ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ու կազմակերպութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի «Համազգային»ի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին, Հոկտեմբեր 29ին, երեկոյան ժամը 8ին, «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը ֆրանսահայ յայտնի գրագէտ-բանաստեղծ Մովսէս Պչագճեանի «Անցողիկը Եւ Անժամանցելին» հատորին. հանդիսութեան ներկայ էին Վաղինակ վրդ. Մելոյեան, «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Եդուարդ Մսըրլեան, «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ռուբինա Գասպարեան, վարչական անդամներ, եւ հայ մշակոյթով ու հայ գրականութեամբ հետաքրքրուողներու հոյլ մը:
Տաղանդաշատ գրագէտ Մովսէս Պչագճեանի «Անցողիկը Եւ Անժամանցելին», իբրեւ գրական գոհար մը, կու գայ ճոխացնելու հայ գրականութիւնը: Երկհատորին մէջ Մ. Պչագճեան ամփոփած է իր յոյզերը, իր խռովքը, վրդովումը եւ փնտռտուքը, իր ներքին տառապանքները վերածելով սիրոյ պատմութեան մը: Ան արժանացած է Հայաստանի գրողներու միութեան շքանշանին ու Հայաստանի հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին:
Երեկոյթին բացումը կատարեց «Աղբալեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ռուբինա Գասպարեան: Ողջոյնի խօսքերէն ետք ան ըսաւ. «Ուրախ ենք, որ այս երեկոյ միասնաբար կը վայելենք ներկայութիւնը յայտնի մտաւորական Մովսէս Պչագճեանին ու իր երկհատորին՝ «Անցողիկը Եւ Անժամանցելին»ի շնորհահանդէսը: Ան «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ կը շրջագայի Ամերիկայի ու Գանատայի զանազան հայաշատ քաղաքները: Այս ծրագրէն անմասն չմնաց նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ գաղութը»:
Հեղինակը ծանօթացուց «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Եդուարդ Մսըրլեան: Ան Պչագճեանի կենսագրական զանազան հետաքրքրական հանգրուանները ներկայացնելէ ետք, ըսաւ. «Պչագճեան Հալէպի «Քարէն Եփփէ» ճեմարանի ուսանողական տարիներուն սկսած է հրատարակել «Պարման» անունով թերթ մը, ու քանի մը տարիներ ետք սկսած է խմբագրել «Ծիլեր» անունով այլ թերթ մը. այդ օրերէն սկսեալ Մ. Պչագճեան կը սկսի նշաններ ցոյց տալ մտնելու հայ գրական անդաստանէն ներս: Սիրուած ու գնահատուած գրագէտը հեղինակն է 11 հատորներու: «Անկարելի Կարելին» թատերգութիւնը 1992ին կը ներկայացուի Երեւանի մէջ հեղինակին ու նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանի ներկայութեամբ: Հայաստանի անկախութեան 18ամեակին առիթով, ան կը պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով, յատուկ ընդունելութեան մը ընթացքին, այլ ծանօթ մտաւորականներու կողքին»:
Մովսէս Պչագճեանի «Անցողիկն եւ Անժամանցելին» հատորը ներկայացուց, առակագիր-գրագէտ Եզնիկ Բալայեան. ան ընդհանուր ակնարկով մը անդրադառնալէ ետք հատորին, մէջբերումներ ընելով յատկանշական բաժիններէն, ըսաւ. ««Անցողիկը եւ Անժամանցելին» գրուած ողջամիտ եւ ծանրակշիռ լրջութեամբ եւ խորութեամբ. հարուստ է, իմացական, փիլիսոփայական ոճով. լեզուն պատկերաւոր, դիւրահաղորդ եւ մաքրամաքուր. ոճը ինքնատիպ, գրաւիչ, նորաստեղծ եւ առինքնող: Խորագիրը ինքնին բացատրողական մըն է վէպի պարունակին մասին. «Անցողիկը» Հալէպի մէջ ծնած, Փարիզ հաստատուած, հայորդի Յովսէփի սիրային արկածախնդիր պատմութիւնն է, որ կը հիւսուի հրէական ծագում ունեցող ֆրանսուհի Վերոնիքի հետ, եւ որ բազում բաժանումի եւ միաւորումի սիրախաղերէ եւ սրտաբեկ վերջնական բաժանումի կը յանգի: Իսկ «Անժամանցելին», Յովսէփի հայու արմատներուն կառչած մնալու, իր հայրենիքին, լեզուին, մշակոյթին, պապենական աւանդին եւ հաւատքին հաւատարիմ մնալու անընկճելի ոգիին գոյամարտն է»:
Ե. Բալայեան, ակնարկելով Մ. Պչագճեանի՝ կնոջ հանդէպ ունեցած վերիվայրումներուն, ըսաւ. «Անհասկնալի են Մ. Պչագճեանի կին տիպարները. անոնք երբեք չեն բացայայտուիր եւ չեն կենդանանար, կամակոր են եւ անվստահելի, անոնք կ՛աներեւութանան չբացատրուած պատճառներով եւ յանկարծ կը վերայայտնուին դարձեալ չբացատրուած պատճառներով: Կինը, Մ. Պչագճեանի գրեթէ բոլոր գործերուն մէջ հանելուկային, առեղծուածային եւ խորհրդաւոր էակ մըն է: «Կինը ճանչնալու, զայն հասկնալու համար բաւարար պիտի չըլլար փորձառութիւնը, օգտակար պիտի չըլլային գիրքերը. կինը խորհրդազերծելու համար, քանի մը կեանք իսկ բաւարար պիտի չըլլար»: Որքան, որ ալ անհասկնալի եւ խորհրդաւոր, այլ առիթով մը, Մ. Պչագճեան չի զլանար արդար բնորոշում մը կատարել կանանց հասցէին ըսելով. «Երջանկացուցիր կին մը, ան միշտ պիտի ուզէ հատուցանել այդ երջանկութիւնը. կինը աւելի երախտապարտ է քան մարդը, կինը երախտագիտութիւնն իսկ է»»:
Մասնաւորաբար շեշտը դնելով հայ լեզուի նկատմամբ Պչագճեանի ունեցած սիրոյն, գուրգուրանքին ու պաշտամունքին վրայ, Բալայեան շարունակեց. «Մ. Պչագճեան հայոց լեզուի հանդէպ իր սէրն ու պաշտամունքը հասցուցած է այնպիսի բարձրութեան մը վրայ, ուրկէ ոչ մէկ ուժ կրնայ զինք վար բերել: «Այն ժողովուրդը, որ կ՛ուրանայ իր լեզուն, ինքզինք է, որ կ՛ուրանայ եւ ինքզինք կը պատրաստէ, առանց անդրադառնալու, բոլոր ստրկութիւններուն»: Մեր մօտ կայ մեծ հարց մը լեզուի: Արեւմտահայերէն լեզուի. ամէն օր նահանջի մէջ է ան, այդ չքնաղ, այդ սքանչելի, դարերու յղկումին ենթարկուած այդ անկրկնելի լեզուն. եւ հիմա ինչ ընէ լեզուն, երբ իր իսկական տէրերը զինք կը խառնեն այլ լեզուներու, կը ծանծաղեցնեն զինք, չեն սորվիր ի՞նչ ընէ հասկցնելու, որ իրենցը միայն լեզու չէ, չէ միայն հանդերձանք, չէ միայն հաղորդակցութեան միջոց, այլ յենարան է գոյութեան»:
Ապա Մ. Պչագճեան ընթերցեց իր բանաստեղծութիւններէն «Ես Եւ Դուն»ը որմէ կը ներկայացնենք քառեակ մը.
Հապա դու՞ն, հապա ե՞ս,
Ես որ տեսնուածը չեմ, դուն որ կարծուածը չես,
Ի՞նչ պիտի ընենք մենք իրարու հետ գործնականապէս,
Ի՞նչ, երբ չե՛ս կարծուածը դուն, երբ չեմ տեսնուածը ես:
Շնորհահանդէսին փակումը կատարուեցաւ հայր Վաղինակ Մելոյեանի գնահատական խօսքերով ու պահպանիչով: Ապա հիւրասիրութեան ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու ու զրուցելու գրագէտ-մտաւորական Մովսէս Պչագճեանի հետ, որ նաեւ առիթը ունեցաւ մակագրելու իր գիրքերը:
Barzabss………………….lalik e
Barzabss………………….lalik e
tragedie!!!!