ՊԵՐԼԻՆ.- «Գերմանիոյ ձայնը» ձայնասփիւռի կայանը Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11ին հաղորդեց, թէ Շուէտի Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութիւնը իր համագումարի ընթացքին վաւերացուցած է այն բանաձեւը, որ կը շեշտէ, թէ հայերու եւ ասորիներու դէմ ցեղասպանութիւն գործադրուած է Թուրքիոյ իշխանութեանց կողմէ։
Կուսակցութիւնը Շուէտի խորհրդարանին մէջ ամենէն մեծ երեսփոխանական խմբակը ունի, եւ համախոհական կառավարութիւն մը կազմած է աջակողմեան կուսակցութիւններու հետ:
Հայկական ու ասորական համայնքներուն ջանքերով, կուսակցութիւնը երկու ցեղասպանութիւններուն մասին այս որոշումը վաւերացուց, հակառակ այն իրողութեան, որ Շուէտի մէջ գործող թրքական հաստատութիւնները բողոքի հեռագիրներ ու նամակներ տեղացուցած էին կուսակցութեան ղեկավարութեան վրայ։ Թրքական միութիւնները յայտարարած են, թէ ասկէ ետք պիտի չքուէարկեն Շուէտի Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ի նպաստ:
Յիշեալ կուսակցութեան կողմէ վաւերացուած որոշումը պարտաւորիչ հանգամանք ունի, եւ անիկա ասկէ ետք պարտաւոր է ցեղասպանութեան մասին միջազգային համագումարներ կազմակերպել ու հարցը դնել Եւրոմիութեան կամ ՄԱԿի օրակարգերուն վրայ։
Հաւանական է, որ մօտ օրէն երկու ցեղասպանութիւններու մասին բանաձեւ մը յղուի Շուէտի խորհրդարանին, ինչպէս կը յղուի ամէն տարի։ Անցեալ տարուան բանաձեւը մերժուած էր։