ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի ոստիկանութեան պաշտօնական կայքէջը կը տեղեկացնէ, թէ Մայիս 7ի գիշերը, ժամը 02:00ին, Երեւանի Մարգարեան փողոցի թիւ 20/3 շէնքի մուտքին, 2 անյայտ անձինք ծեծի ենթարկած են «Շանթ» պատկերասփիւռի հաղորդավար Նուէր Մնացականեանը եւ դիմած են փախուստի: Ն. Մնացականեան փոխադրուած է «Արմենիա» հանրապետական հիւանդանոց, ապա դուրս գրուած՝ բժշկական օգնութիւն ստանալէ ետք: Այդ առթիւ սկսած է հետաքննութիւն եւ նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն:
«Շանթ»ի հաղորդավարը «Ա1+»ին հետ զրոյց ունենալով՝ պատմեց, թէ ուշ գիշեր տուն վերադարձին, իր շէնքի մուտքին նկատած էր մարզական կազմուածքով եւ գլխարկներ դրած անծանօթ երկու անձեր: «Ինչ որ բան կանխազգացի, հեռախօսը հանեցի, որ զանգեմ տղայիս: Առանց որեւէ բառ ասելու, շրջուեցին եւ խփեցին, գցեցին գետնին: Բղաւում էի, տղայիս էի կանչում: Հարեւանները շատ արագ արձագանգեցին, ինչը մեծ դեր խաղաց, որ շուտ փախչեն», յայտնեց Մնացականեան:
«Ա1+»ի զրուցավարը հարց ուղղած է, եթէ Մնացականեան յարձակումը կը կապէ վերջերս սաստկացած Գագիկ Ծառուկեան-Ահարոն Ադիբէկեան բանավէճին. «Ոորեւէ բանի հետ չեմ կապում: Այնքա՜ն այդպիսի բաներ են լինում», եղած է Մնացականեանի պատասխանը:
Այս առիթով, Հայաստանի խօսքի ազատութեան ու զանգուածային լրատուամիջոցներու կազմակերպութիւնները յայտարարութիւն մը հրապարակեցին՝ դատապարտելով լրագրողներ ահաբեկելու եւ ծեծելու երեւոյթը, որ «արդէն հասարակական աղէտ» դարձած է, ըսուած է յայտարարութեան մէջ՝ պահանջելով, որ պատկան իշխանութիւններն ու իրաւապահ մարմինները դադրեցնեն իրենց կրաւորականութիւնը եւ պատասխանատուութեան ենթարկեն առաւել սանձարձակ դարձած ազատ խօսքի յանցագործ թշնամիները: