Իրաքի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան վերջ դնելու նախագահ Օպամայի յայտարարութենէն ի վեր, թուրք պաշտօնատարներ մեծ ախորժակով պատրաստուած էին շարք մը պահանջներ ներկայացնելու Միացեալ Նահանգներուն, Թուրքիոյ միջոցաւ ամերիկեան զօրքերուն տուն դարձը արտօնելու առիթին փոխարէն։
Իբրեւ ՆԱԹՕի դաշնակից մը եւ բուռն հակառակորդ մը Իրաքի պատերազմին, կ’ակնկալուէր, որ թրքական կառավարութիւնը ամէն տեսակի գոմակային օժանդակութիւն ցուցաբերէր Միացեալ Նահանգներուն՝ իրենց զօրքերը ապահով, կանոնաւոր եւ արագօրէն շրջանէն հեռացնելու համար։ Փոխարէնը, Թուրքիոյ ղեկավարները Միացեալ Նահանգներուն հեռացումը կը համարեն ոսկեայ առիթ մը, զոր կ’ուզեն առաւելագոյնս ծառայեցնել իրենց շահերուն։
Նոյնիսկ նախքան ամերիկեան կառավարութեան կողմէ Թուրքիոյ ճամբով Իրաքէն հեռանալու մասին որեւէ յայտարարութեան կատարուիլը, Անգարայի պաշտօնատարները կամաւորաբար մէջտեղ նետուեցան նեցուկ կանգնելու այդպիսի գաղափարի մը, անշուշտ բանակցութեան եւ ապա թրքական խորհրդարանին հաւանութեան պայմաններով։ Այլ խօսքով, եթէ գինը գոհացուցիչ էր եւ եթէ բոլոր թրքական պահանջները լրացուէին, ապա Թուրքիան աւելի քան ուրախ պիտի ըլլայ համաձայնելու։
Թուրք ղեկավարները նաեւ ուրախ են, որ նախագահ Օպաման պիտի աւելցնէ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան զօրքերուն թիւը՝ ուրիշ երկիրներէ եւս զօրքեր խնդրելով։ Այդ մէկը եւս մէկ առիթ է թուրքերուն համար կողոպտելու Միացեալ Նահանգները։ »Թուտէյզ Զաման« օրաթերթը մէջբերեց թուրք անանուն պաշտօնատարներու խօսքերը, թէ՝ Թուրքիան դէմ է Աֆղանիստան զօրք ղրկելուն, բացի արդէն իսկ հոն տեղաբաշխուած իր ութ հարիւր ոչ պատերազմիկ զինուորներէն։ Սակայն տրուած ըլլալով, որ Հայկական Ցեղասպանութեան նշումը կը մօտենայ, եւ կ’ակնկալուի, որ թէ՛ նախագահ Օպաման, թէ՛ Քոնկրէսը կեցուածք մը ունենան այդ հարցին նկատմամբ, Թուրքիան կրնայ իր միտքը փոխել եւ վերջապէս որոշել զօրքեր տրամադրել Աֆղանիստանին։
Ասիկա կը յիշեցնէ այն սակարկութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 2003ին, երբ Ուաշինկթըն արտօնութիւն խնդրեց Թուրքիոյ ճամբով Հիւսիսային Իրաք մտնելու։ Երկար սակարկութենէ ետք այն մասին, թէ Միացեալ Նահանգները քանի՞ միլիառ տոլար պիտի տային Անգարային այդ անցքը արտօնելու համար, թրքական խորհրդարանը մերժեց ամերիկեան դիմումը։ Այդ մերժումը ուշացուց պատերազմը, ստիպելով, որ ամերիկեան զօրքերը Միջերկրականէն՝ Պարսից ծոցի ճամբով, հասնին Իրաք։ Ատոր իբրեւ հետեւանք, ամերիկեան զօրքերը մարդկային յաւելեալ վնաս կրեցին, ստիպուած ըլլալով պատերազմելով կտրել հարաւային Իրաքը՝ հիւսիս հասնելու համար։
Կը մտածեմ, թէ ի՛նչ պահանջներ կրնան թուրքերը ընել այս անգամ, արտօնելու համար ամերիկեան զօրքերուն Թուրքիոյ ճամբով Իրաքէն հեռանալը եւ յաւելեալ թուրք զինուորներ տրամադրելու համար Աֆղանիստանին։ Արդեօք քանի՞ միլիառ տոլար պիտի պահանջեն թուրք ղեկավարները, եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման կողքին, թրքական ո՞ր քաղաքական հարցերուն վրայ պիտի փորձեն ազդեցութիւն բանեցնել։
