
Հայ դպրոցը նոր սերունդի հայապահպանման դարբնոցն է։ Հոն է, որ յատկապէս պատանիին հոգին կը թրծուի հայկական ոգիով, կը լեցուի ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան զգացումներով:
Հայոց Ցեղասպանութեան 94րդ տարելիցը ոգեկոչուեցաւ «Մերտինեան» վարժարանին մէջ 23 Ապրիլին։ Ներկայ էին վեր. Յովսէփ Մաթոսեանը, Հոգաբարձութեան կազմէն՝ Աւետիս Տէմիրճեանը (փոխատենապետ) եւ Գօգօ Պալեանը։ Յայտագրին ընթացքին ելոյթ ունեցան 7րդ եւ 8րդ կարգերու աշակերտները եւ վարժարանին երգչախումբը։
Օրուան հանդիսավարը, 8րդ կարգէն Լեւոն Գալստեան, հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս պահ մը լռութեամբ յարգելու նահատակներուն յիշատակը, ապա կատարեց Հայ աշակերտին ուխտը։
Արմէն Արսլանեան, 8րդ կարգէն, ողջունեց ներկաները, բացատրեց օրուան խորհուրդը եւ աւելցուց. «Հայ երիտասարդը մեծ գործ ունի կատարելիք Սփիւռքի մէջ. մեր պարտքն է յարգել մեր նահատակները, ուխտել հայ մնալ եւ աշխարհին ծանօթացնել մեր Դատը։
Տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեան բեմ հրաւիրեց Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հովիւը՝ վեր. Յովսէփ Մաթոսեանը՝ օրուան պատգամը տալու։ «Ապրիլ 24ին մեր արիւնը կ՛եռայ, կ՛ողբանք մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն համար ու կը ցաւինք, որ Ցեղասպանութիւնը տակաւին ամբողջական ճանաչում չգտաւ. սակայն գիտակցելու ենք, թէ պատուական ցեղի մը կը պատկանինք եւ առաքելութիւնը ունինք հայկական ժառանգութիւնը պահելու՝ մեր հայրերուն հաւատքին կառչած մնալով, եւ թէ ոչ մէկ բան կրնայ մեզ Քրիստոսի սէրէն բաժնել»։
Այնուհետեւ 7րդ կարգը խմբովին արտասանեց Մուշեղ Իշխանի «Հայ Մամիկին Աղօթքը», իսկ 8րդ կարգի աշակերտներէն ոմանք ընթերցումներ կատարեցին անցեալի կամ ներկայի պետական դէմքերու խօսքերէն, ինչպէս՝ Թալիաթ փաշայի, տոքթ. Նազըմի, Մորկընթաուի։ Ապա, 8րդ կարգը արտասանեց Վահագն Դաւթեանի «Ռէքվիէմ»ը, Կրէկըրի Ապաճեան կարդաց նախագահ Օպամայի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման խոստումը՝ կատարուած 2008 Յունուարին, իսկ խումբը տպաւորիչ կերպով գոչեց. «Պարո՛ն նախագահ, մենք կը սպասենք այդ ճանաչման»։
Աշակերտական երգչախումբը երգեց «Ո՛վ Կենդանի Հաւատք Մեր Հարց», «Տէր Ողորմիա» եւ «Գովեա Երուսաղէմ»ը, որ Զատկուան երգ ըլլալով հանդերձ, յայտագրին մէջ դրուած էր, որովհետեւ, ինչպէս Յիսուս յարութիւն առաւ, քանի որ դեռ գործ ունէր կատարելիք աշխարհի երեսին, այնպէս ալ հայ ժողովուրդը յարութիւն առաւ 1915ի Եղեռնէն, որովհետեւ տակաւին գործ ունէր կատարելիք համայն մարդկութեան համար։
Փակման խօսքը կատարեց տնօրէնը՝ յիշելով Ա. Ահարոնեանի «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք» տողը. ան գնահատեց ելոյթ ունեցող աշակերտները, որոնք ուխտեցին Հայ Դատը աշխարհին ծանօթացնել, ու մաղթեց, որ անոնք արդարութիւնը անպայման տեսնեն։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց վեր. Յովսէփ Մաթոսեանին՝ օրուան պատգամին համար, նաեւ յայտագրի պատասխանատու ուսուցիչներուն եւ մասնակցող աշակերտներուն։
Յայտագիրը վերջ գտաւ վեր. Մաթոսեանի օրհնութեան աղօթքով։