ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի կազմակերպած ձեռնարկը, որ նուիրուած էր Ապրիլեան Նահատակներու յիշատակին, տեղի ունեցաւ 26 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 6ին, «Ֆերահեան» վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ։ Բացումը կատարեցին ՀՄԸՄի սկաուտներն ու կակուղ թաթիկները՝ փողերախումբի ընկերակցութեամբ, ապա ամերիկեան եւ Հայաստանի քայլերգը երգեց Թուխման Խաչատուրեան՝ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յովիկ Քէօշկէրեանի։
Ձեռնակին պաշտօնական բաժինը սկսաւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի աղօթքով։ Հանդիսավար Դալար Տէրտէրեան՝ ՀԵԴ «Սարտարապատ» ուխտէն, բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի անդամուհիներէն Մարալ Վարժապետեանը, որ արտասանեց իր կողմէ համադրուած բանաստեղծութիւններու փունջ մը, որ կը գծէր վերջին հարիւրամեակի ընթացքին հայ ժողովուրդին անցած տառապանքի, պայքարի, յոյսի ու հաւատքի ճամբան։ Անգլերէնով, ՀԵԴ «Սարտարապատ» ուխտին պատգամը փոխանցեց Սէմ Պէպէքեան, ապա երգիչ Շահէ Սգայեան երգեց «Գարահիսար Լերան Կրծքին» եւ «Ճշմարտութիւն» երգերը։
ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Քեռի Թրթռեան, որ շեշտեց այն կէտը, թէ մենք պէտք է աշխատանք տանինք, որ օտարներ նպաստեն մեր պահանջատիրական պայքարին, սակայն բուն աշխատանքը կ’իյնայ մեր եւ միայն մեր ուսերուն վրայ։ Մենք պէտք է պահենք այն արժէքները, որոնց համար զոհուեցան մեր նահատակները։
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կը ներկայացնէր հացադուլի ճամբով ՀԵԴի բողոքի արտայայտութիւնը, ի տես Թուրքիոյ կառավարութեան ուրացման քաղաքականութեան։
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր գործիչ եւ իրաւաբան Սեդօ Պոյաճեան։ Ան նախ ներկայացուց Թուրքիոյ աշխարհագրական դիրքին կարեւորութիւնը, որուն համար ան կը շոյուի Արեւմուտքին կողմէ։ Ան փորձեց ցոյց տալ, որ Թուրքիոյ աշխարհագրական կարեւորութիւնը իր արեւելեան շրջանէն, այսինքն՝ Պատմական Հայաստանէն կը բխի, որուն մէկ մասը այսօրուան Հայաստանի հանրապետութիւնն է, եւ ճիշդ ատոր համար է, որ արեւմտեան պետութիւնները այնքան կը ճնշեն Հայաստանի վրայ, որ անպայման բարի դարցիութիւն հաստատէ Թուրքիոյ հետ, որպէսզի իրենք կարենան լրիւ օգտուիլ ստեղծուելիք բարենպաստ պայմաններէն։ Այդ ճնշումներուն տակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Ապրիլ 22ին, մեզի համար սրբագործուած Ապրիլ 24ի նախօրէին, հանդէս եկաւ Թուրքիոյ արտաքին նախարարութեան հետ համատեղ յայտարարութեամբ մը, որ կը յայտնէր «Ճամբու քարտէս»ի որդեգրումը՝ զոյգ պետութեանց կողմէ։ Այդ յայտարարութիւնը ժպիտներով ողջունուեցաւ զայն ցանկացողներուն կողմէ, բայց սառը ջուրի պէս թափեցաւ գրեթէ ամբողջ հայութեան գլխուն՝ յառաջացնելով յուսախաբութիւն, զայրոյթ ու դատապարտում։ Իր բողոքը արտայայտելու համար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը որոշեց հրաժարիլ Հայաստանի համախոհական կառավարութենէն եւ դառնալ ընդդիմադիր, առանց սակայն միանալու արմատական ընդդիմութեան, որուն միակ նպատակն է իշխանափոխութիւնը, իսկ ՀՅԴի նպատակը պիտի ըլլայ պահպանել հայ պետականութեան կայունութիւնը, միաժամանակ ջանք թափելով, որ ազգային շահերը զոհ չերթան սխալ մտածողութեանց եւ սխալ գործելաձեւերու։
Ապա, «Ֆերահեան» վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները հրամցուցին ազգային երգերու փունջ մը՝ ղեկավարութեամբ Ալֆրէտ Մարտոյեանի, բուռն ծափահարութիւն խլելով ներկաներէն։
Այնուհետեւ, «Համազգային»ի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբը ներկայացուց «Անտառ» եւ «Սասնայ Սարեր» պարերը։
Յայտագիրը վերջ գտաւ Աւօ Աշճեանի կողմէ ներկայացուած ազգային երգերով։