Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Գլխացաւը բժշկական այցելութիւններուն ամէնէն յաճախակի դրդապատճառն է։ Ան կը պատահի որեւէ տարիքի, առանց խտրութեան գոյնի եւ սեռի։ Գլխացաւը ինքնին հիւանդութիւն մը չէ. ան դրսեւորումն է զանազան հիւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ մեր մարմինի զանազան հիւսուածքներու եւ օրկաններու անբնական աշխատանքին։
Գլխացաւը նկարագրուած է զանազան ձեւերով եւ զանազան անուանումներով։ Ստորեւ, առանցնաբար պիտի խօսիմ տարբեր գլխացաւերու մասին:
(Ա. բաժինը տեսնել Շաբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2009, էջ 16)
7. Ներգանկային (intracerebral) գերճնշումի գլխացաւ.
Ներգանկային գերճնշումը կը յառաջանայ ուղեղային ուռեցքներով, արիւնահոսութեամբ եւ բորբոքումներով։ Հիւանդը կը գանգատի ընդհանուր գլխու ցաւէ, որ մնայուն է եւ յաճախ սաստիկ։ Գլխացաւին կ՛ուղեկցին նողկանք, փսխունք, տեսողութեան խանգարում, ցանցենիի (retina) արիւնահոսութիւն, հարուածային ականջաբզզիւն, ուղեղային դանդաղութիւն եւ ջղայնական այլ նշաններ։ Յաճախ հիւանդը կ՛արթննայ անտրամադիր, ճնշիչ ու խոր գլխացաւով։ Ներգանկային գերճնշումի ախտաճանաչումը տեղի կ՛ունենայ զանազան միջոցառումներով, ինչպէս՝ յատուկ x-ճառագայթային նկարահանումով, MRI-ով եւ ուղեղաջուրի (cerebral fluid) քննութեամբ. իսկ գլխացաւը կ՛անհետանայ դարմանելով ներգանկային գերճնշումը. այս մէկը կ՛իրականանայ յատուկ դեղերով, որոնք կը հակակշռեն գերճնշումը, միզամղիչ դեղերով (diuretic) եւ ողնայարի մէջքին կողմէ ուղեղային ջուրի (cerebrospinal fluid) արտահանումով (lumbar puncture):
8. Ուղեղատապի (encephalitis) եւ խելապատատապի (meningitis) գլխացաւ.
Ուղեղատապը եւ խելապատատապը կը յառաջանան ժահրային եւ կամ մանրէական բորբոքումներով։ Գլխացաւը կ՛ըլլայ խոր եւ մնայուն. ան կ՛ընգրկէ ամբողջ գլուխը եւ անոր կ՛ուղեկցին ջերմութիւն, նողկանք եւ փսխունք։ Գլխացաւը կ՛անհետանայ ուղեղատապի եւ խելապատատապի դարմանումով։
9. Գլխու անակնկալ ցնցումներու գլխացաւ.
Ինքնաշարժներու արկածներուն հետեւանքով գլխու ուժգին ցնցումները պատճառ կը դառնան անակնկալ, սուր, անցողակի եւ կամ մնայուն գլխացաւի։
10. Տենդի (fever) գլխացաւ.
Մարմինի ջերմաստիճանը կը բարձրանայ զանազան ազդակներով, որոնց կարեւորագոյնն է բորբոքումի մը գոյութիւնը մարմինի որոշ մէկ օրկանին եւ կամ մէկ հիւսուածքին մէջ։ æերմաստիճանի բարձրացումով ուղեղի բջիջները ենթակայ կ՛ըլլան ծանր աշխատանքի, որ կը յառաջացնէ խոր եւ ճնշիչ գլխացաւ։ æերմաստիճանի նուազումով կը մեղմանայ եւ կամ կ՛անհետանայ գլխացաւը։
11. Թթուածինի նուազումի գլխացաւ.
Այս գլխացաւը կը պատահի, երբ ուղեղը չի մատակարարուիր բաւարար քանակութեամբ թթուածինով։ Այս կացութիւնը կը ստեղծուի անոնց մօտ, որոնք կ՛ապրին շատ բարձր լեռներու վրայ եւ կամ բարձր լեռ մագլցելու ընթացքին։ Գլխացաւը մնայուն եւ խիստ կ՛ըլլայ։ Յաճախ անոր դարմանումը կը կարօտի շտապ թթուածինի նեշնչման:
12. Բնածուխի միաթթուի (CO) գլխացաւ.
Այս գլխացաւը կը յառաջանայ բնածուխի միաթթուի թունաւորումով։ Գլխացաւին ուժգնութիւնը կախեալ է թունաւորման աստիճանէն, այսինքն՝ ներշնչուած թունաւոր կազին քանակէն։ Հիւանդը ընդհանրապէս կը ներկայանայ շատ մտահոգիչ առողջական վիճակի մէջ։
13. Արեան առատ շրջագայութեան եւ զարկերակներու ընդլայնման գլխացաւ.
