ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի տնտեսական անկումը շարունակած է խորանալ այս տարուան Ապրիլ ամսուան ընթացքին, իսկ տնտեսութեան Համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) տարուան առաջին 4 ամիսներուն նուազած է 9.7 տոկոսով:
Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, 2009 թուականի առաջին եռամսեակին Հայաստանի տնտեսութիւնը անկում ապրած էր 6.1 տոկոսով, իսկ բաղդատաբար անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին եւ ըստ հրապարակուած նորագոյն տուեալներուն, տնտեսական ներկայի անկումի խորացման մէջ մեծ դեր ունեցած են շինարարութեան եւ արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալներուն կրճատումները:
Հակառակ այն իրողութեան, որ շինարարութիւնը խթանելու նպատակով, կառավարութիւնը Ապրիլին որոշեց կառուցապատողներուն 20 միլիառ դրամի (54 միլիոն տոլարի) պետական երաշխիքներ տրամադրել, որպէսզի անոնք կարենան դրամատուներէն վարկային միջոցներ ներգրաւել, այնուհանդերձ, Ապրիլին տնտեսական ցուցանիշները ենթադրել կու տան, որ կառավարութեան ձեռնարկած այս քայլը շինարարութեան ոլորտին վրայ առայժմս դրական լուրջ ազդեցութիւն չէ ձգած:
Միւս կողմէ, նախքան 2009ի Յունուար-Ապրիլ քառամսեակը, արդիւնաբերական արտադրանքը կազմած էր ՀՆԱի 28 տոկոսը, սակայն անիկա մեծ նահանջ արձանագրեց նշեալ ամիսներուն, յատկապէս՝ հանքարդիւնաբերութեան եւ մետաղամշակման ընկերութիւններուն պարագային:
Միւս կողմէ, Հայաստանի կեդրոնական դրամատունը եւ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը (International Monitory Fund) հրապարակած են իրենց կանխատեսումները՝ նշելով, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը այս տարի պիտի նահանջէ առնուազն 5 առ հարիւրով: Այնուամենայնիւ, նշեալ հիմնադրամը բազմիցս աջակցութիւն յայտնած է Հայաստանի իշխանութիւններու տնտեսական ճգնաժամային ռազմավարութեան: