այն կախարդական լուծումը, որուն շնորհիւ պիտի կարենայ հայ մարդուն ու երիտասարդին ներարկել սեփական ազգի մշակոյթին հանդէպ յարգանք ու ակնածանք տածելու զգացում, ինքնավստահութիւն, համամարդկային ու միջազգային արժէքներու մեծութեանց առջեւ չընկըրկելու համար՝ բաւարար գիտակցութիւն:
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի իւրայատկութիւններու լոյսին տակ, առաւել եւս կարեւոր կը դառնայ մշակութային արժէքներու ընդհանրութեան ճամբով աշխարհագրական տարբեր շրջաններու ազդեցութիւններով իրարմէ մասամբ օտարացած, իրարու հետ հաղորդակցելու վարժութիւնը կորսնցուցած կամ այդ մարզին մէջ միշտ պակասաւորութենէ տառապող հատուածները իրար մօտեցնելու, իրարու շաղկապելու աշխատանքը:
Հայաստանի մէջ, պետական մակարդակով կը կազմակերպուի «մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» նշանաբանով տարածուած ծրագիրներ: Մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կը հաւաքուին ու անկէ նաեւ մարզային կեդրոններ, գիւղական շրջաններ կ’երթան հայ արուեստի իրենց մեկնաբանութիւնը ազգակիցներուն ծանօթացնելու առաքելութեամբ ճամբայ ելած խումբեր:
Մեր գաղութին մէջ ալ նման նախաձեռնութեանց անհրաժեշտութիւնը զգալի է: Կ’արժէ մտածել, հայ մշակոյթին նուիրուած ամսուան ընթացքին մշակութային մեծ փառատօն կազմակերպելու, ամբողջ ամսուան վրայ երկարող երգի, պարի, թատրոնի, գրականութեան, նկարչութեան ցուցահանդէսներու ընդմէջէն, իսկական մշակութային հրավառութիւն մը իրականութիւն դարձնելու գաղափարին մասին՝ մասնակցութեամբ գաղութի բոլոր մշակութային օճախներուն, միաւորներուն, միութիւններուն, խմբաւորումներուն եւ անհատներուն:
Ուժն ու կարողութիւնը առկայ է այս համայնքին մէջ նման ծրագիր մը իրականացնելու համար: Այս հանգրուանին առաջարկ մըն է, որ կը ներկայացնենք ընդհանուր քննարկման:
Մշակութային կենսունակութիւն ստեղծելը հաւանաբար առաւել մտածուած, առաւել համակողմանի ծրագրումի կարիք ունի, քան առիթէ մը մեկնած կարծիքի կամ առաջարկի մը մատուցումը: Վստահ ենք, որ «Համազգային»ի շրջանային ժողովը նման համակողմանի ծրագրումի վայր մըն է:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ժողովին: