ԹՈՒՐՔԻԱ, «Փանորամա».- Ըստ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Վեճտի Կէօնիւլի յայտարարութեան, Եւրոպական միութեան անդամակցութեան Թուրքիոյ գործընթացի ծիրին մէջ, կարեւոր է, որ իրենց երկիրը ներգրաւուի Եւրոպայի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան մէջ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը յիշեցուցած է, որ մինչեւ հիմա, ռազմա-արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ, Թուրքիա համագործակցած է 40, եւ զինուորական կրթութեան ասպարէզին մէջ՝ 44 երկիրներու հետ, իսկ 53 երկիրներու հետ ստորագրած է շրջանային համաձայնագիր:
«Ծրագրած ենք Սուրիոյ սահմանին վրայ կառուցել 18 ուղեկալային մասնաշէնք, Իրան-Իրաք սահմանին վրայ՝ 17 եւ Հայաստանի սահմանին վրայ 11։ Անոնցմէ 11ին շինարարութիւնը եւ 7ին ստորգետնեայ աշխատանքները ընթացքի մէջ են», տեղեկացուցած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը եւ աւելցուցած, որ բոլոր աշխատանքները պէտք է աւարտին մինչեւ յաջորդ տարեվերջ։