ՎԱՐԱՆԴ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ ՌԱՊԸՐԹ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Closet World Inc.-ի ատենապետ ու գործադիր տնօրէն Վարանդ Մելքոնեան եւ The Helios Group-ի կառավարման վերահսկիչ Ռապըրթ Սեդրակեան հետեւեալ մտքերը փոխանցած են մեզի՝ անգլերէնով: Թարգմանութիւնը կատարած է Րաֆֆի Մելքոնեան:
Մենք իբրեւ հայկական ծագումով ամերիկացիներ, իրագործած ենք հսկայ նուաճումներ:
Վերապրած ենք Ցեղասպանութիւնը, անցած ենք ովկեանոսը եւ բնակութիւն հաստատած հոս՝ Ամերիկայի ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ:
Միացեալ Նահանգներու ընձեռած առիթներով ու ամերիկեան ազատութեան օրհնութեամբ, առաջին, երկրորդ, երրորդ, չորրորդ եւ այժմ նոյնիսկ հինգերորդ սերունդի հայերը ծաղկում ապրեցան եւ իրենց ներդրումը բերին ամերիկեան կեանքի մօտաւորապէս ամէն ոլորտի մէջ անխտիր՝ գործարարութիւն, բժշկութիւն, կրթութիւն եւ արուեստ:
Մեր նուաճումներուն մակարդակը կը համապատասխանէ միմիայն մեր նպատակադրած իրագործումներուն, պայքարի եւ յաջողութիւններու ձգտումներուն՝ սակայն ոչ աւելի:
Շատ քիչերը կրնան մեզի հաւասարիլ:
Մենք նաեւ մեր ձայնը լսելի դարձուցինք բարձրօրէն ու յստակ՝ քաղաքացիական ասպարէզէն ներս, բայց պէտք է խոստովանինք, որ ոչ տակաւին՝ մեր համայնքի ընկերային եւ նիւթական կարողականութեան համապատասխան:
Յիրաւի, տասնամեակներու տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ, մենք արդէն ձեռք բերած ենք ձեռնհաս «լոպպիիստ հայեր»ու համբաւ՝ Ուաշինկթընի ամէնէն ուժեղ շահագրգռութիւններ ունեցող շրջանակներու դէմ դուրս գալով: Մենք ազդեցիկ ու կազմակերպուած ուժ դարձած ենք Ուաշինկթըն մայրաքաղաքին մէջ, իբրեւ հասարակական հեռահաս համակարգ:
Ամէն Նոյեմբերին, քաղաքական դէմքեր կը փորձեն մեզ սիրաշահիլ՝ ստանալու համար մեր զօրակցութիւնը:
Բայց, ինչպէս տեսանք Ապրիլին, մեր բոլոր նուաճումներով հանդերձ, մենք կը հանդիսանանք այնպիսի համայնք, որուն կարելի է դաւաճանել: Քուէարկողներու հանրութիւն մը, զոր կարելի է զոհաբերել օտարերկրեայ եւ դրամական ճնշումներու զոհասեղանին:
Ինչո՞ւ:
Ամենահեշտ պատասխանը պիտի ըլլար՝ մեր կառավարական համակարգին պատճառով, որ հակառակ իր խորքային զօրութեան, երբեմն շատ դանդաղ կ՛ընթանայ եւ ոչ անպայմանօրէն արդար: Ինչպէս Ամերիկայի պատմութիւնը յաճախ ցոյց տուած է, մեր հանրային քաղաքականութիւնը մեր ազգային արժէքներուն ծառայեցնելը բաւական երկար ժամանակի եւ ջանքի կարօտ գործընթաց մըն է: Իրապէս այդպէս է վիճակը, սակայն այդ կը կազմէ պատասխանին միայն մէկ մասը:
Դժուարին պատասխանը, որուն պէտք է սեւեռենք մեր մտածումները, այն է, որ մենք պարզապէս պէտք է հզօրանանք:
Մեր քաղաքացիական ձայնը պէտք է համապատասխանէ մեր տնտեսական մկաններուն:
Ինչպէս Հայ Դատի յանձնախումբը նախապէս մեր ուշադրութեան յանձնած է, որ եթէ ամերիկահայ համայնքը ընկերութիւն մը ըլլար, ապա մեր տարեկան եկամուտով, զոր ձեռք կը բերենք, պիտի գրաւէինք թիւ 65ը՝ երկրի մեծագոյն շահոյթ ունեցող 500 հաստատութիւններու ցուցակին վրայ: Այս մէկը հպարտանալու հիմք կրնայ ծառայել համայնքի մը համար, որ ոչ այնքան հեռու անցեալին, բաղկացած էր գլխաւորաբար դատարկ քսակներով այստեղ ապաստանած փախստականներէ, որոնք կ՛երազէին աւելի լաւ վիճակներ ստեղծել իրենց անձին եւ հայ ազգին համար:
Մենք այս երազը կրնանք իրականութեան վերածել՝ հայ սերունդներու կուտակած պատկառելի հարստութիւնը ծառայեցնելով մեր դերակատարութիւնը հզօրացնելու տեսլականին՝ իբրեւ լիիրաւ քաղաքացիները այս երկրին, ի խնդիր Ամերիկայի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը ձեւաւորելու գործին:
Մեր տրամադրութեան տակ գտնուող հնարաւորութիւնները կրնան մեզի համար ապահովել ազդեցութեան, ուժի եւ դերակատարութեան նոր ու շատ աւելի բարձր մակարդակ մը՝ մեզ առաւել տեսանելի դարձնելով մեր ընտրած քաղաքական այրերուն, որպէսզի, իրենց կարգին, շօշափելի արդիւնքներ ձեռք ձգեն եւ զգօնութիւնը բարձրացնեն մեր խնդիրին նկատմամբ, շատ աւելի անդին քան մայրաքաղաքի շրջագիծը, ամբողջ Ամերիկայի տարածքին զանազան համայնքներու, դասարաններու եւ քաղաքացիական ասպարէզներու մէջ:
Այս նպատակը իրագործելու համար, մենք պարտաւոր ենք օգնութեան ձեռք երկարելու հարիւրաւոր ամերիկահայ երիտասարդներու, որպէսզի կարենան գտնել կառավարական պաշտօններ, նաեւ քարոզչութեան ոլորտէն ներս դիրքեր եւ հանրային քաղաքականութեան հետ կապուած գործեր հաստատելու՝ Ուաշինկթըն մայրաքաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ պարտաւոր ենք կապեր ունենալու ամերիկեան եւ միջազգային մամուլի միջոցներուն հետ՝ յատկապէս պատկերասփիւռի կայաններուն հետ, բան մը, որ երկար ժամանակի կը կարօտի, սակայն էական աշխատանք է, որ արժանի է ներդրումներու: Եթէ ըլլան այդ ներդրումները, անկասկած մեծ արդիւնքներ պիտի ունենանք: Դուրսը, աշխատանքի դաշտին վրայ նիւթական զոհողութիւնը մեզի առիթ պիտի ընծայէ գործիչներ ուղարկելու համայնքներ, կրթօճախներ եւ համալսարաններու շրջափակեր, մարզելու համար երիտասարդներ, որոնք պիտի դառնան Հայ Դատի ազդու նուիրեալ պաշտպանները: Իսկ եթէ յայտնի դառնայ, որ անկարելի է այս հեռանկարին իրագործումը, ապա պէտք է դիմենք հեռահաս ուսում ջամբելու գործին՝ ամէնէն արդիական եւ ճարտարագիտութեամբ յագեցած ծրագիրներով, հայթայթելու համար տեղական ղեկավարներ՝ օժտուած քաղաքացիական գործունէութեան ուժեղ հմտութիւններով: Եւ այս մէկը ընդամէնը սկիզբն է:
Մենք պարտաւոր ենք իրագործելու այս ամբողջը եւ աւելին, սակայն մենք կրնանք աճիլ եւ զօրանալ, երբ մեր թիկունքին ունինք մեզի աջակցող մեր համայնքը:
Միայն այսպիսի աջակցութեամբ մենք ձեռք պիտի ձգենք հզօրութիւնը, պիտի արժանանանք յարգանքի եւ պիտի ունենանք ազդեցութիւն՝ երբեք այլեւս չխափուելու համար:
Եկէք իւրաքանչիւրս կատարենք մեր բաժինը այս տեսլականը իրականութեան վերածելու գծով՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Մայիս 31ին կազմակերպած Թելեթոնին մասին տեղեկութիւնները հասցնելով ընտանիքներու եւ բարեկամներու: