ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալները կը փաստեն, թէ հայաստանցիները 2009ի ճգնաժամային առաջին վեց ամիսներուն սպառած են աւելի քիչ ծխախոտ, քան 2008ի նոյն ժամանակահատուածին: Նաեւ, ծխողները սկսած են գործածելու տեղական արտադրութեան, աւելի աժան ծխախոտներ։
Վերջին տասնամեակին, ասիկա առաջին անգամն է, որ հայ ծխողները բացայայտօրէն (գուցէ հարկադրաբար), գերապատուութիւն կու տան տեղական արտադրութեան ծխախոտներուն, հակառակ անոր, որ բոլորն ալ կը վկայեն, թէ տեղական ծխախոտներու որակին մէջ բարելաւում չկայ:
Հակառակ այն հանգամանքին, որ տեղական ծխախոտը կը գրաւէ հայաստանեան շուկային մեծ մասը (58%ը), սակայն տեղական ծխախոտի երկու արտադրողները աւելի քիչ հարկ վճարած են, քան ներմուծողները, ինչ որ բնաւ չի համապատասխաներ սպառողական շուկային մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն:
Ըստ նշեալ աղբիւրին, այս օրինակը ցոյց կու տայ, թէ «փրոթեքցիոնիսթ»ական քաղաքականութիւնը ինչպիսի՛ վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ Հայաստանի պետական ամավարկի եկամուտներուն վրայ: