Խմբագրական «ԱԶԴԱԿ»ի
Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման հանգրուանէն առաջ, ստորագրուած թղթածրարը պէտք է անցնի միջգերատեսչական ընթացակարգէ։ Ապա, արտաքին գործոց նախարարութիւնը զայն կը յղէ հանրապետութեան նախագահին, որ իր կարգին թղթածրարը կը յանձնէ Սահմանադրական դատարան, որպէսզի հաստատուի ստորագրուած փաստաթուղթերուն համապատասխանութիւնը՝ Հայաստանի սահմանադրութեան։
Միջգերատեսչականէն արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ անկէ նախագահութիւն պաշտօնական ձեւակերպումներու հանգրուաններ են։ Հայկական կողմէն գործընթացը ղեկավարողը հանրապետութեան նախագահն է, գործադրող-ստորագրողը՝ արտաքին գործոց նախարարը, հետեւաբար երկու պարագաներուն ալ ակնկալելիք չկայ։ Հայեացքները կ՛ուղղուին Սահմանադրական դատարանին եւ անոր նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանին։ Այս փուլը պաշտօնական ձեւակերպումներու փուլի վերածուելու-չվերածուելու հարցականը կը յառաջացնէ իրադրութիւններուն հետեւողներուն մօտ։
Աւելցնենք, որ միջազգային պայմանագիրի մասին օրէնքը տուեալ ստորագրութեան սահմանադրականութիւնը հաստատելու համար ճշդած է եռամսեայ ժամկէտ եւ դատարանն է, որ կ՛որոշէ, թէ թղթածրարը ստանձնելէն մինչեւ երեք ամիս ե՞րբ կը քննարկէ եւ կը հաստատէ կամ չի հաստատեր ներկայացուած թղթածրարին սահմանադրականութիւնը։
Ներկայացուած արձանագրութիւնները, ուրեմն, նախքան խորհրդարան ներկայացուիլը, պիտի գտնուին իրաւական-սահմանադրական դաշտին մէջ։ Շատ յուսադրիչ չէ իրաւական ոլորտի գերագոյն ատեանէն գալիք որոշումը։ Պատահական չէր, որ նախագահի համահայկական ուղեւորութեան սփիւռքի նախարարին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին նախագահին կ՛ընկերանար նաեւ Սահմանադրական դատարանին նախագահը։
Ինչպէս պէյրութեան քննարկումին, այնպէս ալ մնացեալ գաղթօճախներու հանդիպումներուն ընթացքին Սահմանադրական դատարանին նախագահը իր խօսքին մէջ արդէն կը հաստատէր, որ ամբողջ գործընթացը համապատասխան է Հայաստանի սահմանադրութեան հիմնադրոյթներուն։ Կը թուէր, որ ի սկզբանէ վճռուած էր արդէն ընթացակարգի միջանկեալ փուլէն գալիք որոշումը, իրադրութիւններուն հետեւողը խորապէս համոզելով, որ Սահմանադրական դատարանի քննարկումները եւս պաշտօնական ձեւակերպումներու բնոյթ ունենալու նախատուեալներ կը պարզեն։
Առիթ պիտի ունենանք լոյսին բերելու Հայաստանի սահմանադրութեան այն յօդուածները, որոնք առնուազն մեծ հարցականներ կը ստեղծեն ներկայ գործընթացին համաձայնութիւն տալու, ստորագրելու, ընդառաջելու պաշտօնական Երեւանի առած քայլերուն սահմանադրականութեան վերաբերեալ։ Մէկ խօսքով, անոնք որքանո՞վ կը տեղաւորուին Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխիքներ ապահովելու նախագահի սահմանադրական իրաւասութիւններուն մէջ։
Արձանագրութիւններուն վաւերացման դէմ տարուող մեր պայքարը պէտք չէ անտեսէ իրաւական կողմը այս բոլորին։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ իրաւագիտական ներուժը պէտք է գործի լծել՝ փաստելու համար ներկայացուող փաստաթուղթերուն հակասահմանադրականութիւնը։ Արհամարհելի փուլ չէ ասիկա եւ պայքարի իրաւագիտական բաժինին մաս կը կազմէ։
Մանաւանդ որ նոյնիսկ այս գործընթացին ընդհանուր համաձայնութիւն տուող կողմերը այսօր անհրաժեշտութիւնը կ՚ընդգծեն Հայաստանի խորհրդարանին մէջ յայտարարութիւններ եւ օրէնքներ որդեգրելու Ցեղասպանութեան քննարկելիութենէն զերծ պահելու համար հայկական կողմը։ Այս մէկը ինքնին կը նշանակէ արդէն, որ այդ հնարաւորութիւնը բացուած է եւ հայկական կողմը տուած է իր համաձայնութիւնը։ Յայտնաբար հող կը շահի թրքական 301-ի օրէնքին հակակշիռ օրէնքի որդեգրման գաղափարը, որ պիտի քրէականացնէ հայ ոեւէ պաշտօնատար, որ կը մասնակցի Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը քննարկելի դարձնող որեւէ ենթայանձնախումբի։ Այս արդէն իբրեւ հասցուած վնասի հակակշռման քայլ (damage control) կը դիտարկուի։
Հայկական կողմը հարուածի հետեւանքներու վերականգնողական աշխատանքին մէջ ինքզինք տեղադրելէն առաջ պարզ ու մեկին ձեւով բանակցութիւններու գործընթացը կրնայ վերադարձնել սկզբնակէտին՝ առանց սպասելու մինչեւ խորհրդարանի վաւերացում։
Շատ են պատճառները հաստատելու համար արձանագրութիւններուն հակասահմանադրականութիւնը։ Հայեացքները ուղղուած են Գագիկ Յարութիւնեանին։