Մէկ կողմէ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներու Ղարաբաղեան հարցի մօտալուտ լուծումը «աւետող» համանուագը, իսկ միւս կողմէ Թուրքիոյ իշխանութեան բարձրագոյն պաշտօնատարներու՝ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի ու վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի կտրուկ հաւաստիացումները ատրպէյճանցի իրենց պաշտօնակիցներուն, թէ՝ ամէն ինչ կարգին է, մի՛ մտահոգուիք, մենք ոչ սահման կը բանանք, ոչ ալ ուրիշ որեւէ ոլորտի մէջ նուազագոյն իսկ զիջում ընելու պատրաստ ենք եթէ Հայաստան Ղարաբաղի հարցով նահանջի քայլ չառնէ, եւ նահանջը պէտք է անպայման շօշափելի ըլլայ, այսինքն՝ պէտք է անպայման հող ու տարածք վերադարձուի Ատրպէյճանին, եւ դեռ ուրիշ ինչեր… Այս բոլորով հանդերձ, Ատրպէյճան անհանգիստ է, աւելին կը պահանջէ, աւելի ուժեղ հաւաստումնե՞ր, թէ աւելի շատ զիջումներ: Հաւանաբար՝ երկուքն ալ:
Այս վիճակը մեզ անհանգիստ կը դարձնէ: Մեզ չի խանդավառեր, նոյնիսկ չի մխիթարեր ատրպեճանական ու թրքական մամուլին մէջ նետուած այն միտքը, որ Ատրպէյճանը, ի վերջոյ, այսքան տարիներ ետք, բարեհաճութիւնը ունեցած է զիջում մը կատարելու եւ Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքին մասին եղած պահանջները… լսելու:
Այս աշխարհադղորդ իրագործումը մեզի կը շնորհուի թրքական միջամտութեան շնորհիւ, որուն համար ահա յաչս աշխարհին, նեղացած կը ձեւանան Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ ղեկավարները՝ հասկցնելով բոլորիս, որ այսքանո՛վ ալ պէտք է հայերը չափազանց գոհ ըլլան, չհամարձակին սպասել աւելիին ու «պարտին» քայլ առնել եւ շարժիլ՝ պարպելով իրենց համար պատմականօրէն ու ռազմականօրէն անփոխարինելի տարածքները:
Մեզի ինչ եզրակացնել կը մնայ այս բոլորէն: Ի՞նչն է մեզ անհանգստացնողը:
Յամենայնդէպս, ո՛չ հայկական դիւանագիտութեան ինքնավստահութիւնը, որ այլապէս հպարտութեան ու ներշնչումի աղբիւր կրնար դառնալ պետականութեան համը նոր մեր քիմքերուն վրայ վայելողներուս համար, ո՛չ ալ մեր հիւանդագին երեւակայութիւնն ու թերարժէքութեան բարդոյթը, որով կրնանք մեղադրուիլ իւրայիններու իսկ կողմէ. ասոնք չեն մեր անհանգստութեան պատճառները:
Անհանգիստ ենք, որովհետեւ մեր մէջ սղոսկած է կասկած մը՝ մեր պետականութեան գլուխը կանգնողներու արժէքային համակարգին մէջ ստեղծուած ճաքերուն ու ճեղքերուն վերաբերեալ: Մեր կասկածները թեւ կ՛առնեն ոչ միայն մեր դիւանագիտական անձնակազմը ղեկավարողներու կողմէ՝ իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն ոչ համարժէք լուսաբանումներէն, այլեւ՝ անիմաստ գաղտնապահութենէն այնպիսի խնդիրի մը զարգացումներուն վերաբերեալ, որ կենաց մահու արժէք ունի իւրաքանչիւր հայ մարդու համար:
Հեգնականը այն է, որ Թուրքիան գիտակից է, թէ հայ հանրութիւնը որքան զգայուն է այս հարցերով, եւ այդ գիտակցութենէն մեկնելով՝ կրնայ եզրակացնել, որ բոլորովին անհեթեթ ու անիմաստ են գաղտնի բանակցութիւնները, եթէ դռներու ետին ամբողջ ժողովուրդին կողմէ անընդունելի համաձայնութիւններ կը կնքուին: Հետեւաբար, Թուրքիան ի՛նք շահագրգիռ է բանակցութիւնները գաղտնազերծելու՝ գնահատելու համար անոնց նկատմամբ ժողովրդային հակազդեցութեան սաստկութիւնն ու կառավարելիութեան աստիճանը, եւ ըստ այնմ՝ ճշդելու իր յաջորդ քայլը:
Անհանգիստ ենք նաեւ, որովհետեւ մեր աչքին առջեւ յստակօրէն ապացուցուեցաւ, թէ ինչպիսի՛ անհեռատեսութեամբ մեր երկրի ղեկավարները հարուածեցին Հայաստանի շահերը՝ տկարացնելով ամերիկահայութեան քաղաքական ուժը, բարոյալքում մտցնելով հասարակական գործի մէջ նետուած երիտասարդ նոր խաւի մը շարքերուն մէջ:
Անհանգիստ ենք ու բացատրութիւն կը պահանջենք մեր հարցերուն: