ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Պահ մը գացէք ետ՝ 101 տարի ետ 1908 թուականի Օգոստոս ամիսը: Եթէ Ֆրէզնոյի շրջանը կ՛ապրէիք, Օգոստոս 15ի Շաբաթ օրը կամ 17ի Երկուշաբթի օրը ձեր տան նամակատուփին մէջ պիտի գտնէիք այս թերթը, «Ասպարէզ» շաբաթերթին առաջին թիւը, որ ծնունդ առած էր Ուրբաթ, 14ին:
Պատահական չէր «Ասպարէզ»ին ծնունդը: Ան բնական արդիւնքն էր խումբ մը պանդուխտ հայերու, որոնք թէ հայրենակարօտ էին եւ թէ նախանձախնդիր՝ հայեցի էութեան ու հայեցի դիմագծի պահպանման: Այս առաջադրանքներու բաւարարման համար ծնունդ առաւ «Ասպարէզ»ը:
Ինչպէս յատուկ է Դաշնակցական որեւէ թերթի, սովորական թերթի մը առաքելութիւնը չունէր եւ չունեցաւ «Ասպարէզ»ը: Անոր եօթը հիմնադիրները գաղափարական մարդիկ էին, որոնք ամբողջականօրէն յանձնառու էին «սուրբ գործին»՝ Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական ազատագրման: Անոնք նաեւ յանձնառու էին «սուրբ գործին» համար պանդուխտ հայորդիներու հոգեկան ու գաղափարական պատրաստութեան:
Այս կրկնակ յանձնառութիւնները իրենց թարգամանութիւնը գտան թերթի առաջին թիւի «Ինչո՞ւ Այս Թերթը» վերտառութեամբ առաջնորդող յօդուածին մէջ: Այդ թիւով ճամբայ ելաւ «Ասպարէզ» նախ իբրեւ շաբաթաթերթ, ապա իբրեւ եռօրեայ, շուտով վերածուելու համար օրաթերթի: Իբրեւ հայերէն օրաթերթ, «Ասպարէզ»ը ունեցաւ իր շաբաթական անգլերէն յաւելուածը, շուտով վերածուելով երկլեզու օրաթերթի: Այսօր «Ասպարէզ» լոյս կը տեսնէ իբրեւ հայերէն օրաթերթ իր գեղատիպ ու ճոխ անգլերէն շաբաթաթերթով:
«Ասպարէզ» նախ տպուեցաւ Ֆրէզնոյի մէջ, գլխաւորաբար Ֆրէզնոյի շրջանի հայութեան համար: Ապա նոր գաղութներու հաստատումով ան փոխադրուեցաւ Լոս Ատնճելըսի շրջանը՝ ծառայելու համար Քալիֆորնիա նահանգի ամբողջ հայութեան:
«Ասպարէզ» ծնունդ առաւ իբրեւ Դաշնակցութեան համակիր թերթ եւ ութը տարիներ ետք, 1916ին, հիմնադիրները թերթը փոխանցեցին Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէին: Այսօր «Ասպարէզ»ը պաշտօնաթերթն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմնտեան Ամերիկայի կազմակերպութեան:
Սակայն վերոնշեալ տուեալներն ու տեղեկութիւնները իրենց իմաստաւորումը կը ստանան միայն այն ատեն երբ նկատի ունենանք «Ասպարէզ»ին մատուցած ծառայութիւնը ոչ միայն իր հովանաւորած կազմակերպութեան, այլ մանաւանդ մեր շրջանի հայութեան: Ճշգրիտ լրատուութիւնը, ազգային շահին ծառայող քաղաքական ճիշդ ուղղութեան մատուցումը, մտաւոր զարգացումը, գաղափարական պատրաստութիւնը, պահանջատիրական կեցուածքի պատրաստութիւնը, տեսակէտներու ազատ արտայայտութեան փոխանակումը, նորահաս սերունդին հետ կամրջուելու նորրարութիւնները, եւ բազմաթիւ այլ նախաձեռնութիւններ պատուանդանը կազմեցին «Ասպարէզ»ի առաքելութեան եւ հանրային ծառայութեան:
«Ասպարէզ»ին գոյութեան արժէքն ու իմաստը չեն կայանար իր 101 տարիներու տոկացած կեանքին մէջ, այլ այդ կեանքով իր մատուցած հասարակական ծառայութեան որակին եւ քանակին մէջ: Եւ որքա՜ն հարուստ է այդ հասարակական ծառայութեան որակն ու քանակը: Իսկ մեր ժողովուրդը լաւագոյն վկան է այս հաստատումին: Պարզ տուեալ մը: Ըստ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշիկնթընի Գրասենեակի տուեալներուն, վերջին չորս շաբաթներուն, «Ասպարէզ»ի կայքէջին այցելուներուն թիւը 575 անգամ աւելի է քան միասնաբար գումարած բոլոր այցելուներու թիւը՝ Ամերիկայի տարածքին գտնուող հայկական մնացեալ բոլոր թերթերուն:
Ըսուած է թէ թերթը ինքն իր հետ զրուցող ազգն է: «Ասպարէզ»ի ճամբով զրուցողը մեր ժողովուրդն է, ժողովուրդին ճամբով զրուցակիցը «Ասպարէզ»ն է:
Այս ազգային զրոյցը սկսան եւ նուաճեցին խումբ մը ռահվիրաներ: Այսօր, յանուն ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին եւ մեր շրջանի բոլոր ընկերներուն, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ու յիշատակին առջեւ կը խոնարհինք բոլոր այն ռահվիրաներուն, որոնք այսօր մեզմէ առյաւէտ բաժնուած են: Կը յայտնենք խորին շնորհակալութիւն «Ասպարէզ»ի անցեալի եւ ներկայի բոլոր ծառայողներուն, յատկապէս խմբագիրներուն, որոնք իրենց առաւելագոյնը տուին որպէսզի թերթը լաւագոյն ձեւով ծառայէ մեր ժողովուրդին:
«Ասպարէզ»ին նուիրուած այս հանդիսութեան, չենք կրնար չանդրադառնալ մեր բոլորին սոսկում պատճառող քաղաքական այն վտանգաւոր զարգացումին, որուն ազգային վնասներուն անտեսման մէջ տակաւին կը յամառին մեր հայրենիքի իշխանաւորները: Այս սոսկումը փարատելու եւ պայքարի նոր յոյսեր ներշնչելու կոչուած է «Ասպարէզ», ճիշդ այնպէս ինչպէս ան կոչուած էր ընելու 1915ի օրերուն:
Այդ կոչումին մէկ աղաղակող օրինակն է «Ասպարէզ»ի Ապրիլ 16, 1915ի թիւը, որ լոյս ընծայեց Է. Ակնունիի յոդուածին, ուր ան կը գրէր.
«Այդ սոսկումների հանդէպ, ամերիկահայ եղբայրներ, գիտեմ, ձեր միտքն ու սիրտը փոթորկուած է, եւ հեռաւոր ձայների անորոշութեան մէջ դուք տանջւում էք վաթանի ցաւերով, եւ գուցէ յուսահատ էք հանդէպ այն բացառիկ ողբերգութեան: Իրաւունք ունիք, երբե՛ք, այո, երբե՛ք հայոց պատմութիւնը այսքան երկիւղալի չէ եղած, ինչքան այս ահաւոր ընդհանրումների մէջ, բայց եւ երբե՛ք, այո, երբեք այնքան յոյսերի հետ չէ եղել կապուած, որքան այժմ միջազգային մեծ կնճիռների լուծման այս բացառիկ օրերին: Երկիւղներ շատ տեսանք բայց յոյսեր ոչ, մեր կէանքը, մեր միտքը, մեր կաշին վարժուեցան երկիւղներին, բայց յոյսերին՝ մենք միշտ կարօտ մնացինք, միշտ զրկուած նոցանից: Դիմաւորենք առաջինը մեզ յատուկ ամրութեամբ, եւ գրկենք երկրորդը՝ նոր խանդով, նոր եռանդով ու նոր թափով: յոյսերի իրականացման շրջան է: Յոյսերի երկունքի առջեւ չերերանք»:
Այս օրերուն, երբ կը պայքարինք այս նոր սոսկումին դէմ եւ կը պրկենք մեր յոյսերը, «Ասպարէզ»ը պէտք է հանդիսանայ մեր ամրոցը, իսկ ժողովուրդը՝ մեր մարտկոցը: