ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Անցեալ Չորեքշաբթի, Յունուար 17ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Սպիտակ տան կրթանպաստի 28 հոգինոց յանձնաժողովի անդամներէն մէկը նշանակած է «Քարնըկի» հիմնարկի նախագահ Վարդան Գրիգորեան:
1989էն մինչեւ 1997 «Պրաուն» համալսարանի տնօրէնի պաշտօնը ստանձնած Վարդան Գրիգորեան, 1981-1989 տարիներու նախագահն էր Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանին, իսկ անկէ առաջ, եւրոպական, հարաւային ասիական եւ Միջին Արեւելքի պատմութեան դասախօս եղած է ամերիկեան շարք մը համալսարաններու մէջ:
Ան հեղիանկն է շարք մը հատորներու, իսկ ներկայիս անդամ է համալսարններու, մարդասիրական կազմակերպութեան, թանգարաններու եւ շարք մը այլ կազմակերպութեանց հոգաբարձական մարմիններու: Ան նաեւ ստացած է շարք մը շքանշաններ ու մրցանակներ, որոնցմէ մէկն է Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական բարձրագոյն շքանշնանը՝ Ազատութեան շքանշանը, զորս տացաւ 2004ին:
Սպիտակ տան կրթանպաստի յանձնաժողովին նպատակն է հանրային սպասարկութեան համար ղեկավարներ պատրաստել՝ դաշնակցային կառավարութեան կառոյցի բարձրագոյն մակարդակներու վրայ աշխատելու առիթներ տալով անոնց:
Այս ծրագրին մասնակցելու համար կը դիմէ աւելի քան 1000 հոգի, որոնցմէ 30ը հասած է աւարտական հանգրուան, իսկ յանձնաժողովը անոնցմէ պիտի ընտրէ 11-19 ուսանողներ, որոնք պիտի ըլլան 2009-2010 տարեշրջանի ծրագրին մասնակիցները: