ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Օգոստոս 28ին, լրագրողներու հետ հանդիպած են «Մինաս Աւետիսեան» թանգարանի տնօրէնը, Մինասի որդին՝ Արմէն Աւետիսեանը ու Հայաստանի մշակոյթի նախարարի խորհրդական Սոնա Յարութիւնեանը, որոնք յայտնած են, որ Մինաս Աւետիսեանի 1973ին ստեղծած «Թորոս Ռոսլինի ծնունդը» որմնանկարը արդէն իսկ վերականգնուած է: Աշխատանքը տեւած է մէկ տարի, որուն մէջ ներգրաւուած են իտալացի մասնագէտներ Լորենցօ Քասամէթի եւ Ֆապրիցիօ Եաքուփինի:
Անիկա արդէն իսկ տեղադրուած է æաջուռ գիւղին մէջ գտնուող «Մինաս»ի թանգարանի պատին։ Բանախօսները աշխատանքէն գոհ մնացած են, հակառակ ընթացքին ստեղծուած դժուարութիւններուն: «Երբ առաջին անգամ տեսայ, թէ ինչպէ՛ս են հանում նկարը, ես սենեակից դուրս եկայ, բաւական դաժան «փրոցես» էր: Որմնանկարն արդէն ունէր 20 տոկոսի կորուստ: Այն, ինչ կայ, օրիգինալ է, որովհետեւ չի աւելացուել ոչինչ, պահպանուել է նոյնիսկ ծեփոնի շերտը», յայտնած է Արմէն Աւետիսեան:
Ֆ. Եաքուփինի, իր կարգին, յայտնած է. «Երբ զայն պոկեցինք ու սկսանք աշխատանքը, նկատեցինք, որ անիկա չի համապատասխաներ բոլոր աշխատանքերուն, զորս նախապէս ըրած էինք, քանի որ Մինասը տարբեր գոյներ օգտագործած էր: Դժուար էր զանոնք ճիշդ հակասութեամբ ստանալ»:
«Մեր վրայ մեծ տպաւորութիւն ձգած է այն, որ Մինասը միամիտ նկարիչի պէս կիրառած է գոյներու համադրութիւնը, բայց միեւնոյն ժամանակ օգտագործած է գոյներու այնպիսի թափանցիկութիւն, որ ստեղծած է մեծ նկարիչին բնորոշ գոյներ», իր կարգին յայտնած է իտալացի վերականգնող Լ. Քասամէթի:
Սեպտեմբերի վերջը Մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ æաջուռի մէջ տեղի պիտի ունենայ որմնանկարի բացման պաշտօնական արարողութիւն: Այժմ պատրաստութեան ընթացքի մէջ է որմնանկարի վերականգնման մասին վաւերագրական շարժանկար մը, որուն շնորհահանդէսը պիտի կայանայ Հոկտեմբերին, Գիւմրի, ապա՝ Երեւան։ Այս բոլորէն ետք Մինասի յոբելինական ցուցահանդէսը պիտի բացուի նաեւ Մոսկուայի մէջ, ու դարձեալ պիտի ցուցադրուի նշեալ շարժանկարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.