ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- «Հետք» գործակալութեան թղթակից Անահիտ Դանիէլեան կը տեղեկացնէ, որ նոր հրատարակուած իր «Անաւարտ տասնամեակ» գիրքի շնորհահանդէսին ընթացքին, Ստեփանակերտի «Արմենիա» հիւրանոցին մէջ ելոյթ ունենալով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան անդրադառնալով ղարաբաղեան բանակցութեանց ներկայ ընթացքին՝ յայտարարած է. «Սկսել էինք Ղարաբաղեան հարցը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներում լուծելու ամրագրուած սկզբունքից, աւարտել արդէն Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքով»:
Նախկին նախարարը աւելցուցած է, թէ՝ «Ինչքա՛ն էլ մատրիտեան փաստաթուղթը իր մէջ պարունակում է բազմաթիւ հարցեր, որոնք մեզ համար թերեւս անընդունելի են եւ պէտք է դեռ աշխատել ու քննարկել, բայց մի սկզբունքի հարցով ես գոնէ հանգիստ եմ զգում, որ առաջին անգամ փաստաթղթային տեսք ստացաւ այն, ինչին մենք ձգտել ենք՝ սեւով սպիտակի վրայ նշւում է, որ Լեռնային Ղարաբաղն ինքը պիտի որոշի իր ճակատագիրը՝ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ»: Օսկանեանի խօսքերով, «Այն, ինչ այսօր կայ փաստաթղթային տեսքով, լաւ հիմք է ծառայում հասնելու նրան, ինչին որ ձգտել ենք՝ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջական ինքնորոշմանը»:
Ան շարունակած է ըսելով, որ փաստաթուղթը առնուազն լաւ հիմք կու տայ որեւէ պահու, եթէ ճիշդ դիւանագիտութիւն ցուցաբերուի՝ գտնուելու համար բարենպաստ իրավիճակի մէջ: Շնորհահանդէսին ներկայ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ այլ քաղաքական գործիչներ: Ներկաներուն խնդրանքով, Օսկանեան անդրադարձած է նաեւ տարածքներու հարցին: Ան տեղեկացուցած է, թէ բանակցութիւններուն մէջ միշտ ալ առկայ եղած է տարածքներու հարցը:
«Կարգաւորման գործընթացում առանց այդ տարածքները ընդհանուր բանաձեւի մաս դարձնելու ուղղակի հնարաւոր չի բանակցել: Կամ ընդհանրապէս չպիտի բանակցել, կամ, եթէ բանակցութիւնների մէջ ես, ապա բնականաբար առնչւում ես այդ հարցերի հետ», շեշտած է Օսկանեան:
«Սիվիլիթաս» վերլուծական կեդրոնի հիմնադիր Վարդան Օսկանեան խօսած է նաեւ տարածաշրջանային ներկայ զարգացումներուն մասին, որոնցմէ ամէնէն մտահոգիչը նկատած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացին մէջ տեղ գտած զարգացումները:
Անոր համոզումով, հայ-թրքական օրակարգին վրայ այսօր Լեռնային Ղարաբաղի հարց չկայ եւ չէ եղած, սակայն, ըստ անոր, «Մեզանից անկախ այսօր այդ առնչութիւնները ստեղծուել են», բան մը որուն մէջ վտանգ կը տեսնէ պարոն Օսկանեանը: «Ճիշդ է, մեր իշխանութիւնները երբե՛ք չեն գնայ նրան, որ թուրքերի հետ Ղարաբաղի հարց քննարկեն, բայց մենք մտել ենք մի այնպիսի գործընթացի մէջ, որի վրայ ազդեցութիւնն ու վերահսկողութիւնն արդէն կորցրել ենք», իր կարծիքը յայտնած է Վ. Օսկանեան՝ գտնելով, որ Ապրիլ 22ին յայտարարուած համաձայնութենէն ետք Թուրքիա կ՛ուզէ «Ղարաբաղի հարցում եւս ինչ-որ մի բան ստանալ, որպէսզի բացէն սահմանը եւ ատրպեճանական կողմը դժգոհ չլինի»:
«Մեր դիւանագիտութեան հիմնական թերացումն այսօր կայանում է նրանում, որ այն գործընթացը, որ կար եւ շարունակւում է այսօր, գաղտնի բանակցութիւններից վերածեցին հրապարակայինի: Երբ բանակցութիւնները գաղտնի էին, թուրքերը հնարաւորութիւն չունէին ո՛չ բովանդակութիւնը, ո՛չ գործընթացը շահարկել. այսօր, երբ հրապարակային են, եւ բոլորը հետաքրքրութիւն են ցուցաբերում, այդ ամէնը մեր օգտին չի: Թուրքերի կողմէ՝ գործընթացը շահարկելու քաղաքականութիւնը, շատ աւելի արդիւնաւէտ է», եզրափակած է նախկին նախարարը: