ՊԱՔՈՒ.- «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16ին, ակնարկելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին՝ յայտարարած է. «Պատերազմը դեռ աւարտած չէ։ Աւարտած է պատերազմին առաջին փուլը, եւ մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք որեւէ պահ մեր հողերը բռնագրաւողներէն ազատագրելու»։
«Մենք բոլոր չափանիշներով կը գերազանցենք զանոնք։ Մենք թէ՛ աւելի լայն քաղաքական հնարաւորութիւններ, եւ թէ շատ ուժեղ միջազգային դիրքեր ունինք։ Ինչ կը վերաբերի ռազմական ուժին, ապա կ՛ուզեմ անգամ մը եւս ըսել, թէ ատրպեճանական բանակը շրջանին մէջ ամենահզօրն է», հաստատած է Ալիեւ։
Ան նաեւ յայտնած է. «Մենք պէտք է աւելի եւս հզօր ըլլանք ռազմական մարզէն ներս. բան մը, որ մեծ միջոցներ կը պահանջէ։ Սակայն մենք պէտք է այդ մէկը ընենք, որովհետեւ կ՛ապրինք պատերազմական պայմաններու մէջ»։
Միւս կողմէ «Tert.am»ի թղթակիցը Անգարայէն կը հաղորդէ, թէ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15ին, Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար եւ Եւրոպական միութեան հետ գլխաւոր բանագնաց Էկէմէն Պաղըշ յայտնած է, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու իրողութիւնը չի կրնար արգելք ըլլալ Եւրոպական միութեան մէջ Թուրքիոյ անդամակցութեան:
Ըստ անոր, Եւրոպական միութեան անդամ շարք մը երկիրներ աւելի շատ խնդիրներ ունին, քան Թուրքիան, սակայն այդ իրողութիւնը չի խանգարեր անոնց՝ այդ կառոյցին մէջ ըլլալուն:
Հայ լրագրողի մը այն արարկութեան, որ եթէ նախարարը նկատի ունի Գերմանիան, ապա վերջինս ճանչցած է Ողջակիզումը եւ ներողութիւն խնդրած է հարեւաններէն, Պաղըշ պատասխանած է, թէ ինք յատուկ երկրի անուն չի նշեր։
Հայ լրագրողներու հետ հանդիպումը սկսած է թուրք լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Թուրք նախարարը ողջոյնի խօսք ուղղած է՝ ընդգծելով, որ Թուրքիան կողմնակից է հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման։ Ան յիշեցուցած է, թէ երբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իշխանութեան հասաւ, որոշում կայացաւ յարաբերութիւնները բարելաւել բոլոր հարեւաններուն հետ։ Պաղըշ նշած է նաեւ, որ 2005ին իր երկրի կառավարութիւնը նամակ ուղարկած էր Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին՝ առաջարկելով բանակցութիւններու սկսիլ, յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով։
Իր խօսքէն ետք նախարարը թրքական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներէն խնդրած է սրահէն հեռանալ, ապա ան կրկնած է Թուրքիոյ իշխանութիւններու պաշտօնական տեսակէտը, թէ՝ Ցեղասպանութեան խնդիրը պէտք է ուսումնասիրուի գիտնականներու յանձնախումբի կողմէ։
Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, ան նշած է, որ թէեւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն մէջ այդ հարցը չէ շօշափուած, սակայն, քանի որ տակաւին «Ատրպէյճանի հողերը բռնագրաւուած են», Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ արձանագրութեանց վաւերացումը «անկանխատեսելի է»։ Ան յայտնած է նաեւ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը անկախ մարմին է եւ կրնայ որեւէ որոշում կայացնել։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ ինք ի՞նչ նկատի ունի ղարաբաղեան հարցի լուծում ըսելով, Պաղըշ պատասխանած է. «Որեւէ լուծում, որ ընդունելի կ՛ըլլայ ե՛ւ հայկական, ե՛ւ ատրպեճանական կողմին համար»։
Հանդիպման աւարտին լրագրող մը հարց ուղղած է, թէ՝ մեկնելով թուրք պաշտօնատարներու տրամադրութիւններէն՝ կարելի՞ է նախատեսել, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին բացումը կասկածի տակ կը դրուի։
«Այդքան վստահ մի ըլլաք։ Ես այս հարցին մէջ լաւատես եմ», եղած է թուրք նախարարին պատասխանը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.