Որոշ դեղերու գործածութեամբ տեղի կ՛ունենայ ուղեղի զարկերակներու ընդլայնում եւ հետեւաբար՝ արեան առատ մատակարարում, որոնք կը յառաջացնեն ուղեղային գերճնշում եւ ապա գլխացաւ:
14. Արեան շրջագայութեան նուազումի գլխացաւ.
Այս գլխացաւը կը յառաջանայ, երբ ուղեղը չի մատակարարուիր բնական քանակութեամբ արիւնով. այս կացութիւնը կը ստեղծուի anemia-ով եւ ուղեղի զարկերակներու մասնակի խցումով։
15. Արեան գերճնշումի գլխացաւ.
Արեան գերճնշումով ուղեղը կ՚ենթարկուի յաւելեալ ճնշումի եւ աշխատանքի, որոնք կը յառաջացնեն սաստիկ, խոր, ճնշիչ եւ մնայուն գլխացաւ։ Այս ցաւը կ՛ընդգրկէ ամբողջ գլուխը եւ կը մեղմանայ արեան գերճնշումի հակակշռումով։
16. Արեան թանձրացումի (poly-citemia) գլխացաւ.
Արեան թանձրացումով ուղեղի արեան շրջագայութիւնը բնական կերպով չ՛ընթանար, եւ այս մէկը կը յառաջացնէ մնայուն եւ խոր գլխացաւ, որ կ՛ընգրկէ ամբողջ գլուխը։
17. Երկարատեւ երիկամատապի գլխացաւ.
Երիկամներու երկարատեւ բորբոքումներով երիկամներուն աշխատանքը կը խանգարուի եւ տեղի կ՛ունենայ երիկամային ձախողութիւն, որ կը յառաջացնէ մնայուն եւ խոր գլխացաւ։
18. Գլխու տեղայնական հիւանդութիւններու գլխացաւ.
Հետեւեալ հիւանդութիւնները, իրենց տեղայնական ախտանշաններուն կողքին, պատճառ կը դառնան ժամանակաւոր, սուր, մեղմ եւ կամ զօրաւոր գլխացաւի։
ա. Աչքի հիւանդութիւններ, տեսողական տկարութիւն, խաժամթութիւն (glaucoma) եւ ցանցենիի անակնկալ տեղաշարժ (retinal detachment)։ Գլխացաւը կեդրոնացած կ՛ըլլայ աչքին շուրջը եւ խորը.
բ. Քիթի խցում, քիթի սուր կամ մնայուն խոռոչատապ (sinusitis).
գ. Վիզի ողնոսկրային (vertebral) եւ մկանային հիւանդութիւններ.
դ. Ակռաներու եւ լինտերու բորբոքումներ.
ե. Ականջի արտաքին, միջին եւ ներքին բաժիններու բորբոքումներ, պարզ ուռեցքներ եւ խլիրդ.
զ. Ծնօտային (temporomandibular) յօդաբորբ, անշարժութիւն, ոսկրային անբնական աճում եւ տեղաշարժ (dislocation).
Այստեղ քանի մը ընդհանուր նկատողութիւններ կ՛աւելցնենք.
1. Գլխացաւը կրնայ ըլլալ ազդանշան հաւանական լուրջ հիւանդութեան մը.
2. Ախտաճանաչում կատարելէ ետք, հիմնական դարմանումին եղանակը պէտք է իրագործուի շուտով.
3. Նախքան ախտաճանաչումը գործածուած ցաւամոք դեղերը յաճախ կը խանգարեն ախտաճանաչման գործընթացը.
4. Հետեւիլ գլխացաւի զարգացման եւ հոլովոյթին.
5. Շուտով դիմել բժիշկի, երբ գլխացաւը տեւէ մէկ շաբաթէ աւելի եւ արձանագրէ յստակ զարգացումներ.
6. Շտապ գլխու CT Scan եւ MRI պէտք է կատարել, երբ՝
ա. Գլխացաւը շատ անակնկալ, սաստիկ եւ սուր է.
բ. Գլխացաւը կը պատահի ջղացնցումի (convulsion) հետ միաժամանակ.
գ. Հիւանդը կ՛ունենայ նաեւ գիտակցութեան խանգարում եւ կամ կորուստ.
դ. Գլխացաւին կ՛ուղեկցին ակնային սուր դժուարութիւն, ցանցենիի ուռեցք (papillidema) եւ շատ բարձր արեան գերճնշում:
(Շար. 2 եւ վերջ)