ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ահմէտ Թիւրք կրկին պաշտպանեց այն տեսակէտը, թէ կարելի պիտի չըլլայ քրտական հարցը լուծել զէնքով եւ յիշեցուց նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի այն խօսքը թէ քրտական հարցը այժմ մեր կարեւորագոյն հարցն է։ «Ասիկա ցոյց կու տայ նախագահին անկեղծութիւնը», ըսաւ Թիւրք։
Ահմէտ Թիւրք երկու երեսփոխաններու ընկերակցութեամբ մասնակցեցաւ իր կուսակցութեան Ատանայի համագումարին եւ դիմաւորուեցաւ կուսակիցներու կողմէ, որոնք Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան գոյներով դրօշակներ կը կրէին: Ան ըսաւ, որ երեսուն տարիէ ի վեր պայքար մը կը շարունակուի։ «Այն օրէն ասդին, երբ մտանք քաղաքական կեանքէ ներս, մենք ըսինք, որ այս հարցը չի լուծուիր զինեալ գործողութիւններով։ Եկէք երկխօսութեամբ ու խաղաղութեամբ վիճաբանինք այս նիւթին շուրջ. «քիւրտերը պատրաստ են» ըսինք, բայց իրենց աչքերը գոցեցին», ըսաւ ան: Ահմէտ Թիւրք պնդեց, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը պատրաստ է զէնքերը «ամբողջովին թաղելու ու մէջտեղէն անհետացնելու»: «Մենք հիմա անցեալէն աւելի ուժեղ ենք, այնուհանդերձ, մենք խաղաղութեան կողմնակից ենք, ոչ թէ անոր համար որ անկարող ենք, այլ անոր համար, որ իսկապէս խաղաղութիւն կը ցանկանք», ըսաւ ան։