ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Փանորամա».- ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին (ԱԽ) կողմէ «քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութիւնը զինուած հակամարտութիւններու մէջ» թեմային առաջին անգամ անդրադառնալու տասնամեակին առիթով՝ Նոյեմբեր 11ին ԱԽ իրականացուցած է քննարկումներ, որուն ընթացքին ելոյթներ ունեցած են ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունը, Մարդասիրական հարցերով գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Ճոն Հոլմսը, ԱԽ բոլոր տասնհինգ անդամները: Մինչեւ ուշ երեկոյ շարունակուած քննարկումներուն մասնակցած եւ ելոյթ ունեցած են նաեւ ՄԱԿի քառասունեօթ անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչները։
Բոլոր ելոյթ ունեցողները կարեւոր նկատած են զինուած հակամարտութիւններուն մէջ քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան խնդիրը եւ այդ ուղղութեամբ ՄԱԿի եւ Անվտանգութեան խորհուրդին դերը: Քննարկումներուն խօսք առնելով՝ Ատրպէյճանի դեսպան Մեհտիէեւը ներկայացուցած է Խոճալուի դէպքերուն մասին ատրպէյճանական մեկնաբանութիւնը, որուն յաջորդած է ՄԱԿի մէջ ՀՀ դեսպան Կարէն Նազարեանին ելոյթը։ Վերջինս նշած է, որ քննարկումներուն իր մասնակցութիւնը պայմանաւորուած է յատկապէս ԼՂ հակամարտութեան նախորդած շրջանին՝ Ատրպէյճանի կողմէ հայերուն հանդէպ ծրագրաւորած ցեղային զտումները եւ սպաննութիւնները ի յայտ բերելու անհրաժեշտութեամբ:
Դեսպան Նազարեանը հակադարձած է Խոճալուի մասին ատրպեճանական կողմին յայտարարութիւնը, նշելով, որ այդ տարիներու Ատրպէյճանի նախագահ Մութալիպովի անձնական վկայութեամբ, Խոճալուն կազմակերպած էր ատրպեճանական ընդդիմութիւնը՝ նպատակ ունենալով իր իսկ բնակչութեան սպաննութեան ողջ ծանրութիւնը բեռցնել Պաքուի իշխանութիւններուն վրայ եւ յեղաշրջում կազմակերպել:
Հայաստանի դեսպանը մեղադրած է Ատրպէյճանը՝ մարդու իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարման հարցով եւ նշած, որ ԼՂ հիմնախնդիրը զինուած հակամարտութեան ճանապարհով լուծելու Պաքուի արկածախնդրութիւնը յանգեցուցած է անկանխատեսելի ու ծանր հետեւանքներու, եւ միայն Հայաստանի միջամտութեամբ հնարաւոր եղած է կասեցնել իրենց հայրենիքի մէջ արցախահայերուն բնաջնջումը։
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 9ին ՄԱԿի կտտանքներուն դէմ պայքարի կոմիտէի 43րդ նստաշրջանին՝ Ատրպէյճանը նոյնպէս յայտնուած էր վատ դրութեան մէջ՝ երբ քննարկումներ սկսած էին՝ Ատրպէյճանի մէջ խոշտանգումներու եւ մարդու իրաւունքներու այլ ոտնահարումներու հետ կապուած:
Ըստ ատրպեճանական «Ազադլիգ» թերթին, նստաշրջանի ընթացքին իր ունեցած ելոյթով՝ ատրպեճանական պատուիրակութեան ղեկավար, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը յայտարարած էր, որ ատրպեճանական կառավարութիւնը «դրական քայլեր կատարած է խոշտանգումները եւ այլ անմարդկային վերաբերմունքն ու պատժի ձեւերը վերացնելու ուղղութեամբ»: Անոր ելոյթէն յետոյ՝ կոմիտէի անդամները հարցերու տարափ ուղղած էին ատրպեճանական պատուիրակութեան անդամներուն՝ պահանջելով յստակ բացատրութիւններ տալ «մոնիթըր» ամսագրի սպաննուած գլխաւոր խմբագիր Էլմար Հուսէյնովի, Նովրուզալի Մամետովի, Ֆաինա Կունկուրովայի, Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու դատարանին կողմէ որպէս կտտանքներու ենթարկուած անձինք ճանչցուած Սարտար Ճալալօղլուի, Մահիրա Մուրատովայի գործերու եւ այլ դէպքերու վերաբերեալ: