ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Յունիս 17ին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու այն ենթայանձնաժողովը, որ կը զբաղի արտաքին օժանդակութեանց հարցերով, որոշած է Հայաստանի տրամադրուող ամերիկեան տնտեսական օժանդակութիւնը պահել նախորդ տարեշրջանի մակարդակին (48 միլիոն տոլար)՝ միաժամանակ աւելցնելով Լեռնային Ղարաբաղի տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութիւնը՝ զայն հասցնելով 10 միլիոն տոլարի, ինչ որ աննախընթաց գումար մըն է Արցախի համար:
Ենթայանձնաժողովը նաեւ որոշած է անխախտ պահել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութեանց հաւասարակշռութիւնը՝ իւրաքանչիւրին 3 միլիոն տոլարի ռազմական նպաստ տրամադրելով:
Այս որոշումը տրուած է հակառակ այն իրողութեան, որ Սպիտակ տունը առաջարկած էր 30 միլիոն տոլարով նուազեցնել Հայաստանի տրամադրուող օժանդակութիւնը եւ ի նպաստ Ատրպէյճանի՝ խախտել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս որոշումները, որոնց իրականացման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է ենթայանձնախումբի նախագահ Նիթա Լոուին, ինչպէս նաեւ քոնկրէսականներ Էտըմ Շիֆ, Մարք Քըրք, Սթիւ Ղաթմըն, Ճէսի Ճէքսըն կրտսերը, Պէթի ՄըքՔալըմ, Պարպարա Լի եւ Սթիւ Իզրըյէլ:
Ենթայանձնախումբը նաեւ Ազատութեան զօրակցութեան օրէնքի 907րդ յօդուածի պայմանները խստացուցած է: Յօդուածը, Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը շրջափակելուն համար կը սահմանափակէ Ատրպէյճանի տրամադրուող կարգ մը օժանդակութիւնները: