ԿԼԷՆՏԷՅԼ, «Ասպարէզ».- Անցեալ Երկուշաբթի երեկոյեան, Դաւթեան-Մարիամեան կրթական հիմնարկութիւնը, յատուկ հանդիսութեամբ մը բացումը կատարեց իր նոր գրասենեակին, որ տեղաւորուած է Կլէնտէյլ քաղաքի կրթական կեդրոնի կառոյցէն ներս:
Հիմնարկութեան գործունէութեան մակարդակը առաւել բարձրացնելու ամէն հնարաւորութիւն ստեղծելու կոչուած այս նոր գրասենեակի բացման հադիսութեան ներկայ էին թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, նախկին առաջնորդ Եփրեմ արք. Թապաքեան, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան, Կլէնտէյլի քաղաքային կրթական պատասխանատուներէն Նայիրի Նահապետեան եւ ուրիշներ, Կլէնտէյլի քաղաքային քարտուղար Արտաշէս Քասախեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յարութիւն Մանուկեան եւ բազմաթիւ ծնողներ ու աշակերտներ, որոնք հիմնարկութեան սաներն են եւ անոր ձեռնարկած ծրագրին մասնակցողները:
Գրասենեակի բացման ժապաւէնը կտրեց առաջնորդ սրբազանը: Ապա մասնակիցները հաւաքուեցան նոյն կառոյցէն ներս գտնուող սրահին մէջ, ուր գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը:
Սոյն յայտագիրին ընթացքին խօսք առին «Դաւթեան-Մարիամեան»ի նախագահ Վահիկ Ծատուրեան, առաջնորդ Մուշեղ սրբազան Մարտիրոսեան, Կլէնտէյլի Կրթական միացեալ բաժանմունքի նախագահ Մէրի Պոկըր, նոյն բաժանմունքի ընդհանուր վերակացու դոկտ. Մայքըլ Էսքալանթէ եւ բաժանմունքի վարչական անդամներէն Ճոյլին Ուակնըր: Բոլորը գնահատեցին հիմնարկութեան կրթական նպաստը շրջանին մէջ եւ խոստացան շարունակել իրենց օժանդակութիւնը անոր ծրագիրներուն: Յայտագրի հանդիսավարութիւնը կատարեց Մարիէթ Քէշիշեանը:
Գրասենեակի բացման առիթով հանրութեան առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ հիմնարկութեան քայլերգը՝ գրուած հասարակական գործիչ ու մտաւորական Օննիկ Հայրապետեանի կողմէ, իսկ երաժշտութիւնը մշակուած Արիկ Գէորգեանի կողմէ: Վերջինիս դուստրը հրաշալիօրէն կատարեց քայլերգը:
Յայտագիրի աւարտին, մրցանակներ բաժնուեցան հիմնարկութեան ծրագիրին մասնակիցներէն գերազանց արդիւնքներ ձեռք բերած աշակերտներուն: