ԱՐԱՄ ՍՈՒՐԷՆ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ
Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամի հանգանակային թելեթոնի թուականը կը մօտենայ եւ մենք մեր համակիրներէն արդէն իսկ սկսած ենք ստանալ ոչ միայն նուիրատուութիւններ, այլ նաեւ արժէքաւոր բազմաթիւ առաջարկներ ու թելադրանքներ, բոլորը նոյն մտահոգութեամբ: Ի՞նչ ընել աւելի լաւ ծառայելու համար համայնքին ու մեր ընդհանուր նպատակին:
Այս առաջարկներու մեծագոյն մասը մեզ կը յուշէ վերջին տարիներուն բոլորիս համար պարզ դարձած այն իրողութիւնը, որ մեր համայնքին յաջողութիւնը կախեալ է ամերիկեան քաղաքական համակարգի, յատկապէս որոշումներ կայացնող շրջանակներու մէջ, մեր ներկայութեան աստիճանէն. որքան շատ հայեր աշխատին այդ շրջանակներուն մէջ, այնքան ազդու կը դառնայ մեր ձայնը:
Բազմիցս ապացուցուած այս հասկացողութենէն մեկնելով է, որ մենք ձեռնարկած ենք «Քափիթըլ Կէյթուէյ» ծրագրին, զոր կարելի է թարգմանել՝ Մայրաքաղաք մտնելու դարպաս, մայրաքաղաքին մէջ գործող քաղաքական համակարգէն ներս մուտք գործելու ծրագիր (այսուհետեւ՝ միայն «Դարպաս»): Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին ստացած նուիրատուութիւններուն միջոցաւ, այս ծրագիրը հնարաւորութիւն ստեղծած է բազմաթիւ հայ տաղանդաւոր երիտասարդներու՝ կառավարական, քաղաքական, միջազգային եւ մամուլի ոլորտներուն մէջ գործ գտնելու եւ աշխատելու:
Յատուկ երախտագիտութեամբ այստեղ կ՛ուզենք յիշատակել «Քաֆէսճեան» հիմնադրամի բերած կարեւոր ներդրումը այս մարզին մէջ: Այս հիմնադրամը 2003ին մեզի օգնեց սկսելու «Դարպաս» ծրագիրը, որուն շարունակման մէջ իր մեծ դերը ունեցաւ Սաղտճեան ընտանիքը: Արդարեւ, Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի յիշատակին հիմնուած հիմնադրամը ստեղծուեցաւ 2004ին, մատաղ տարիքին մահացած Յովիկին անունով, որ իր կենդանութեան օրօք ամերիկահայ երիտասարդութեան համար օրինակելի տիպար մըն էր իր քաղաքացիական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ հանրային ծառայութեան իր ոգիով: Այս նոյն ծրագիրի իրականացման համար իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցած են նաեւ Ֆրանք եւ Պարպարա Հէքիմեանները, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկահայ վեթերաններու «Միլֆըրտ»ի մասնաճիւղը՝ Մէսէչուսէց նահանգէն:
Մեր համայնքի շարունակական նեցուկին շնորհիւ, մենք կրնանք այս ծրագիրը ոչ միայն յառաջ տանիլ, այլեւ զայն ընդարձակել ու աւելի մեծ թիւով երիտասարդներու առիթներ ստեղծել՝ քաղաքական ասպարէզ մտնելու ու ազդեցիկ դիրքերու հասնելու:
Ձեր առատաձեռն նուիրատուութեամբ, դուք կրնաք նպաստել Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամի Մայիս 31ի թելեթոնի յաջողութեան, եւ այդ յաջողութեան շնորհիւ, մենք հնարաւորութիւն կ՛ունենանք դարպասը բանալու հարիւրաւոր նոր երիտասարդներու առջեւ՝ ապահովելով անոնց մուտքը դէպի մամուլի, լրագրութեան, քաղաքական ու հասարակական ասպարէզ, անոնց վստահութիւն ներշնչելով, որպէսզի մտածեն ընտրովի պաշտօններու համար իրենց թեկնածութիւնը դնելու մասին:
Ահա մենք կը դիմենք ձեզ, կը դիմենք ձեր օգնութեան, որպէսզի կարենանք միջոցներ ստեղծել մեր երիտասարդներուն՝ իրականացնելու համար իրենց երազը ու միեւնո՛յն ժամանակ, հզօրացնելով մեր համայնքի քաղաքական ազդեցութիւնը, յատկապէս՝ մայրաքաղաքի քուլիսներէն ներս:
Մենք ձեզի արդէն կրնանք ներկայացնել անուններու երկար ցուցակ մը, բոլորը երիտասարդներ, բոլորը արդէն տեղաւորուած մայրաքաղաքի կառավարական ու քաղաքական կառոյցներու մէջ: Օգնեցէք մեզի այդ ցուցակը աւելի հարստացնելու:
«Դարպաս» ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կրնաք հեռաձայնել Ամերիկայի Հայ Դատի Հիմնադրամի գրասենեակ՝ (202) 775-1918 թիւով ու խօսիլ Կարօ Մանճիկեանի հետ, կամ գրել անոր՝ garo@anca.org հասցէով:
Ձեր նուիրատուութիւնը կատարելու համար կրնաք օգտագործել մեր հաստատած համացանցային վճարման ապահով եղանակը՝ http://www.2009telethon.org/donate.php կայքէջին վրայ: