ԹԻՖԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Վրաստանի իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Մայիս 5ին յայտարարեցին, թէ դարձեալ կրցած են առաջքը առնել մայրաքաղաքին մօտերը գտնուող զօրանոցի մը մէջ ծրագրուող պետական հարուածի փորձի մը՝ անգամ մը եւս Ռուսիան ամբաստանելով զայն կազմակերպելու յանցանքով:
Մոսկուա անմիջապէս հակադարձելով՝ անհիմն համարեց ամբաստանութիւնը եւ աւելցուց, թէ Թիֆլիս նման միջոցառումներու կը դիմէ ուշադրութիւնը հակակառավարական ցոյցերուն վրայէն հեռացնելու նպատակով:
Յատկանշական է, որ այսօր, Մայիս 6ին, Վրաստանի մէջ պիտի սկսին ՆԱԹՕի ռազմափորձերը, որոնց խստօրէն կ՛ընդդիմանայ Ռուսիան:
Երեքշաբթի օր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ որոշած է չմասնակցիլ Մայիս 19ին կայանալիք Ռուսիա-ՆԱԹՕ ժողովին՝ բողոքելով երկու ռուս դիւանագէտներ արտաքսելու ՆԱԹՕի որոշումին դէմ:
Միւս կողմէ, Վրաստանի կառավարութեան ընդդիմացող ցուցարարները յայտարարեցին, որ կը պատրաստուին մայրաքաղաք Թիֆլիս առաջնորդող գլխաւոր ճամբաները փակելու՝ պարտադրելու համար Վրաստանի արեւմտամէտ նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլիին, որ հրաժարի իր պաշտօնէն: Ապրիլ 9ին սկսած ցոյցերուն մասնակցողներուն թիւը նուազած է, սակայն ընդդիմութիւնը կը հերքէ այն պնդումները, թէ արշաւը իր աշխուժութիւնը կորսնցուցած է։
Սահակաշվիլի կը մերժէ հրաժարիլ եւ իշխանութիւնները, որոնք կը զգուշանան 2007ին տեղի ունեցած զանգուածային ցոյցերուն բռնի ցրուումի մահացու միջադէպին կրկնութենէն, խոստացած են աւելի համբերատար ըլլալ։