ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
ՀՄԸՄական աւանդոյթին համաձայն, պէտք է իրեն դիմեմ՝ եղբայրով: ՀՄԸՄականները իրարու այդպէս կը դիմեն: Ես ՀՄԸՄական չեմ, բայց կը յարգեմ այդ մեծ կազմակերպութիւնը ու անոր նուիրեալ անդամները, եղբայրներն ու քոյրերը:
Մհեր Դաւթեանը ՀՄԸՄական է ու իր անձնական գործէն դուրս, ընտանեկան կեանքին առընթեր ունի իր կազմակերպական կեանքի առօրեան:
Շատ զարմանալի զուգադիպութեամբ, կը պատմէ ինծի Մհեր, թէ՝ գործս վատ կÿըլլայ երբ ես ՀՄԸՄի մէջ քիչ զբաղած ըլլամ: Երբ որ ծանր պարտաւորութիւններու, պատասխանատուութիւններու կամ յանձնառութիւններու տակ ըլլամ կազմակերպական կեանքի մէջ, նոյն ատեն գործս կարծես աւելի կÿաշխուժանայ, աւելի կը լաւանայ:
Հոյակապ բան է այդ զգացողութիւնը ունենալը: Շատեր, անշուշտ երբեմն իրաւացիօրէն, կը պնդեն, որ կազմակերպական կեանքը վնաս կը պատճառէ իրենց գործին, ասպարէզին: Ահա այլ գնահատում մը:
Մհեր շատ երիտասարդ տարիքին մտած է գործի ասպարէզ, սկիզբէն իսկ հիմնելով իր սեփական ընկերութիւնը՝ ցուցատախտակներու, պաստառներու, ծանուցողական եւ «տիզայն»ի հետ կապուած պատուէրներ ստանալով:
Առաջին իր խանութը, կամ աշխատատեղին, արհեստանոցը, Վըրմանթի վրայ բացած է 1983ին, Ամերիկա գալէն միայն հինգ տարի ետք:
1988ին փոխադրուած է այսօրուան «Արա՛զ Փէյսթրի»ի շէնքը, Հոլիվուտ:
1994ին, երկրաշարժի պատճառով իրենց շէնքը անապահով նկատուած է ու պարպուած վարձակալներէն. Մհեր, իր խանութի ապրանքները մեքենայի մէջ բեռնաւորելով՝ ամբողջ շաբաթ մը նոր տեղ փնտռած է:
Հիմա բաւական հանգստաւէտօրէն տեղաւորուած է Հայլընտի վրայ, Սանսէթ եւ Հայլընտ պողոտաներու խաչմերուկին մօտ, «Հոլիվուտ Հայսքուլ»ին դիմաց:
Մհեր համալսարանական կրթութեամբ չէ, որ մասնագիտացած է իր գործին մէջ:
Փոքրիկ տարիքէս ես շարունակ գծած եմ, կ՛ըսէ ան: Հայրն ալ ճաշակաւոր գծագրիչ է: Ան վաթսուն տարի առաջ Հալէպի մէջ նոյն այս գործով իր ապրուստը կը շահէր:
Գործի բնոյթը անշուշտ տարիներու ընթացքին փոխուած է: Անցեալին ամէն ինչ ձեռքով կ՛ըլլար: Աստիճաններու վրայ բարձրացած խանութներու ցուցանակներ կը գծէին, կը նորոգէին: Հիմա աշխատանքին մեծ մասը համակարգիչներով կը կատարուի ու հնարաւորութիւններ ստեղծուած են, որ հեռաւոր քաղաքներէ իսկ պատուէրներ ստանան: Համացանցի աշխարհը նոր հորիզոններ բացած է նաեւ այս ասպարէզին մէջ:
Տնտեսական ճգնաժամի մասին խօսելով՝ Մհեր, ուրիշներու նման ինք եւս կը զգայ անոր բացասական ազդեցութիւնը գործի ծաւալին վրայ: Մանաւանդ կ՛ազդուի շարժապատկերներու արտադրութեան ընթացքին ստացուած պատուէրներու ծաւալը: Արդարեւ, Մհերին ընկերութիւնը կարեւոր թիւով պատուէրներ կը ստանայ Հոլիվուտի ֆիլմաշխարհի արտադրիչներէն, յատկապէս նկարահանման վայրը յարդարելու, կառոյցներու արտաքին տեսքերը որոշ ձեւափոխումներու ենթարկելու ուղղութեամբ: Շարժապատկերի ընկերութիւններն ալ այսօր դժուարութեան մէջ են: Աւելին, Քանատայի նման երկիրներ անոնց հրապուրիչ պայմաններ կ՛առաջարկեն ու կ՛առնեն կը տանին զանոնք Հոլիվուտէն՝ վնասելով Մհերի պէս մարդոց գործին:
Մհեր շատ չէ ընկճուած այս վիճակէն: Տնտեսական ճգնաժամի բնական հետեւանքներէն են աշխատատեղիներու փակումն ու նոր աշխատատեղիներու բացումը: Նոր տեղերը կարիք կ՛ունենան իրենց արտաքին ու ներքին յարդարումները իրականացնելու Մհերի «Տիզայնըր Սայն»ի նման ընկերութեանց միջոցաւ: Այսպէս, ձեւով մը հաւասարակշռութիւն կը ստեղծուի ու գործի նահանջին առաջքը կ՛առնուի:
Մհեր ամուսնացած է 1988ին, ունի երկու աղջիկ զաւակ: Մեծը արդէն համալսարան կը յաճախէ, իսկ փոքրը «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի աշակերտ է:
Կինը՝ Սօսին, տասներկու տարի դասաւանդած է «Ալէք Փիլիպոս»ի մէջ: Հիմա ան չ՛աշխատիր՝ ընտանեկան որոշումով:
Մհերի ՀՄԸՄական կեանքը սկսած է Հալէպի մէջ՝ իբրեւ գայլիկ, որմէ ետք ան իր ՀՄԸՄական ներդրումը բերած է մարզական եւ վարչական-կազմակերպական կեանքի մասնակցութեամբ:
1988ին ընտրուած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանային վարչութեան անդամ: 1996-1998 վարած է ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան ատենապետի պաշտօնը, իսկ 2003-2007 քառամեակին համար, ընտրուած է ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ: Այս տարի վարչական իր աշխատանքներն ու պատասխանատուութիւնը սահմանափակուած են Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպման հսկայական պարտականութեամբ, որուն համար անհրաժեշտ է բազում ժամեր տրամադրել: Չմոռնանք, որ իր համոզումով, այս բազմազբաղութիւնը անպայման պիտի դրական ազդեցութիւն ունենայ իր գործին վրայ…
Տնտեսութիւնը ինք իր բացասական կնիքը կը դնէ Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպման վրայ: Վերջապէս այս հսկայածաւալ աշխատանքը մեծ նիւթական միջոցներ կը պահանջէ ու Մհերը, իր եղբայր ու քոյր ՀՄԸՄականները գլուխնին ամէն կողմ կը զարնեն, որպէսզի կարենան պահպանել Նաւասարդեանը կազմակերպողներու ստեղծած անցեալ տարիներու բարձր մակարդակը եւ փայլքը: