Ապրիլը կը մօտենայ: Անկախ Ապրիլէն, սակայն, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները ընդհանրապէս եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսէն ներս բանաձեւեր ներկայացնելու ու անոնց հաստաման համար հիմքերը ամրացնելու ճիգերը տեւական են ու այդպէս ալ պիտի շարունակուին, մինչեւ, որ աշխարհը վերջնականապէս գիտակցի, որ Հոլոքոսթէն մինչեւ Տարֆուր, մեղսակից է իւրաքանչիւր ցեղասպանական փորձի, արարքի, մտադրութեան, գործադրութեան, որովհետեւ քաղաքական խաղի վերածած է անոր հանդէպ իր դիրքորոշումը, որովհետեւ սեթեւեթած է բառերով, խուսափումներով, շրջանցումներով եւ մասամբ նորին:
Հիմա այս սեթեւեթանքին Թուրքիան կ’ուզէ, որ Հայաստան պետութիւնն ալ միանայ եւ թրքական դիւանագիտութիւնը լրջօրէն լծուած է համոզելու հայոց պետութեան ղեկավարները, որոնք իրենց շահերը կը պահանջեն.
Մոռնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, կամ անոր ճշմարտութեան հաստատումը կա՞մ յանցագործի հերքումն ու ուրացումը, եւ ահագին բարիքներ կը թափին Թուրքիոյ վրայէն՝ Հայաստանի գլխուն:
Մոռնալ Ղարաբաղը, թողուլ զայն ինքն իր ճակատագրին, ճնշել անոր ղեկավարութեան ու ժողովուրդին վրայ, որ յանձնեն իրենց հողերը, իրենց պաշտպանական դիրքերը, եւ կանաչ ճանապարհ կը բացուի Հայաստանի առջեւ, բոլոր ուղղութիւններով, բոլոր նպատակներու համար…
Ընդդամէնը երկու հարց, երկու կեցուածք, երկու դիրքորոշում եւ Հայաստանի հետ ամէն ինչ «բնականոն» բնութագրուելու միջազգային իրաւունք կը ստանայ, կը հանգստանան ատրպեճանական ռազմաշունչ յոխորտանքները, կը կլորնան գորշ գայլերու ժանիքները:
Հայաստան պետութեան ղեկավարութիւնն ալ, կարծես, վարակուելով սեթեւեթանքի հիւանդութենէն՝ իր ձեւն ու ոճը որդեգրած է այս հարցի կապակցութեամբ, ոճ մը, որ օրէ օր աւելի անհասկնալի կը դառնայ, չըսելու համար մտահոգիչ:
Հայկական դիւանագիտութեան մարտավարութիւնը մեծաւ մասամբ լռութեան, խորհրդապահութեան մէջ կը փնտռէ իր ճանապարհը, որուն ելքը Աստուած միայն կրնայ գիտնալ ի՛նչ փորձանքներու դուռ կրնայ բանալ մեր ժողովուրդին գլխուն:
Ղարաբաղ-Ցեղասպանութիւն, այսօրն ու պատմութիւնը չէ, որ միասին կը ներկայանան իբրեւ մարտահրաւէր հայկական դիւանագիտութեան առջեւ, այլ այսօրն ու այսօրը, որովհետեւ ընդհանրապէս այս տարածաշրջանի իրականութեան մէջ մեր պետութեան կենսունակութիւնը, մեր ազգի գոյատեւման կռուաններու յուսալիութիւնը, ամէն ինչ կախեալ է, թէ Հայաստան ինչպէ՛ս պիտի կարենայ դիմագրաւել անմիջական, կարճատեւ շահեր ապահովելու փորձութիւնը՝ ի հաշիւ երկարաժամկէտ, ռազմավարական նշանակութեամբ հարցերու կարգաւորման:
Հարեւանութիւնը, դրացի երկիրներու միջեւ բարի ու լաւ յարաբերութիւններու յառաջացումն ու պահպանումը միայն կարելի կը դառնայ դրացի ազգերու փոխադարձ անկեղծ, արդար ու ճշմարիտ սկզբունքներու վրայ հիմնուած վերաբերմունքի մշակումով: Այլապէս, այսօր, հարեւանի նեղութեան, դժուարութեան կամ խակութեան բերումով ձեռք բերուած առաւելութիւնները, ապահովուած մանր թէ մեծ շահերը ի վերջոյ, ուշ թէ կանուխ, հիմք կրնան ծառայել նոր թշնամանքներու, լարուածութեան ու տհաճ միջադէպերու:
Այդ չէ մեր ուզածը, չէ՞:
Ուրեմն, քաջ ըլլանք հիմա ու յստակացնենք մեր խնդիրները, մեր զիջելու սահմանները, մեր պահանջներու եւ իրաւուքններու շրջանակը:
Մեր ակնկալածը այդ է մեր պետութենէն: Միայն այդքան, առանց սեթեւեթանքի, առանց թաքնուելու: