ՊԸՐՊԷՆՔ.- Անցեալ Շաբաթ օր, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին առաջնորդ սրբազան Յովնան արք. Տէրտէրեան Լոս Անճելըսի մէջ հրատարակուող հայկական մամուլի խմբագիրներուն փոխանցեց, որ Մայր տաճարի շինարարութեան առաջին փուլը կը մօտենայ աւարտին եւ արդէն աշխատանքները պատրաստ են անցնելու յաջորդ փուլ: Արդարեւ, այս ամիս իսկ, Յունիս 28ին, յատուկ ձեռնարկի մը ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի առաջին փուլի աւարտը եւ նոր փուլի սկիզբը: Այս փուլով աւարտած պիտի ըլլայ տաճարին արտաքին կմախքի շինարարութիւնը:
Շինարարութեան եւ տաճարի կահաւորման ծախսերը շուրջ 18 միլիոն տոլարի պիտի հասնին:
Շինարարութեան պատասխանատու Արմէն Համբարի համաձայն, տնտեսական ճգնաժամի անուղղակի արդիւնքներէն մէկը եղած է, որ այս ծախսերը հաւանաբար նուազին մէկ ու կէս միլիոն տոլարով:
Տնտեսական ճգնաժամի պատճառով նիւթական դժուարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ սրբազան հայրը յայտնեց, որ աշխատանքները շարունակելու համար առ այժմ որեւէ դժուարութիւն չի տեսներ: Ճգնաժամի պատճառով կրնան որոշ նուիրատուներ դժուարութիւն ունենան իրենց խոստումները ժամանակին կատարելու, բայց սրբազանը վստահ է, որ անոնք ի վերջոյ պիտի ամբողջացնեն իրենց բաժինը: Արմէն Համբարի համաձայն, սրբազանին ճիգերով, գտնուած են նաեւ նոր նուիրատուներ:
Ասուլիսի ընթացքին, խօսք առաւ նաեւ նուիրահաւաքի գործը կազմակերպող յանձնախումբի պատասխանատու Անդրանիկ Զօրայեանը, որ ցարդ ապահոված է 14.5 միլիոն տոլարի խոստում, որուն ութ միլիոնը արդէն հաւաքուած է: Հարիւր հազար տոլար եւ աւելի գումար նուիրած կամ խոստացած հայորդիներու թիւը շուրջ ինիսուն է: Նշենք, որ Անդրանիկ Զօրայեան արդէն նուիրած է երեք հարիւր հազար տոլարէն աւելի գումար՝ ստանձնելով իր անունով կոչուելիք թանգարանին հովանաւորութիւնը:
Արմէն Համբար եւս մեծ նուիրատուներու շարքին է: Հազար տոլարէն աւելի նուիրատուներու թիւը շուրջ երեք հարիւր է: Յանձնախումբը տակաւին ժողովրդային լայն հանգանակային աշխատանք չէ կատարած: Այժմ պիտի սկսի նման աշխատանքներու, յատկապէս բնակարաններու մէջ կազմակերպուող հանգանակային երեկոյթներու ճամբով:
Հանգանակային մեծ ձեռնարկ մը նախատեսուած է այս տարուան Սեպտեմբերին: Մայր տաճարի շինարարութիւնը պիտի աւարտի 2010 Ապրիլին: Օծումը պիտի կատարուի Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ձեռամբ, Սեպտեմբեր 2010ին:
Յովնան սրբազանը նաեւ ներկայացուց իր պատկերացումը Մայր տաճարի եւ առաջնորդարանի ամբողջ համալիրին հետագայ կառավարման ու ղեկավարման մասին:
Ասուլիսէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Ապա, Պարետ Ա. քհնյ. Երէցեանի առաջնորդութեամբ, խմբագիրները շրջեցան համալիրին տարբեր բաժինները: