Հայաստանի անկախութիւնը եւ հայրենի անկախ պետականութեան ստեղծումը իրականացած երազ է արդէն տասնութ տարիէ ի վեր:
Անկախութեան շարժումը, Արցախեան ազատագրական պայքարը, նոր երկիր ու պետութիւն կազմելու հաճելի բայց ցաւագին ջղաձգումները, մութ ու լոյս տարիներու տուայտանքը պատմութիւն են արդէն:
Նախապէս անհաւատալի նկատուած երազ մը իրականացած տեսնելու սկզբնական ցնցումը թօթափած աւելի իրապաշտ, աւելի գործնապաշտ հայացքով պետականաշինութեան գործին լծուելու երանդն է, որ կը շարժէ մեզ այս հանգրուանին:
Անկախութեան պաշտպանութիւնը, անկախ պետականութեան ամրապնդումը մեր ամէնօրեայ խնդիրը կը մնայ, անշուշտ, մենք ալ, հաւաքաբար այդ նպատակին անմնացորդ նուիրումով ծառայելու երդուողներու շարքին եղած ենք ու կը մնանք:
Մեր գործունէութեան, մեր գործողութիւններու տրամաբանութիւնը կը մեկնի միայն ու միայն Հայաստանի գերիշխանութենէն նուազագոյն զիջում իսկ չկատարելու մտահոգութենէն, այդ գերիշխանութեան դէմ որեւէ վտանգի, որեւէ ոտնձգութեան դէմ պատնէշ կանգնելու մտասեւեռումէն:
Այսօր մենք ականապատուած կը տեսնենք այդ գերիշխանութիւնը:
Այսօր, մենք դժբախտաբար ականատես կը դառնանք, թէ ինչպէս մեր պետութեան գլուխ կանգնած մարդիկ, թեթեւութեամբ ու յանցաւոր անպատասխանատուութեամբ, անմիջական հարցեր լուծելու արտորանքով պատրաստակամութիւն ցոյց կու տան՝ ջուր լեցնելու մեր թշնամիի ջրաղացքին ու մեր ազգային անկապտելի իրաւունքները սակարկութեան հանելու, զանոնք աժանագին առեւտուրի առարկայ դարձնելու քայլեր կ՛առնեն: Քայլեր, որոնք խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն մեր ապագան, հետեւաբար՝ մեր անկախութիւնը:
Հայոց պետականութիւնը համայն հայութեան ձգտումներու, համայն հայութեան շահերու պաշտպանի բարձրագոյն պատասխանատուութիւնը մարմնաւորողն է, ու անոր յենասիւները դառնալու մեր յանձնառութիւնը անդրդուելի է, նոյնիսկ ի դիմաց այդ պատասխանատուութեանց հանդէպ ցուցաբերուած անշնորհութեան եւ ապիկարութեան:
Անկախ Հայաստանը պէ՛տք է հզօրանայ:
Անկախ Հայաստանը պէ՛տք է բարգաւաճի:
Անկախ Հայաստանը պէ՛տք է տէր կանգնի համայն հայ ժողովուրդի պատմական ու մարդկային իրաւունքներուն, առանց որոնց՝ մեր երկիրը, մեր ազգը երբեք պիտի չկարենայ լիարժէք զարգանալ, պիտի չկարենայ իր կարողականութիւնը ամբողջականօրէն դրսեւորել. պիտի չկարենայ իր ապագայ սերունդներու կենսունակ գոյութիւնը երաշխաւորել:
Ամէն ինչ՝ յանուն անկախ, ինքնիշխան Հայաստանին: Ամէն ինչ՝ յանուն հայ ժողովուրդի փայլուն ապագային: Մեր նշանաբանը, մեր հաւատամքը անփոփոխ կը մնայ: