ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Յունիս 24-25 Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Աստանա (Ղազախստան)՝ մասնակցելու համար Եւրոատլանտեան գործընկերութեան խորհուրդի անվտանգութեան համաժողովին։
Ըստ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար, գնդապետ Սէյրան Շահսուվարեանի, համաժողովին պիտի մասնակցին եւրոատլանտեան տարածաշրջանի երկիրներու պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներ, ՆԱԹՕ եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու գլխաւոր քարտուղարներ եւ բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններ։ Համաժողովի ընթացքին կարծիքներ պիտի փոխանակուին անվտանգութեան առնչուող արդիական տարբեր հարցերու, ինչպէս նաեւ՝ ուժանիւթային անվտանգութեան եւ հարաւային Կովկասի մէջ կայուն միջավայրի ձեւաւորման մասին։
Այցելութեան ծիրէն ներս, կը նախատեսուի Ս. Օհանեանի հանդիպումը Ղազախստանի շտաբներու պետերու կոմիտէի նախագահ-պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մուխթար Ալթինպաեւի հետ։ Հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի եւ ՀԱՊԿ ծիրէն ներս բազմակողմանի համագործակցութեան հարցեր։