Կը յուսանք, որ նախագահ Օպաման արժէքաւոր դասեր քաղած ըլլայ նախորդ վարչամեքենաներուն փորձառութենէն այն մասին, թէ Թուրքիան վստահելի դաշնակից մը չէ. դաս մը, որ նաեւ Իսրայէլը սորվեցաւ Կազայի վերջին տագնապին ընթացքին։
Այնպէս կը թուի, թէ զինուորական կարգ մը պաշտօնատարներ արդէն իսկ եզրակացուցած են, թէ չեն կրնար ամերիկացի զինուորներուն ճակատագիրը վստահիլ քմահաճ թուրք ղեկավարներուն։ Կ’ակնկալուի, որ ամերիկեան զօրքերը հեռանան Իրաքէն դրացի Յորդանանի եւ Քուէյթի ճամբով, որոնք ոչ մէկ պայման կամ պահանջ ներկայացուցած են ամերիկեան կառավարութեան։ Նկատի առնելով այդ երկու արաբական բարեկամական երկիրներուն ճամբով զօրքերու քաշուելուն գրաւչութիւնը՝ ամերիկեան բանակը կրնայ ամբողջապէս անտեսել Թուրքիայէն անցնելու այլընտրանքը։ Չափազանցուած պահանջներ ներկայացնելու թրքական սովորութիւնը վերջապէս սկսած է իր հետեւանքները ունենալ։
»Ասոշիէյթըտ Փրէս«ը (»Էյ.Փի.«) անցեալ շաբաթ հրապարակեց տեղեկագիր մը՝ բացայայտելով, որ ամերիկեան զօրքերը պիտի »տեղափոխուին« դէպի հարաւ (քուէյթեան սահման) եւ »դուրս գան« անապատէն, որ կը նշանակէ՝ Յորդանանէն։ »Էյ.Փի.«ն մէջբերեց Ծովուժի կեդրոնական հրամանատարութեան գոմակային սպայակոյտի պետի օգնականի փոխանորդ Թերի Մուրի խօսքը, թէ՝ »Ծովուժի զինուորները արդէն իսկ փորձարկած են Յորդանանի ճամբով ելքի ճամբաներ՝ պատրաստուելով ամբողջական ելքի 2010ին«:
Կը յուսանք, որ վերջապէս Թուրքիոյ նկատմամբ ամերիկեան հաճոյակատարութիւնը վերջ կը գտնէ։ Միացեալ Նահանգներու նախկին վարչամեքենաներուն ինչպէս նաեւ իսրայէլեան կառավարութիւններուն կողմէ գործուած սխալը այն է, թէ որքան անոնք տեղի տան թրքական շանթաժներուն, այդքան աւելի պահանջկոտ կը դառնան թուրքերը։
Անցեալին Թուրքիոյ կողմէ մնայուն կերպով սպառնական միջոցներու դիմելուն իբրեւ հետեւանք, ամերիկացի հրամանատարները լաւ պատճառ ունին մտահոգուելու Թուրքիոյ ճամբով Իրաքէն դուրս գալու այլընտրանքով։ Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ տունդարձի ճամբուն կիսուն թուրք ղեկավարները դէմ կենան ամերիկեան քաղաքականութեան մը։ Հապա եթէ թուրքերը սպառնան փակել ամերիկեան զօրքերուն ելքի ճամբան, պահանջելով, որ ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ իր վերջին մարդկային իրաւանց տեղեկագիրը, որ Թուրքիան կ’ամբաստանէ չարչարանքով, ապօրինի սպանութեամբ, արտայայտութեան սահմանափակ ազատութեամբ եւ փոքրամասնութիւններուն վրայ սահմանափակումներ դնելով:
Ամէնէն իմաստուն մօտեցումը միանգամ ընդմիշտ բոլոր այդ ձեւի պահանջներն ու սպառնալիքները վերացնելն է, յայտնելով թուրքերուն, որ եթէ ամբողջական համագործակցութիւն չցուցաբերեն Միացեալ Նահանգներուն հետ, ապա պիտի զրկուին տնտեսական կամ զինուորական օժանդակութենէ։ Վերջապէս, Թուրքիան պէտք ունի Միացեալ Նահանգներուն շատ աւելի քան Միացեալ Նահանգները՝ Թուրքիոյ։
Պէտք չէ արտօնուի, որ պոչը ըլլայ շունը շարժողը…
»Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր«