Յառաջիկայ Երեքշաբթի օր ընտրութիւն կայ Լոս Անճելըսի մէջ: Հայահոծ այս քաղաքին բնակչութեան մէկ հատուածը քուէատուփ պիտի ուղղուի՝ ընտրելու համար քաղաքապետական խորհուրդի անդամ մը:
Այս ընտրութեան իր թեկնածութիւնը դրած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանը, որուն անցեալի գործունէութեան վկայագիրը զինք կը դարձնէ ամէնէն յարմար, ամէնէն ճիշդ թեկնածուն՝ այդ պաշտօնին համար եւս:
Փօլ Գրիգորեան իր կեցուածքներով, իր արտայայտութիւններով, համայնքային կեանքին մէջ իր մշտական ներկայութեամբ, երիտասարդ հայ տղաքն ու աղջիկները քաղաքական ասպարէզ մղելու իր խրախուսանքով, անվիճելիօրէն շահած է մեր նեցուկը, մեր զօրակցութիւնը, մեր գործնական, նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը ստանալու իրաւունքը:
Թիկունք կանգնինք Փօլ Գրիգորեանին՝ քուէով, դրամով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.