ԹԻՒ59
Մարդ արարածը, որքան ալ լայնատարած ըլլայ, կարողութիւն չունի միաժամանակ երկու աթոռի վրայ նստելու: Կրնայ միաժամանակ քանի մը աթոռ գրաւել, բայց կրնայ նստիլ միայն մէկ աթոռի վրայ:
Ժամանակ առ ժամանակ աթոռներուն տեսքն ու արժէքը փոփոխելի են. կան խորտ ու բորտ մեծ քարի կտորներ, որոնց վրայ նստիլը կ՛անհանգստացնէ նստողը. կան խեղճ ու անշուք խսիրէ աթոռներ, որոնց վրայ նստողը կը զգուշանայ, խսիրը կրնայ մէջը փուշեր ունենալ. կան տախտակէ պարզ շինուած աթոռներ, որոնց վրայ նստողը կը կարծէ, թէ չոր ու ցամաք գետինի վրայ նստած է. կան աշակերտական աթոռներ, կան ուսուցչական աթոռներ, կան տնօրէններու յատուկ աթոռներ, թաղականի աթոռներ, առաջնորդի, երեսփոխանի, նախարարի աթոռներ, կերպասէ ծածկուած աթոռներ, սպունգով լեցուած աթոռներ, կաշիէ աթոռներ, կան արծաթազօծ, ոսկեզօծ աթոռներ, կան, կան ու կան… մինչեւ նախագահական աթոռներ:
Նախագահ Պարաք Օպաման, համեստաբար, առաջին աթոռէն մինջեւ վերջին աթոռը «համտեսած» է, եւ գիտէ իւրաքանչիւր աթոռին «համը, հոտը եւ բուրմունքը»:
Նահանգապետ Ռատ Պլակայեւիչ ուզած է ծերակուտական Պարաք Օպամայի թափուր մնացած աթոռը արժեցնել, զայն վաճառելով արժանաւորի մը՝ Պուրրիսի:
Կառավարիչը ուզած է, որ սարդը աթոռին վրայ ոստայնը չհիւսած, ուրիշ արժանաւորի մը ծախել, որպէսզի ծերակուտականի մը աթոռը դատարկ չմնայ:
Նահանգապետ Ռատ Պլակայեւիչի բարեմտութիւնը «սխալ» հասկցուած է ունկնդրող պետական գաղտնի սպասարկութեանց կողմէ. խեղճը պատժուեցաւ ապօրինի առուծախի յանցանքով. աթոռ մը փրկելու համար զրկուեցաւ կառավարիչի իր աթոռէն: Պետութիւնը պատժեց զինք՝ աթոռը ձեռքէն առաւ:
Ուրիշին աթոռը արժեւորելու համար, իր անձնական աթոռը կորսնցուց «խեղճ» նահանգապետը:
Եթէ նահանգապետ Ռատ Պլակայեւիչ հայ ըլլար, այդ սխալը պիտի չգործէր: Աթոռին պիտի կառչէր մինչեւ վերջ, ուրիշին աթոռով պիտի չզբաղէր:
Հայը վարժուած է իր աթոռին տէր ըլլալու, մանաւանդ եթէ կարեւոր պաշտօնի մը աթոռն է իր ունեցածը: Կը նստի եւ կը պահէ նստած աթոռը՝ մինչեւ աթոռին վերջին ոտքը կամ իր վերջին շունչը:
Հայը իր աթոռը չի զիջիր ոեւէ երիտասարդի, ըսելով. «եթէ անփորձ երիտասարդը գրաւէ աթոռս, տարիներու օգտակարութիւնս ի դերեւ պիտի հանէ իր անճարակութեան պատճառով: Ընկերներս պիտի մեղադրեն զիս, հարց տալով, որ ինչո՞ւ աթոռս ձգեցի անկարող երիտասարդին»:
Հայը իր աթոռը չի ծախեր մինչեւ իսկ հարուստ կամ արժանաւոր յաջորդի մը, որովհետեւ, «փորձերը ցոյց տուած են, որ աթոռ ծախողը անօրէն գործ մը տեսած կ’ըլլայ եւ դատով, դատարանով ու օրէնքով կը պատժուի: Պատւոյ հարց է. ի՞նչ պիտի ըսեն լսողները: Ամօթ է մեզի»:
Հայը ոչ թէ ուրիշին աթոռը չուզեր ծախել, այլ նոյնիսկ իր աթոռը չուզեր ծախել, կամ վարձու տալ, այլ կը պահէ մինչեւ վերջ:
Հայը չ՚ուզեր «խըրփօ» ըլլալ…
(Ձեր արձագանգները կրնաք ղրկել MA@MassisArt.com ելեկտրոնային հասցէին, «Ասպարէզ»ին կամ ալ հեռաձայնելով 818-469-8810 կամ 323-469-8810 թիւերով)
Կը կրկնեմ «աշուղի խօսքերով. Ձախորդ օրերը ձմռան նման կու գան ու կ°երթան իսկ աթոռներն ալ ձմռան նման կու գան ու կ°երթան»