Լիբանանահայ քաղաքական գործիչներու, յատկապէս Դաշնակցական ղեկավարներու վերջին շրջանի յայտարարութիւնները, վերլուծումներն ու մեկնաբանութիւնները յստակ կը դարձնեն, թէ՝
Լիբանանահայ համայնքը տարիներ է արդէն կորսնցուցած է իր քաղաքական երբեմնի ազդեցութիւնը Լիիբանանի քաղաքական իրականութեան մէջ.
Լիբանանահայ քաղաքական ազդեցութեան դրսեւորումը հանդիսացող հայկական պլոքը քայքայուած ու պառակտուած է՝ այդ ուղղութեամբ նպատակային աշխատած ու դաւադրած արտաքին միջամտութիւններու շնորհիւ, հայութեան միասնական կամքը արտայայտող քաղաքական միաւորի մը պակասը ընդգծելով.
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն այս կացութեան շարունակումը անընդունելի կը նկատէ ու վերականգնելու համար նախկին իրավիճակը, ձեռնարկած է լայնածաւալ աշխատանքներու ծրագիրի մը, որուն մանրամասնութիւններուն ծանօթացնելու համար, «Ազդակ» օրաթերթը, բացի իր ամէնօրեայ տեղեկագրութիւններէն ու լուսաբանութիւններէն, առանձին ամսագրով մը ընտրական թղթածրարներ պիտի տրամադրէ լիբանանահայ քուէարկողներուն:
Նկատի առնելով Լիբանանի քաղաքական կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, կարեւորութիւն մը, որ կը ստանայ իր աշխարհագրական դիրքի, իր շրջանային քաղաքական, մշակութային ազդեցութեան ուժին շնորհիւ,
Նկատի առնելով լիբանանահայ համայնքի կարեւորութիւնը սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ, կարեւորութիւն մը, որ կը ստանայ իր ազգային խնդիրներու հետապնդման մէջ արդարօրէն շահած նշանակութեան ու առաջնատար դերակատարութեան,
Այս եւ յաւելեալ այլ նկատառումներէ մեկնելով՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը որոշած է համահայկական տարողութեամբ օժանդակութիւն ապահովել լիբանանահայութեան, իրականացնելու իրենց քաղաքական այս օրակարգը:
Առ այդ, մեր գաղութի ներդրումն ու մասնակցութիւնը ապահովելու համար, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն կազմած է կազմակերպիչ յատուկ յանձնախումբ մը, որ գլխաւորաբար Լիբանանի հայութեան ընտրական աշխատանքները ղեկավարող մարմինի հետ, պիտի համակարգէ այս մասնակցութիւնը, զօրաշարժի պիտի ենթարկէ Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքը ընդհանրապէս, բայց մանաւանդ այս համայնքին մէջ կարեւոր թիւ կազմող լիբանանահայութիւնը՝ ուղղորդելով անոնց քայլերը ի նպաստ այս ծրագրի գործնականացման:
«Ասպարէզ» եւս պարտականութիւններ ու պարտաւորութիւններ կը ստանձնէ այս աշխատանքներու գծով: Առաջին հերթին, «Ասպարէզ» իր էջերը լայն պիտի բանայ Լիբանանի ընտրութիւններուն հետ կապուած լրատուութեանց, օգտուելով գլխաւորաբար «Ազդակ»ի հրապարակումներէն, բայց նաեւ ձեռնարկելով ինքնուրոյն հարցազրոյցներու եւ բացատրական գրութիւններու հրապարակման, որոնք աւելի լոյս պիտի սփռեն տարուող աշխատանքներու քաղաքական հիմնաւորումներուն վրայ՝ քայլ առ քայլ նաեւ բացատրելով տեղւոյս հայ համայնքէն ու յատկապէս լիբանանահայութենէն ակնկալութիւններն ու անոնց ընելիքները, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան ներդրումը այդ մասնակցութիւնը իրականացնելու ճամբուն վրայ:
Այս առթիւ կը ներկայացնենք «Ազդակ»ի այս գծով հրատարակած առաջին
ամսաթերթի խմբագրական ծանօթագրութիւնը՝ իբրեւ նախաճաշակ գալիք հրապարակումներու: Այս մասին նաեւ տեսէք «Ասպարէզ»ի առաջին էջով տրուած լուրը՝ Լիբանանի ընտրութիւններուն մասին:
«2009ի «Ազդակ»ի առաջին ամսաթերթը լոյս կը տեսնէ նոր ձեւաչափով։ Բովանդակութիւնը ըստ էութեան հիմնական փոփոխութիւն չէր կրած, իբրեւ ներառնւած թեմաներ։ Ընթացիկ տարին լիբանանահայութեան համար յատկանշուած պիտի ըլլայ ընտրական տարիով։
Իբրեւ գաղութ՝ քաղաքական կամքի ճիշդ դրսեւորման փորձարկումի շեմին ենք։ Նաեւ իբրեւ կուսակցութիւններ, յարանուանութիւններ, միութիւններ՝ հայկական գործօնը քաղաքական բեմին վրայ հիմնովին վերականգնած տեսնելու։
Գաղութային համախմբուածութեան օրինակները շատ են։ Այս գաղութը իր ազգային-յարանուանական-քաղաքական ղեկավարութեամբ յաջողած է յաղթահարել ճգնաժամեր, մեր համայնքին գոյութեան եւ անվտանգութեան սպառնացող դժուար պահեր։ Եւ եթէ ամէնէն դժուար ու վտանգաւոր կացութիւններու մէջ մեր գաղութային հաւաքական ղեկավարութիւնը կրցած է, գաղափարական տարակարծութիւններէն եւ քաղաքական տարբեր հայեացքներէն վեր, կառչած մնալ գաղութի ամբողջականութեան սկզբունքին, հայութիւնը միակամ ներկայացնելու դրութեան պահպանումին, ապա պատճառ չկայ, որ առաջնահերթութիւնները այսօր վերագծուին միասնաբար եւ այդ ուղղութեամբ հաւաքական երթուղիներ ճշդուին։
Դաշնակցութեան՝ Լիբանանի կազմակերպութեան համապատասխան մարմիններուն ընտրաքաղաքական աշխատանքները հետզհետէ կ’աշխուժանան բնականաբար։ Յայտարարութիւններ, մամլոյ հաղորդագրութիւններ, լիբանանեան եւ հայկական լրատուամիջոցներու տրուած ասուլիսներ, հարցազրոյցներ, ժողովրդային լսարաններ՝ բոլորը պիտի գան լուսաբանելու հայութեան հաւաքական կամքի դրսեւորման եւ պետական հաստատութիւններու մէջ համայնքի իրողական ներկայացուցչութեան հաստատման հրամայականները։
Այս առումով ալ մեր ամսաթերթը հետագայ ամիսներուն պիտի ունենայ նաեւ բովանդակութեան բացատրուած բաժինի շեշտադրումը։ Այս չ’ենթադրեր անշուշտ, որ ամիսը յատկանշած հայկական տարբեր թղթածրարներու մասին ամսական յետադարձ հայեացքով արձագանգներ եւ անդրադարձներ պիտի չըլլան։ Հարցը բովանդակային նոր առաջնահերթութեան եւ նոր առանցքի ընդգծումի խնդիրն է, որ, անշուշտ, առօրեայ հերթականութեամբ օրաթերթային հրապարակումներէն ետք, պիտի խմբուին եւ համադրուին ամսաթերթի էջերուն մէջ։
Այս բացատրականը իր գործնական ընկալումը կը գտնէ, երբ թերթատենք եւ կարդանք հետագայ էջերը։
Ամիսներ մեզ կը բաժնեն Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն։ Նախընտրական այս շրջանին «Ազդակ»ի լուսարձակները բաց պիտի մնան համայնքի հաւաքական կամքի դրսեւորումն ու իրողական ներկայացուցչութիւններու ամրագրման հետամուտ՝ Դաշնակցութեան ընտրաքաղաքական բոլոր աշխատանքներուն վրայ»։