ԹԵՀՐԱՆ.- Ինչպէս նշած էինք նախապէս, Սեպտեմբեր 29-30, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Իրան կը գտնուէր Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 30ի երեկոյեան այցելեց Ազգ. առաջնորդարան, ուր նախատեսուած էր հանդիպում՝ թեմակալ առաջնորդին եւ Ազգային իշխանութիւններուն հետ: Առաջնորդարանի մուտքին պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ տասնեակ պատանիներու ու երիտասարդներու կողմէ, որոնք կը ներկայացնէին «Յովնան Դաւթեան» Ուսանողական միութիւնը, «Ռոստոմ» Երիտասարդական միութիւնը եւ «Քրիստափոր» Պատանեկան միութիւնը: Անոնց վերձուցած պաստառները, որոնց վրայ գրուած էր՝ «Ո՛չ նախապայմաններին», «Ցեղասպանութիւնը սակարկման առարկայ չէ», կը խորհրդանշէին անոնց բողոքն ու ցասումը:
Շրջապատելով ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահը՝ երիտասարդները իրենց բողոքագիր-գրութիւնը փոխանցեցին Յովիկ Աբրահամեանի, որմէ բաւարարող պատասխաններ պահանջեցին:
Ստորեւ կր ներկայացնենք սոյն բողոքագիր-նամակին բնագիրը.
Յարգարժան պրն. Աբրահամեան,
ՀՀ Ազգային ժողովի մեծարգոյ նախագահ,
Սոյն գրութեամբ իրանահայ Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններս ու կառոյցներս մեր մտահոգութիւնն ու բողոքն ենք յայտնում ներկայ ձեւակերպմամբ ստորագրուելիք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների ուղղութեամբ նախաստորագրուած փաթեթին, ընդորում քօղարկուած ձեւով առկայ են մեր պետութեան ու ժողովրդի համար խիստ վտանգաւոր թրքական նախապայմաններ: Ըստ էութեան՝
* Ճանաչւում է Թուրքիայի հողային ամբողջականութիւնը, ըստ որի՝ վերահաստատւում է Կարսի պայմանագիրը:
* Սակարկման ու կասկածանքի է ենթարկւում Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը՝ ընդունելով Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը քննարկող յանձնաժողովի ձեւաւորման Թուրքիայի ճնշումները:
* Հարուածի է ենթարկւում Արցախեան հիմնահարցի արդարացի լուծումը՝ ընդունելով հետեւեալ կերպով ձեւակերպուած դրոյթը.
«Վերահաստատելով հաւասարութեան, ինքնիշխանութեան, այլ պետութիւնների ներքին գործերին չմիջամտելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմանների անխախտելիութեան սկզբունքները յարգելու իրենց երկկողմ եւ բազմակողմ պարտաւորութիւնները»:
Կրկին անգամ արտայայտելով մեր բողոքն ու հիասթափութիւնը՝ ՀՀ իշխանութիւնների որդեգրած քաղաքականութեան նկատմամբ, համոզուած ենք, որ ՀՀ Ազգային ժողովը իր նախագահութեամբ հանդերձ, չհաստատելով նախաստորագրուած փաթեթը՝ չի կրելու այս պատմական վրիպման պատասխանատուութիւնը, որով բոլորիս փայփայած Հայաստանի համար կ՛ապահովի Թուրքիայի հետ բանակցութիւններին համահաւասար դիրքերից ներկայանալու հնարաւորութիւնը:
Պրն. Աբրահամեան,
Պատմութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան առջեւ պատասխանատու էք ու պարտաւոր՝ չենթարկուելու Թուրքիայի նախապայմաններին՝ պահանջելով անհրաժեշտ փոփոխութեան ենթարկել նախաստորագրուած փաթեթը:
Յարգանօք՝
«Յովնան Դաւթեան»
Ուսանողական Միութիւն
«Ռոստոմ» Երիտասարդական Միութիւն
«Քրիստափոր Միքայէլեան» Պատանեկան Կազմակերպութիւն