ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Երէկ՝ Մայիս 20ին, Երեւանի մէջ 51 տարեկան հասակին մահկանացուն կնքած է լրագրող, հասարակական գործիչ Այդին Մորիկեան։
Ան ծնած է 1958 թուականին Աշտարակի Օշական գիւղին մէջ: Բանասիրական կրթութիւն ստացած է Երեւանի պետական համալսարանի Ժուռնալիստական բաժնին, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի պետական համալսարանին մէջ: 1981ին անցած է լրագրողական գործունէութեան, 1987-90 թուականը վարած է «Աւանգարդ» երիտասարդական թերթի խմբագիրի տեղակալի պաշտօնը, 1990-97 թուական եղած է «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը: Ա. Մորիկեան 1990-95
թուականներուն եղած է Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, 1995-96ին վարած է տեղեկատուութեան նախարարի տեղակալի եւ Հայաստանի կառավարութեանն առընթեր տնտեսական բարեփոխումներու վերլուծական-տեղեկատուական կեդրոնի գործադիր տնօրէնի պաշտօնները:
Մորիկեան 1995-99 եղած է խորհրդարանի պատգամաւոր։ Իսկ 2000 թուականէն ի վեր, ան գլխաւոր խմբագիրն էր «Հայեացք Երեւանից» ամսագրի եւ «Օրրան» թերթի: