ԼՈՆՏՈՆ, «Իքոնոմիսթ».- Համաշխարհային դրամատան կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, աշխարհի տարածքին ծայրայեղ չքաւորութեան մէջ ապրող, այսինքն՝ օրական 1.25 տոլարէն նուազ գումարով ապրուստ ճարող քաղաքացիներուն համեմատութիւնը նուազած է 1990էն 2005ի միջեւ: Արդարեւ, 2005ին այդ համեմատութիւնը գրեթէ 26 տոկոս էր (կամ 1.4 միլիառ հոգի), մինչ 1990ին այդ համեմատութիւնը 42 տոկոս էր:
Ամենայատկանշական նուազումը արձանագրուած է Չինաստանի մէջ, ուր տնտեսութեան զարգացման շնորհիւ, ծայրայեղ չքաւորութեան մէջ ապրողներուն համեմատութիւնը 60 տոկոսէն իջած է 15.9 տոկոսի: Այդ անկումը աւելի նուազ եղած է Ասիոյ միւս հսկային՝ Հնդկասատանի մէջ, 51.3 տոկոսէն իջնելով 41.6 տոկոսի:
Հարաւային Ասիան կը շարունակէ մնալ աշխարհի ամենամեծ թիւով չքաւորներ ունեցող շրջանը, սակայն Ափրիկէի Սահարա անապատէն հարաւ գտնուող շրջանը կը մնայ ամենամեծ համեմատութեամբ չքաւորներ ունեցող շրջանը:
Հոն եւս, ծայրայեղ չքաւորութեան համեմատութիւնը 2005ին իջած է 50.9 տոկոսի՝ 1990ին արձանագրուած 57.6 տոկոսին փոխարէն: