ԵՐԵՒԱՆ.- Մայիս 15ին «Արմենիա Մարիոթ» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ամէնօրեայ բազմալեզու ելեկտրոնային թերթի շնորհահանդէսը:
«Այսօր կեանքի ուղեգիր է ստանում «Հայերն Այսօր» ելեկտրոնային թերթը: Սա լուրջ իրադարաձութիւն է ոչ միայն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, այլեւ ողջ հայութեան համար», այս առթիւ խօսք առնելով յայտնեց սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը:
Կարեւոր նկատելով ծրագրի համահայկական նշանակութիւնը՝ նախարարը ընդգծեց, որ այս թերթը լաւագոյն միջոցը պիտի դառնայ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ հիմնախնդիրներու համատեղ քննարկման:
«Ելեկտրոնային թերթի հրատարակումը կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ կոճակի ընդամէնը մէկ հպումով հնարաւոր կը լինի տեղեկանալ Հայաստանում եւ Սփիւռքում տեղի ունեցող կարեւորագոյն իրադարձութիւններին», յայտնեց նախարարը:
Թերթի գործունէութեան եւ նպատակներու մասին խօսեցաւ «Հայերն Այսօր»ի խմբագիր Գայեանէ Առաքելեան:
«Հայերն Այսօր» ամէնօրեայ ելեկտրոնային թերթը պիտի հրատարակուի արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով, իսկ շաբթուան վերջաւորութեան, լոյս պիտի տեսնէ թերթի PDF տարբերակը:
Թերթի մեկնարկին առթիւ իրենց ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքերը յայտնեցին բարերար Վահէ Կարապետեանը եւ Լոս Անճելըսի մէջ հրատարակուող «Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր Յարութ Սասունեանը: