ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան հաղորդումով, Սեպտեմբեր 3ին, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում մը ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար կազմին եւ արտերկրի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հետ, որոնց հետ քննարկած է արտաքին քաղաքականութեան եւ այդ ոլորտին մէջ երկու հայկական պետութիւններուն փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Երկրի ղեկավարը անդրադարձած է վերջին մէկ տարուան ընթացքին ամբողջ աշխարհին եւ մեր տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած կարեւոր աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն, եւ յայտնած, թէ ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող գործընթացները կը պահանջեն աւելի համակարգուած աշխատանք:
Անդրադառնալով հակամարտութեան կարգաւորման՝ Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումը մնացած է անփոփոխ եւ որ, ցանկացած վիճայարոյց խնդիր պէտք է կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով՝ անմիջական եւ անկեղծ երկխօսութեան միջոցով:
Նախագահը նշած է, որ ոչ մէկ կասկած կայ Արցախի անկախութեան եւ անվտանգութեան չնչին իսկ թուլացման մասին, եւ աւելցուցած, որ այդ բացառիկ արժէքները սակարկութեան ենթակայ չեն:
Նոյն օրը, ըստ ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամլոյ տեղեկատուութեան, Հայաստանէն Ստեփանակերտ մեկնած նոյն պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցած է ԼՂՀ ԱԺ ներկայացուցիչներու հետ: Ընթացքին մասնակիցներուն յաջորդաբար իրենց խօսքը փոխանցած են ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը, որոնք նաեւ փորձած են պարզաբանել հանդիպման ընթացքին հնչած հարցերն ու մտահոգութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.