Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ու Վաղինակ վրդ. Մելոյեան, Հինգշաբթի, 16 Յուլիսին Սան Ֆրանսիսքօ մեկնեցան եւ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, երեսփոխանական կազմին եւ Հոգաբարձութեան հետ։ Նոյն նպատակով Սան Ֆրանսիսքօ մեկնեցաւ նաեւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ տոքթ. Կարօ Յակոբեան։ Այցելութեան նպատակն էր հայր Վաղինակը ծանօթացնել ծխական համայնքի ժողովականութեան։
Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով եւ առաջնորդին ու Ազգային իշխանութեան փափաքին համաձայն, Արեւմտեան թեմ ծառայութեան առաքուեցաւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամներէն Վաղինակ վրդ. Մելոյեան, որ հոգեւոր հովիւին հետ միասին որոշ ժամանակ մը պիտի ծառայէ Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական համայնքին։ Հայր սուրբը անդրանիկ Ս. պատարագը պիտի մատուցանէ Կիրակի, 26 Յուլիսին։