ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ Կ՛ԱՐՏԱՔՍՈՒԻՆ
ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի ընտրական գերագոյն մարմին՝ Պահապան խորհուրդը Երեքշաբթի, Յունիս 23ին յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութեան արդիւնքը չեղեալ պիտի չհամարէ, այդպիսով դուռը փակելով ընտրութեան կրկնութիւնը պահաջող ընդդիմութեան եւ ցուցարարներուն դիմաց։ Պահապան խորհուրդի բանբեր Ապպաս Ալի Քատխոտայի յայտնեց, որ խորհուրդը «ընտրութեան մէջ մեծ զեղծարարութիւն կամ խախտում չէ գտած, ուստի ընտրութիւնը չեղեալ նկատելը կարելի չէ»։
12 անդամներէ բաղկացած Պահապաններու խորհուրդը Երկուշաբթի օր յայտնած էր, որ 170 ընտրաշրջաններէ 50ին մէջ անկանոնութիւններ գտած է, ներառեալ՝ քուէարկելու իրաւասու անձերու թիւէն աւելի քուէներ, սակայն շուրջ 3 միլիոն քուէներու սխալմունքը ընտրութեան արդիւնքին վրայ յատկանշական ազդեցութիւն պիտի չունենայ, որովհետեւ նախագահը ապահոված է 11 միլիոն քուէներու առաւելութիւն մը:
Ընտրական վերջնական արդիւնքներուն համաձայն, նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ ապահոված է քուէներու 62.6 առ հարիւրը, իսկ անոր անմիջական մրցակից Միր Հոսէյն Մուսաւի՝ 33.8 առ հարիւր։ Մասնակցութեան համեմատութիւնը 85 առ հարիւր եղած է։
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը շարունակեց զգուշացնել ցուցարարները։
Իրանեան արդարադատութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար Էպրահիմ Ռայիսի Երեքշաբթի օր հաստատեց, որ ձերբակալուած ցուցարարներու հարցով զբաղելու համար, յատուկ դատարան մը յառաջացած է։ «Խռովարարութեանց մասնակից տարրեր պէտք է պատժուին՝ ուրիշներուն օրինակ ըլլալու համար», ըսաւ ան։
Ահմատինեժատ Երեքշաբթի օր Ռուսիոյ կողմէ կարեւոր զօրակցութիւն մը ստաձաւ, երբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ կը յարգէ ընտրութեան արդիւնքը եւ աւելցուց, թէ՝ «Վէճերը պէտք է լուծուին Իրանի սահմանադրութեան եւ օրէնքին ծիրէն ներս»:
Արեւմտեան երկիրներ, ներառեալ Միացեալ Նահանգներ, ցարդ քննադատած են ցուցարարներուն հետ Իրանի կառավարութեան վարուելու կերպը։ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Երեքշաբթի օր կոչ ուղղեց՝ «Անմիջապէս դադրեցնել ձերբակալութիւնները, սպառնալիքները եւ ուժի օգտագործումը»։
Երեքշաբթի օր լարուած, սակայն համեմատաբար խաղաղ կացութիւն մը կը տիրէր Թեհրանի փողոցներուն մէջ, ուր յատկանշական ցոյցեր տեղի չունեցան՝ շատ հաւանաբար ապահովական մարմիններուն սպառնալիքներուն հետեւանքով: Ընդդիմութիւնը ներկայիս կը քննէ գործադուլի դիմելու կամ բողոքի այլ քայլեր որդեգրելու կարելիութիւնները:
Նաեւ, Իրան Երեքշաբթի օր արտաքսեց երկու բրիտանացի դիւանագէտներ, անոնց «ոչ աւանդական վարուելակերպ»ին պատճառով, որուն հակադարաձելով՝ Բրիտանիա արտաքսեց երկու իրանցի դիւանագէտներ: Թեհրան արեւմտեան երկիրները եւ Իսրայէլը կ՛ամբաստանէ ցոյցերը հրահրելու յանցանքով: