ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է հայ-թուրք յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ: Ստորեւ կը հրատարակենք սոյն յայտարարութիւնը՝ ամբողջութեամբ.
Հայաստանի հանրապետութեան ու Թուրքիոյ հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման պաշտօնական համաձայնագիրը, իր հետագայ զարցագումներու գործընթացով, արդէն իսկ հրապարակուած է եւ իր վրայ կեդրոնացուցած լուսարձակը՝ հայ թէ միջազգային լրատուամիջոցներու:
Ասիկա կը նշանակէ, թէ հայ ժողովուրդը կը գտնուի լուրջ ու վտանգաւոր հանգրուանի մը դիմաց, որուն անբաղձալի հետեւանքներէն միշտ ալ զգուշացած էինք եւ զգուշացուցած անոր հեղինակները:
Ի տես այս կայացած իրողութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը կը յայտնէ իր ամբողջական վերապահութիւնը հանդէպ կատարուած այս անխոհեմ քայլին, որուն պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ գերազանցապէս Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ:
Այս աոիթով, կը փափաքինք ընդգծել հետեւեալ կէտերը՝ զանոնք սեփականութիւնը դարձնելով մեր ժողովուրդին.
Ա. Սահմաններու բացումը, բնականոն կապերու հաստատումը կամ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու իրականացումը, միջպետական հարեւան երկիրներու մակարդակով, կրնան իրենց համապատասխան դրսեւորումները գտնել միայն Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում-ընդունումով, հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացումով ու հայկական հողերու վերադարձովը իրենց իրաւատիրոջ:
Բ. Վարկածը նախապայմաններու, զորս մինչեւ օրս Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շեշտեն, պէտք է ըլլան բացառուած պահանջքներ, ի՛նչ ենթահող կամ հիմունք ալ ունենան անոնք, չմոռնալով, որ Թուրքիա 1992էն ի վեր Հայաստանը կը պահէ պարտադիր շրջափակումի տակ:
Գ. Առնուազն անիրաւական է, որ նման փաստաթուղթ կը ստորագրուի (ու շուտով Ազգային ժողով կը յղուի առ ի վաւերացում), երբ հայրենի ժողովուրդը ու մանաւանդ Տարագիր հայութիւնը կը դրուին կատարուած իրողութեան մը առջեւ:
Դ. Թրքական ոչ գաղտնի դիրքորոշուները, ըստ որոնց՝ փոխադարձ յարաբերութիւններու յաջողութեան համար նախապայման է ղարաբաղեան հարցը լուծել ի նպաստ… Ատրպէյճանի:
Մենք համոզուած ենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պատմական սխալ մը կը գործեն այս փաստաթուղթի ստորագրութեամբ, զայն գործադրելու յաջորդականութեամբ ու ժամանակացոյցով, ծանրակշիռ եւ աններելի պատասխանատուութեամբ:
Ասկէ մեկնելով՝ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ իր անդուլ հետապնդումները, խորհրդակցութիւններու, քննարկումներու ու հրապարակումներու շարքով՝ այս հիմնախնդիրը պահելու բաց ու մնայուն օրակարգ մը, մատնանշելով անոր աղիտաւորութեան պատմական, քաղաքական եւ իրաւական երեսները:
Ի վերջոյ, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին, աչալրջութեամբ ու զգաստութեամբ հակազդել այս փաստաթուղթի հայավնաս բացորոշ հետեւանքներուն, ի մասնաւորի հայ մտաւորականութեան, քաղաքական գործիչներու ու պատմաբաններու դասին, որ ունի անմիջական եւ ազդու պարտաւորութիւն-յանձնառութիւն:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ
ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