ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ՀՅԴ ցուցակը գլխաւորող Արծուիկ Մինասեան Մայիս 7ին «Իրաւունք de facto» ակումբին մէջ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, թէ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր գաղափարական ուղին մինչեւ վերջ, եւ բացառեց ընտրապայքարէն դուրս գալու կամ որեւէ այլ ուժի միանալու հաւանականութիւնը, նշելով, որ այս հանգրուանին համագործակցութիւն այլ քաղաքական ուժերու հետ հնարաւոր է միայն ընտրութիւններու ազատութիւնն ու արդարութիւնը երաշխաւորելու նպատակով, իսկ ընտրութիւններէն ետք՝ կարելի է համագործակցիլ եւ փոխադարձ վերահսկողութիւն գործադրել քաղաքապետական կառավարման շրջագիծէն ներս:
Ա. Մինասեան նշեց, որ Դաշնակցութեան համար էական է այն, որ մայրաքաղաքի կառավարման համակարգին մէջ ներգործող անձնակազմ ունենալու համար, պէտք է առաջնորդուիլ արհեստավարժութեան սկզբունքներով:
ԱԺ պատգամաւորի կարծիքով, ներկայիս կատարուող քարոզարշաւին մէջ որոշ քաղաքական ուժեր եւ հասարակութիւնը կրաւորական կը մնան, սակայն ան յոյս յայտնեց, որ ժամանակի ընթացքին քարոզարշաւը աւելի ներգործող պիտի դառնայ, եւ գաղափարական պայքար պիտի ծաւալի:
Դաշնակցութիւնը բազմաթիւ հանդիպումներ կազմակերպած է իր քարոզչական խումբերուն միջոցով, որոնք սովորաբար ներկայ կ՛ըլլան նմանօրինակ հանդիպումներու, իսկ ինք՝ Մինասեան, աւելի շատ հանդիպումներ կÿունենայ լրատուամիջոցներու հետ: Ան յայտարարեց, թէ ՀՅԴ նախընտրական հրամանատարութիւնը կը ծրագրէ մօտիկ ապագային «տուն առ տուն մտնելու նոր մեխանիզմ, ինչը հնարաւորութիւն կընձեռի աւելի մօտիկից շփուել ընտրողների հետ եւ ներկայացնել ՀՅԴ ծրագիրը»:
Միւս կողմէ, ՀՅԴի թեկնածուն մտահոգութիւն յայտնեց ընտրողները 5000-10000 դրամով կաշառելու երեւոյթին նկատմամբ: Ան նաեւ դատապարտեց այսպէս կոչուած «100 տոկոսանոց» ցուցակներ կազմելու գործընթացը, եւ համոզում յայտնեց, թէ նմանօրինակ ցուցակներու հեղինակները «յամենայնդէպս, ընդդիմութիւն չեն»:
Ա. Մինասեան պատմեց նաեւ ընտրական կեղծ քարոզչութիւն տանող որոշ խումբերու մասին, որոնք տուներ կ՛այցելեն եւ կը յայտարարեն, թէ՝ «Ա. Մինասեանը հանել է թեկնածութիւնը, հետեւաբար նրա օգտին չ՛արժէ քուէարկել: Աաւելի ճիշդ կը լինի քուէարկել յօգուտ ՀԱԿի»: Մինասեան դատապարտելով այսպիսի սադրանքներ՝ յայտնեց. «Այսօր մենք պէտք է համագործակցենք ընտրութիւններն արդար ու թափանցիկ անցկացնելու համար, այլ ոչ թէ խանգարենք միմեանց»: