ՄԵՔՍԻՔՕ ՍԻԹԻ, «Ռոյթըրզ».- Նախապէս խոզային հարբուխ կոչուող, իսկ անցեալ շաբաթ «A(H1N1)» գիտական անունը ստացած հարբուխի համաճարակը առնուազն 2.3 միլիառ տոլարի վնաս մը պատճառած է Մեքսիքայի մէջ, ըստ պետական տուեալներուն:
Հարբուխին կիզակէտը հանդիսացած երկիրը կը պատրաստուի աստիճանաբար բնականոն կեանքի վերադառնալու այսօր՝ Չորեքշաբթի, Մայիս 6էն սկսեալ, երբ կ՛աւարտի պետութեան կողմէ հռչակուած հնգօրեայ պարտադիր արձակուրդը, որուն նպատակն էր տարածումը զսպել: Պաշտօնատարներ կը յայտնեն, թէ վարակուածներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է երկրին մէջ:
ՄԱԿի հովանիին տակ գործող Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը Երեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ ցարդ հաստատուած են նշեալ հարբուխով վարակուածներու 1419 պարագաներ, որոնցմէ 30ը մահացած է:
Կազմակերպութիւնը սկսած է թերաճ 72 երկիրներու համար բաժնել 2.4 միլիոն հոգիի բաւարարող հակաժահրային դեղեր, որոնց մէկ մասը Մեքսիքա պիտի հասնի: