ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Գիւտ արք. Նագգաշեան դադրած է Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակի պարտականութիւնները կատարելէ եւ հանգստեան կոչուած է:
Դարձեալ Ամենայն հայոցի տնօրինութեամբ, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական նոր պատուիրակ նշանակուած է Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեանը: