ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Մշակութային ամսուան գաղութային ձեռնարկներու ծիրէն ներս, «Մաշտոց» քոլէճը կազմակերպած է իւրայատուկ ցուցահանդէս մը, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն 9:30, Հոլիվուտի «Paradise Adult Day Health Center»ի սրահին մէջ (4414 Santa Monica Blvd.):
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի Շաբաթ եւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 24-25ին, կ.ե. ժամը 1էն 5:
Հանրածանօթ արուեստագիտուհի Յասմիկ Գլճեանի երկար տարիներու արգասիքը հանդիսացող հայկական խաչատիպ տառերու տպաւորիչ սոյն հաւաքածոն, երկրորդ անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուի հանրութեան՝ պանծացնելով մեր մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը:
Իւրաքանչիւր Մեսրոպատառ շքեղօրէն ներկայացուցած է խաչքարերու կերպարով եւ ազգային այլ խորհրդանիշներով:
Ցուցահանդէսին մուտքը ազատ է եւ հայ ժողովուրդը հրաւիրուած է ըմբոշխնելու մեր տառերու գեղեցկութիւնը: