ԼԱ ՔՐԵՍԷՆԹԱ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանի Սան Կապրիէլ լեռնային գօտիին վրայ ծագած հրդեհները մարելու միտում ցոյց չեն տար եւ կը տարածուին դէպի նոր բնակավայրեր: Աւելի քան տասը հազար տուներ վտանգուած նկատուելով՝ անոնց բնակիչներուն հրահանգուած է պարպել իրենց բնակարանները եւ այլ շրջաններու մէջ ապաստան գտնել:
Լա Քրեսէնթայի մէջ գործող ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Հաւաթեան «Ասպարէզ»ին յայտնեց, որ հրդեհներու կողմէ վտանգուած գօտիին վրայ կը բնակին աւելի քան քսան հազար հայեր: Կոմիտէն հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որ սփռուած է «Հորիզոն» եւ «Էյ.Ար.Թի.Էն» կայաններէն, պատրաստակամութիւն յայտնելով օգնութեան ձեռք երկարելու հրդեհի պատճառով անապաստան մնացած հայորդիներուն՝ անոնց իր կեդրոնը տրամադրելով:
«Բարեբախտաբար, թէ՛ պետական ծառայութիւնները եւ թէ՛ մեր հայրենակիցներուն գրկաբաց վերաբերմունքը, անապաստան չեն թողած որեւէ ընտանիք ու ոչ մէկ օգնութեան դիմում եղած է մեզի», յայտնեց Հաւաթեան:
Նշենք, որ հրդեհներու դէմ պայքարող երկու հրշէջներ զոհուած են, իսկ շրջանի քանի մը հրշէջ ծառայութիւններ միացուցած են իրենց հնարաւորութիւնները՝ պայքարելու համար աւերիչ կրակին դէմ: